Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց. «Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը համակարգող դեսպան Նէյթըն Սէյլզ պիտի ուղղուի Իսրայէլ` գլխաւորելու համար այսօր Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խմբակի տարեկան միացեալ ժողովին մասնակից ամերիկեան պատուիրակութիւնը»:
«Այս երկխօսութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ամէնէն երկարատեւ ռազմավարական երկխօսութիւնն է, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի դիմագրաւած հասարակաց սպառնալիքները, ընդ որում` Իրանի եւ Հըզպալլայի կողմէ, ինչպէս նաեւ այդ վճռորոշ ոլորտներուն մէջ գործակցութեան ամրապնդման ռազմավարութիւններ պիտի ճշդուին», նշեց նախարարութիւնը: