Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Նոթր Տամ Տաճարին Մէջ Մեծ Հրդեհ

April 16, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի Նոթր Տամ տաճարին մէջ մեծ հրդեհ մը ծագեցաւ: Իշխանութիւնները կ’ենթադրեն, որ հրդեհը առնչուած է 850-ամեայ տաճարին մէջ տարուող վերանորոգման աշխատանքներուն:

Փարիզի Աստուածամօր տաճարը կառուցուած է 12¬րդ դարուն: Անիկա տարեկան աշխարհի տարբեր վայրերէն միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներու այցելութեան վայրն է:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հրդեհին պատճառով ջնջած է ժողովուրդին ուղղուած ուղերձը, որ կը նախատեսուէր երէկ երեկոյեան: Ան «Թուիթըր»¬ի վրայ գրեց.«Ինչպէս մեր բոլոր հայրենակիցները, ես մեծ տխրութեամբ կը տեսնեմ, թէ ինչպէ՛ս մեր մէկ մասնիկը կ’այրի»:

Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ «Թուիթըր»¬ի վրայ հրդեհը սարսափելի որակեց եւ քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց անվտանգութեան նկատառումներով չանցնելու հրշէջներու տեղակայած պատնէշներէն միւս կողմ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նոյնպէս արձագանգեց դէպքին` առաջարկելով հրդեհի մարման համար «թռչող ջրաշիթ մեքենաներ» օգտագործել եւ կոչ ուղղելով արագ գործելու:

Աւելի ուշ, Նոթր Տամ տաճարի պատմական աշտարակը հրդեհին պատճառով ամբողջութեամբ փուլ եկաւ: «Ամէն ինչ կը փլի», ըսած է դէպքին վայրը գտնուող ոստիկաններէն մէկը:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ¬ն պատրաստակամութիւն յայտնեց տաճարին վերակառուցման օժանդակելու:

Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Խալետ պըն Ահմետ պըն Մոհամետ Ալ Խալիֆա ընկերային ցանցերու վրայ գրեց. «Այս օրը տխուր օր մըն է Փարիզի յիշողութեան մէջ: Նոթր Տամը կը հրկիզուի, Աստուծմէ կը խնդրենք զայն պահպանէ, եւ մեր սիրտը բարեկամ ֆրանսացի ժողովուրդին հետ է»:

Լոնտոնի քաղաքապետ Սատեք Խան իր կարգին ըսաւ. «Ցաւով կը կանգնինք Նոթր Տամ տաճարի աղէտին գծով Փարիզի կողքին»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ Նոթր Տամ տաճարի հրդեհը մեր սիրտը խոցեց»:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել իր կարգին ըսաւ. «Նոթր Տամ տաճարը Ֆրանսայի խորհրդանիշ մըն է եւ մեր եւրոպական մշակոյթին մէկ մասը»:

Արձագանգելով հրդեհի դէպքին` Վատիկան յայտնեց, թէ շատ տխուր է ի տես Նոթր Տամի տաճարի աղէտին:

Աւելի ուշ դէպքի վայր ներկայացաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնը, որմէ մօտաւորապէս 1 ժամ ետք հրշէջ ծառայութեան վարչութեան պատասխանատուներէն մէկը յայտարարած է, թէ կարելի եղած է փրկել տաճարին հիմնական կառուցուածքը:

 

Նախորդը

Մոսկուայի Մէջ Մնացականեան- Լաւրով-Մամետեարով Հանդիպում

Յաջորդը

Խմբագրական. Ցեղասպանութիւն Ընդդէմ Ցեղասպանութեան. Անգարայի Պատմութիւնը Վերաշարադրելու Փորձը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.