Պիելոռուսիան եւ Ղազախստանը կը մերժեն «Խրիմի մէջ պատրաստուած է» մակնիշով ապրանքներ գնել` այդ քայլը բացատրելով ստեղծուած աշխարհաքաղաքական կացութեամբ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է Ռուսիոյ Առեւտրաարդիւնաբերական պալատի ղեկավար Սերկէյ Քաթիրին:
«Ապրանք արտադրող խրիմցիները շուկաներ դուրս գալու խնդիր ունին: Անկայուն քաղաքական կացութեան պայմաններուն մէջ, բազմաթիւ վայրերու մէջ զգուշութեամբ կը վերաբերին «Խրիմի մէջ պատրաստուած է» մակնիշով արտադրութեան ներածման, մասնաւորաբար Պիելոռուսիան եւ Ղազախստանը կը մերժեն այդպիսի ապրանքներ գնել», ըսած է ան: