Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտնեց, որ իր երկիրը կը մերժէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իսլամ եղբայրներուն ահաբեկչական կազմակերպութեան որակում տալը:
Յիշեցնենք, որ Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սանտըրզ յայտարարած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուին Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութիւնը ներառելու ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին վրայ:
Զարիֆ Քաթարի մէջ Ասիական գործակցութեան համախմբումի ժողովի ծիրին մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ ուրիշները ահաբեկչական կառոյց յայտարարելու իրավիճակին մէջ չեն: Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին շրջանի մեծագոյն ահաբեկիչին` Իսրայէլին»:
Ան յայտնեց, որ ներկայիս կարեւոր է ուշադրութիւն դարձնել ամերիկեան վարչակազմի ինքնագլուխութեան վրայ: «Ուժի մը կամքը մնացեալ ժողովուրդներուն պարտադրելը բոլորին համար գոյութենական վտանգի համազօր կը նկատուի», ըսաւ ան:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք չէ Իրանի դէմ պատժամիջոցները երկարաձգեն:
Ան յայտնեց, որ իրանեան քարիւղի ներածման համար տրուած յատուկ արտօնութիւններու ջնջումը վնաս պիտի պատճառէ իրանեան քարիւղէն կախեալ երկիրներուն:
Նշենք, որ Իրանէն քարիւղ ներածելու համար 8 երկիրներու տրուած ամերիկեան յատուկ արտօնութեան ջնջման որոշումը երէկ մտաւ ուժի մէջ: