Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու Բանակին Հրամայեց Կազայի Դէմ Յարձակումները Աշխուժացնել

May 6, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Կազայէն Իսրայէլի դէմ աւելի քան 650 հրթիռներ արձակուած են:

Երէկ Կազայի դէմ շաբաթ օր ընթացք առած իսրայէլեան ռմբակոծումները շարունակուեցան: Պաղեստինեան իշխանութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Կազայի դէմ իսրայէլեան վերջին ռմբակոծումները պատճառած են 17 զոհեր եւ 80 վիրաւորներ: Պաղեստինեան դիմադրութեան հակադարձութեան պատճառով իսրայէլեան բնակեցման վայրերուն մէջ ինկաւ զոհ մը եւ արձանագրուեցան շուրջ 24 վիրաւորներ:

Սարայա Քուտսի մէկ բարձրաստիճան հրամանատարը յայտնեց, որ դիմադրութիւնը քանդումի մեծ ուժ ունեցող շարք մը հրթիռներով հարուածած է բռնագրաւուած հողերը` նշելով, որ յառաջիկայ օրերուն Աշքելոնի մէջ թէ այլուր պաղեստինեան ռմբակոծման հետեւանքները պիտի բացայայտուին:

Իսրայէլեան բանակին համաձայն, Իսրայէլ ահաբեկած է Համետ Ահմետ Խուտարին, որ պատասխանատու էր Իրանի կողմէ տրամադրուած գումարները Համասին փոխանցելու պարտականութեան: Բանակը նաեւ յայտնեց, որ քանդած է Կազայի մէջ Համասի ներքին ապահովութեան կառոյցը:

Նախորդը

Աքթայ. «Թուրքիան Պիտի Չհանդուրժէ «Էս-400»-ներու Հարցով Ամերիկեան Որեւէ Պատժամիջոց»

Յաջորդը

Խմբագրական. Մայիս 6-ի Վերականգնումը Կը Շրջէ Անգարայի Ճշդած Խաղի Կանոնները

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.