«Ռոսթեխ»-ի ղեկավար Սերկէյ Չեմեզով յայտարարած է, թէ Ռուսիան պիտի ողջունէ ռուսական «Էս-500» հակաօդային համակարգի մշակումներու նախագիծին Թուրքիոյ մասնակցութեան ցանկութիւնը: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած է «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին:
«Մեր երկիրները անհրաժեշտ իրաւասութիւն ունին տուեալ ոլորտին մէջ ճարտարագիտական համագործակցութեան զարգացման համար», նշած է Չեմեզով: