Միջազգային

Իր Երկրի Ծերակոյտին Առջեւ Օր Ցերեկով  Զինեալ Յարձակումի Ենթարկուած  Արժանթինցի Երեսփոխանը Մահացաւ

Իր Երկրի Ծերակոյտին Առջեւ Օր Ցերեկով Զինեալ Յարձակումի Ենթարկուած Արժանթինցի Երեսփոխանը Մահացաւ

Արժանթինցի 61 տարեկան երեսփոխան Հեքթոր Օլիվարես, որ անցեալ շաբաթ օր ցերեկով Արժանթինի Ծերակոյտի շէնքին առջեւ զինեալ յարձակումի ենթարկուած էր, երէկ իր ստացած ծանր վէրքերուն պատճառով մահացաւ: Յարձակումին հարցով կալանաւորուած են 6 անձեր, որոնցմէ երկուքը կալանաւորուեցան ուրբաթ օր` յարձակումէն մէկ օր ետք: Յարձակումին ընթացքին սպաննուած էր պետական պաշտօնեայ Մարսելօ Եատոնը, որ Օլիվարեսի հետ կը քալէր: Արժանթինեան իշխանութիւնները յայտնեցին, որ իրենց կարծիքով`...

Իսրայէլի Արդարադատութեան  Նախարարը Կը Յայտարարէ.  «Հիւսիսային Ափրիկէի Արաբական Երկիրներու  Ժողովուրդները Արժանի Են Մահուան,  Ջանք Կը Թափենք, Որ Անոնցմէ Ոչ Մէկը Ողջ Մնայ»

Իսրայէլի Արդարադատութեան Նախարարը Կը Յայտարարէ. «Հիւսիսային Ափրիկէի Արաբական Երկիրներու Ժողովուրդները Արժանի Են Մահուան, Ջանք Կը Թափենք, Որ Անոնցմէ Ոչ Մէկը Ողջ Մնայ»

Իսրայէլի արդարադատութեան նախարար Իլիթ Շաքիտ բուռն յարձակում գործեց հիւսիսային Ափրիկէի արաբական երկիրներուն դէմ եւ բացայայտեց այդ երկիրներուն ժողովուրդները բնաջնջելու իսրայէլեան իշխանութեան ձգտումները: «Այդ երկիրներուն ժողովուրդները բոլորն ալ մահուան արժանի են», յայտարարեց ան` աւելցնելով. «Մենք մեր կարելին կ՛ընենք հիւսիսային Ափրիկէի արաբական երկիրներուն ժողովուրդները բնաջնջելու, որպէսզի անոնցմէ ոչ ոք երկրի վրայ կենդանի մնայ, որովհետեւ անոնք կ՛ատեն իսրայէլացիները»:  

«Եթէ Ամերիկան Մեզի Դէմ Քայլի Դիմէ,  Ապա Գլուխէն Պիտի Հարուածենք»  Կ՛ըսէ Զօր. Սալամի

«Եթէ Ամերիկան Մեզի Դէմ Քայլի Դիմէ, Ապա Գլուխէն Պիտի Հարուածենք» Կ՛ըսէ Զօր. Սալամի

Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Հիւսէյն Սալամի շեշտեց. «Եթէ Միացեալ Նահանգներ քայլի դիմեն, զանոնք գլուխէն պիտի հարուածենք»: Ան իրանեան խորհրդարանին մէջ դռնփակ լսումի մը ընթացքին յայտնեց. «Ծոցին մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը միշտ ալ վտանգաւոր սպառնալիք եղած է, իսկ այժմ վերածուած է առիթի»: «Ամերիկայի կողմէ Իրանի դէմ պատերազմի շղթայազերծումը անկարելի է», ըսաւ ան: Իրանի խորհրդարանը երէկ դռնփակ նիստ մը գումարեց` քննարկելու...

Սուրիական Բանակը Ռմբակոծեց Իտլիպի  Հարաւ- Արեւմուտքը Գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի  Կեդրոնատեղին Եւ Համայի Մէջ Գիւղեր Ազատագրեց

Սուրիական Բանակը Ռմբակոծեց Իտլիպի Հարաւ- Արեւմուտքը Գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի Կեդրոնատեղին Եւ Համայի Մէջ Գիւղեր Ազատագրեց

«Մայատին» հաղորդեց, որ սուրիական բանակը երէկ առաւօտեան ռմբակոծած է Ժըսր Շուղուրի արեւմուտքը գտնուող Պտամա գիւղին մէջ Ժապհաթ Նուսրայի շարք մը կեդրոններ: Բանակի հրետանին ռմբակոծած է նաեւ Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ Հաս, Հայշ եւ Քաֆար Սաժնէ գիւղերուն մէջ գտնուող զինեալներուն դիրքերը: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ սուրիական բանակը քանդած է Ժապհաթ Նուսրայի կեդրոններ եւ պատճառած զոհեր ու վիրաւորներ:...

Պուլկարիոյ Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը  Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Պուլկարիոյ Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Պուլկարիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանը կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն` երկրին մէջ թրքերէնի ուսուցումը ապահովելու անհրաժեշտութեան մասին անոր կատարած յայտարարութեան համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Քորրեսփոնտենթ»-ը` մէջբերելով Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը: «Փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Եքաթերինա Զախարիեւայի յանձնարարութեամբ` Պուլկարիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանը երկուշաբթի օր կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, որպէսզի բացատրութիւն տայ իր խօսքերուն համար, որոնց մէջ պուլկարական պետութեան...

Նեթանիահու Կոլանի Բարձունքներուն Վրայ  Թրամփի Ի Պատիւ Կառուցուելիք  Բնակեցման Վայրին Տեղը Ընտրած Է

Նեթանիահու Կոլանի Բարձունքներուն Վրայ Թրամփի Ի Պատիւ Կառուցուելիք Բնակեցման Վայրին Տեղը Ընտրած Է

Իսրայէլի իշխանութիւնները Կոլանի բարձունքներուն վրայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ի պատիւ կառուցուելիք բնակեցման վայրին համար համապատասխան տեղ ընտրած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը` յղում կատարելով երկրի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին: Նեթանիահու այս քայլով կ՛ուզէ շնորհակալութիւն յայտնել Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ բռնագրաւեալ Կոլանի բարձունքները ճանչցած էր Իսրայէլի պետութեան մաս: Նեթանիահու յայտնած է, որ Թրամփի անունը կրող նոր...

Բրիտանիան Պիտի Մասնակցի  Եւրոպական Ընտրութիւններուն

Բրիտանիան Պիտի Մասնակցի Եւրոպական Ընտրութիւններուն

Բրիտանիան պիտի մասնակցի Եւրոպական խորհրդարանական ընտրութիւններուն` հակառակ կառավարութեան «Պրեքզիթ»-ի գործարքին յոյսեր կապելուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն` վկայակոչելով երկրի վարչապետի տեղակալ Տէյվիտ Լիտինկթընը: Քուէարկութիւնը նախատեսուած է 23 մայիսին, սակայն վարչապետ Թերեզա Մէյ ըսած է, թէ Բրիտանիան հաւանաբար չմասնակցի ընտրութիւններուն, եթէ երեսփոխանները նախ համաձայնին «Պրեքզիթ»-ին: Այժմ Տէյվիտ Լիտինկթըն կ՛ըսէ. «Ցաւալի է, որ կարելի պիտի չըլլայ աւարտել «Պրեքզիթ»-ի հոլովոյթը, իսկ մինչ այդ...

Պրազիլական Դաշնակցային Դատարանը  Հրամայեց Ազատ Արձակել Թուրքիոյ Կողմէ  Ահաբեկչութեամբ Ամբաստանուած Գործարար Մը

Պրազիլական Դաշնակցային Դատարանը Հրամայեց Ազատ Արձակել Թուրքիոյ Կողմէ Ահաբեկչութեամբ Ամբաստանուած Գործարար Մը

Պրազիլի Դաշնակցային բարձրագոյն դատարանը հրամայեց ազատ արձակել թուրք գործարար Ալի Սիփահին, որ Սան Փաուլոյի մէջ ունի ճաշարան մը եւ 12 տարիէ ի վեր հաստատուած է Պրազիլի մէջ: Թրքական իշխանութիւնները 31 տարեկան գործարարը կ՛ամբաստանեն 2016-ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ ձախողած յեղաշրջման փորձին մեղսակցութեամբ: Սիփահի թրքական եւ պրազիլեան հպատակութիւն ունի: Ան կալանաւորուած էր ապրիլին: Թուրք գործարարի փաստաբան Թէօ Տիաս ԱՖՓ...

Թուրքիա Ռուսիայէն Կը Խնդրէ Դադրեցնել  Իտլիպի Դէմ Օդային Հարուածները

Թուրքիա Ռուսիայէն Կը Խնդրէ Դադրեցնել Իտլիպի Դէմ Օդային Հարուածները

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու, Թուրքիա հինգշաբթի օր Ռուսիայէն խնդրած է դադրեցնել Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին դէմ օդային հարուածները: Աղբիւրները, որոնք լրատուամիջոցներու հետ խօսելու սահմանափակումներու պատճառով նախընտրած են անանուն մնալ, «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովին կոչ ուղղած է դադրեցնելու ռմբակոծումները: Թրքական կողմի խնդրանքէն ետք...

Ամերիկեան «Պի-52 Սթրաթոֆորթրես» Ռմբաձիգը  «Իրանի Զսպման» Նպատակով Հասած Է Քաթար

Ամերիկեան «Պի-52 Սթրաթոֆորթրես» Ռմբաձիգը «Իրանի Զսպման» Նպատակով Հասած Է Քաթար

Ամերիկեան օդուժի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտնած է, որ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան շահերու պաշտպանութեան նպատակով շրջանին մէջ ռմբաձիգներու խումբի տեղակայման ծիրին մէջ Քաթարի մէջ ռազմակայան հասած է «Պի-52 Սթրաթոֆորթրես» ռմբաձիգը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Պի-52 Սթրաթոֆորթրես» ռմբաձիգը, որ մեկնած էր Լոս Անճելըսի «Պարքստէյլ» ռազմակայանէն, «Ուտէյտ» ռազմակայան հասած է 9 մայիս 2019-ին», կ՛ըսուի հրամանատարութեան պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած...

«Եթէ Էրտողան Պոլիսը Կորսնցնէ,  Աստիճանաբար Պիտի Կորսնցնէ Թուրքիան»  Կ՛ըսէ Տողան

«Եթէ Էրտողան Պոլիսը Կորսնցնէ, Աստիճանաբար Պիտի Կորսնցնէ Թուրքիան» Կ՛ըսէ Տողան

Վերջերս Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Շիշլի նահանգային խորհուրդին մէջ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն ընտրուած անդամ Սելինա Տողան «Թերթ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը անվաւեր ճանչցաւ միայն Պոլսոյ ընտրութիւններու արդիւնքները, սակայն ոչ Պոլսոյ նահանգի ընտրութիւնները»: Անոր համաձայն, իրենց համար հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ իշխող ուժը ուզած է ջնջել ինքնին Պոլսոյ ընտրութիւններուն արդիւնքները: «Անոնք Պոլսոյ...

Իմամօղլու Կը Մերժէ Ընդունիլ Պոլսոյ Մէջ  Նոր Ընտրութիւններ Կատարելու Որոշումը

Իմամօղլու Կը Մերժէ Ընդունիլ Պոլսոյ Մէջ Նոր Ընտրութիւններ Կատարելու Որոշումը

Պոլսոյ քաղաքապետի ընտրութեան յաղթանակ արձանագրած ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլու մերժած է ընդունիլ Թուրքիոյ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի` քաղաքապետի ընտրութիւնը ջնջելու եւ նոր ընտրութիւն կատարելու մասին որոշումը: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը տեղեկացնեն թրքական լրատուամիջոցները: Իմամօղլու յայտնած է, որ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի որոշումը իրեն համար որեւէ իրաւական հիմք չունի: «Ես ինքզինքս Պոլսոյ քաղաքապետ կը նկատեմ», ըսած է...

«Ոչ Մէկ Պատժամիջոց  Պիտի Կանգնեցնէ Թուրքիան»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Ոչ Մէկ Պատժամիջոց Պիտի Կանգնեցնէ Թուրքիան» Կ՛ըսէ Էրտողան

Ոչ մէկ պատժամիջոց կամ ատոր վերաբերող ոչ մէկ սպառնալիք պիտի կանգնեցնէ Թուրքիան, այս մասին յայտարարած է երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` «Անգարայի մէջ Լաւագոյնները» մրցանակի յանձնումի հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Քանի տակաւին մենք վստահ ենք մեր ուժերուն, ո՛չ մէկ պատժամիջոց կամ ատոր առնչուած ո՛չ մէկ սպառնալիք, ո՛չ մէկ յաւելեալ մաքսատուրք, արտածման եւ ներածման ո՛չ...

Եւրոպական Միութեան Ղեկավարները  Կը Մերժեն Եւ «Վերջնագիր»  Կ՛որակեն Իրանի Կեցուածքը

Եւրոպական Միութեան Ղեկավարները Կը Մերժեն Եւ «Վերջնագիր» Կ՛որակեն Իրանի Կեցուածքը

Եւրոպական Միութիւնը եւ անդամ երեք պետութիւններու ղեկավարները մերժած են հիւլէական համաձայնագիրի որոշ կէտերը սառեցնելու վերաբերեալ Իրանի կեցուածքը եւ զայն «վերջնագիր» որակած: Միաժամանակ, Եւրոպական Միութեան ղեկավարները ափսոսանք յայտնած են Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու Միացեալ Նահանգներու որոշումին համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները Ռումանիոյ...

Սուրիական Բանակը Մուտք Գործեց  Մատիք Գիւղ Եւ Անոր Պատմական Բերդը

Սուրիական Բանակը Մուտք Գործեց Մատիք Գիւղ Եւ Անոր Պատմական Բերդը

Սուրիական բանակը երէկ առաւօտեան զինեալ խմբաւորումներուն հետ բուռն բախումներէ ետք մուտք գործեց Համայի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Մատիք գիւղ եւ անոր պատմական բերդը, ապա շարունակեց յառաջանալ դէպի Իտլիպի հարաւը գտնուող Ժապալ Զաուիայի գիւղերուն սահմանակից Ժապալ Շահիհօ գիւղերուն ուղղութեամբ: Գիւղին բերդը ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ կը գտնուի բարձր բլուրի մը վրայ եւ բոլոր կողմերով շրջապատուած է դաշտերով, այդպիսով կ՛արգելակուի Ժապալ Շահիհոյի գիւղերուն...

Անգարա Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղէ`  Յարգելու Պոլսոյ Մէջ  Ընտրութիւնը Կրկնելու Որոշումը

Անգարա Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղէ` Յարգելու Պոլսոյ Մէջ Ընտրութիւնը Կրկնելու Որոշումը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ երէկ Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց «յարգելու» երկրին Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի Պոլսոյ մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմինի ընտրութիւնը կրկնելու որոշումը: «Բոլորը պէտք է յարգեն որոշումը Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին, որ մեր սահմանադրութեան հիմամբ լիազօրուած է քննելու եւ հսկելու ընտրութիւններուն, եւ որուն անդամները ընտրուած են արդարադատական բարձր մարմիններէն», ըսաւ Աքսոյ գրաւոր յայտարարութեան մը մէջ: Ան աւելցուց, որ...

Փեսքով Չի Բացառեր  Փութին-Փոմփէօ Հանդիպումը

Փեսքով Չի Բացառեր Փութին-Փոմփէօ Հանդիպումը

Քրեմլին չի բացառեր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդիպում ունենայ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ, երբ վերջինս 13-14 մայիսին այցելէ Սոչի: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Մենք չենք բացառեր: Բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան Փոմփէոյի եւ Լաւրովի միջեւ», ըսած է Փեսքով: Նախապէս հաղորդուած էր, թէ 14 մայիսին Սոչիի մէջ...

Թեհրան Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրին  Մաս Կազմող Պետութիւններուն Իրենց  Յանձնառութիւնները Կատարելու  60 Օրուան Պայմանաժամ Մը Ճշդեց

Թեհրան Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրին Մաս Կազմող Պետութիւններուն Իրենց Յանձնառութիւնները Կատարելու 60 Օրուան Պայմանաժամ Մը Ճշդեց

Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդը յայտարարեց, որ Իրան-Վեցեակ համաձայնութեան մաս կազմող երկիրները 60 օրուան պայմանաժամ մը ունին կատարելու այդ համաձայնութեամբ իրենց ստանձնած յանձնառութիւնները: Խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ երէկուընէ կը սկսի 2015-ին կնքուած համաձայնութեան ծիրին մէջ երկրին ստանձնած կարգ մը յանձնառութիւններու կատարումը առկախելը` նշելով, որ ներկայիս, եւ մինչեւ 60 օր, պիտի չյարգէ իւրանիոմի հարստացման ճշդուած համեմատութիւնը եւ ծանր ջուրի...

Անգարա Կը Քննադատէ Փարիզի, Պրիւքսելի  Եւ Ուաշինկթընի Յայտարարութիւնները

Անգարա Կը Քննադատէ Փարիզի, Պրիւքսելի Եւ Ուաշինկթընի Յայտարարութիւնները

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Կիպրոսի արեւմտեան ջուրերուն մէջ Թուրքիոյ կողմէ կազի եւ քարիւղի որոնման աշխատանքներուն վերաբերեալ Ֆրանսայի, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի քննադատութիւններուն վերաբերեալ յայտարարութիւն հրապարակած է` նշելով, որ Անգարա չ՛ընդունիր Թուրքիոյ` սեփական տարածքին մէջ կատարած այդ աշխատանքներուն վերաբերեալ քննադատութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Թուրքիան նաեւ դատապարտած է Միացեալ Նահանգներու քննադատութիւնը` Կիպրոսի...

«Իրան Կը Ջանայ Վենեզուելայի Մէջ Ահաբեկիչներուն  Ապահով Զօրակայան Մը Ստեղծել,  Իսկ Հըզպալլան Կ՛Ընդլայնէ Իր Վտանգաւոր Ցանցը»  Կ՛ըսէ Փենս

«Իրան Կը Ջանայ Վենեզուելայի Մէջ Ահաբեկիչներուն Ապահով Զօրակայան Մը Ստեղծել, Իսկ Հըզպալլան Կ՛Ընդլայնէ Իր Վտանգաւոր Ցանցը» Կ՛ըսէ Փենս

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս Իրանը ամբաստանեց Վենեզուելայի մէջ ահաբեկիչներու համար ապահով զօրակայան մը ստեղծել ջանալու յանցանքով` Քարաքասի իշխանութիւնները նկատելով «արեւմտեան կիսագունդի վրայ խաղաղութեան մեծագոյն վտանգը»: Փենս Ուաշինկթընի մէջ Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու տարեկան միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Իրանեան վարչակազմը Վենեզուելայի մէջ փտած վարչակարգին հետ կը գործակցի ահաբեկիչներուն համար ապահով զօրակայան մը ստեղծելու համար, իսկ...

Page 533 of 884 1 … 532 533 534 … 884

Արխիւներ