Թուրքիոյ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը երկուշաբթի օր որոշեց Պոլսոյ քաղաքապետական ընտրութիւնը վերակատարել: Յանձնախումբը նշեց, որ որոշումը «տրուեցաւ յանձնախումբի անդամներուն մեծամասնութեամբ, եւ տեղի պիտի ունենայ 23 յունիսին»:
Լուրի հրապարակումէն ետք թրքական թղթոսկին տոլարին դիմաց աւելի քան 3 առ հարիւրի անկում կրեց, ինչ որ անցնող 7 ամսուան ընթացքին առաւելագոյնն էր:
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Պոլսոյ քաղաքապետի թեկնածու, նախկին վարչապետ եւ խորհրդարանի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ ողջունեց Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին որոշումը` նշելով, որ վճռած է «Պոլիս քաղաքի եւ անոր բնակչութեան ծառայել»:
Ան նշեց, որ «Թուրքիան օրէնքի երկիր է», եւ ինք կը յարգէ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի որոշումը` մաղթելով, որ «յանձնախումբին որոշումը Պոլիս քաղաքին բերէ ամենայն բարիք»:
Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան Պոլսոյ քաղաքապետի թեկնածու Աքրամ Իմամօղլու ընտրութեան մէջ իր արձանագրած յաղթանակը չեղեալ յայտարարելու Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի որոշումը նկատեց «դաւաճանութիւն»: Անոր կուսակցութիւնը իր կարգին այդ որոշումը նկատեց «բացայայտ բռնատիրութիւն»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Պոլսոյ մէջ քաղաքապետի ընտրութեան կրկնութիւնը չի հակասեր ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն:
Ըստ Էրտողանի, 31 մարտին տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքները կեղծուած են:
Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, թէ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը պարտաւոր է 23 յունիսին կատարել արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններ:
Եւրոպական Միութիւնը Կը Քննադատէ
«Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը քննադատած է Թուրքիոյ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի որոշումը:
Եւրոպական խորհրդարանի Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող Քաթի Փիրի թուիթըրեան իր էջին վրայ գրեց. «Էրտողան չ՛ընդունիր իր պարտութիւնը եւ ժողովուրդի կամքին դէմ կը կանգնի: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Պոլսոյ մէջ ընտրութիւնը կրկնելու համար ճնշում գործադրած է Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին վրայ: Ատիկա կը նշանակէ Թուրքիոյ մէջ ընտրութիւններու ճամբով իշխանութեան ժողովրդավարական փոփոխութեան վստահելիութեան վերջ»:
Եւրոպական յանձնաժողովի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Տանիէլ Հոլկթեն իր կարգին մէջբերած է յանձնաժողովի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտի խօսքը. «Արդար եւ ազատ ընտրութիւններու համար անհրաժեշտ պայմանները պէտք է հաստատուին ոչ թէ ընտրութիւններէն ետք, այլ ընտրութիւններէն առաջ: Որոշումը ընտրողներու վստահութեան ծանր հարուած հասցնելու հաւանականութիւն ունի»: