Միջազգային

Չինաստան Կը Զօրակցի Հիւլէական  Զէնքի Լիակատար Արգիլման Եւ Ոչնչացման

Չինաստան Կը Զօրակցի Հիւլէական Զէնքի Լիակատար Արգիլման Եւ Ոչնչացման

Չինաստան կողմնակից է ոչ մէկ պայմանի մէջ առաջինը հիւլէական զէնք չկիրարկելու քաղաքականութեան: Այս մասին նշուած է Չինաստանի Պետական խորհուրդի մամլոյ գործերու դիւանատան կողմէ հրապարակուած «Նոր դարաշրջանին մէջ Չինաստանի ազգային պաշտպանութեան սպիտակ գիրք»-ին մէջ: «Չինաստան միշտ ալ հետեւած է «որեւէ ժամանակ եւ որեւէ պայմանի տակ «առաջինը հիւլէական զէնք չկիրարկելու» քաղաքականութեան: Հանրապետութիւնը միշտ հետեւած է «հիւլէական զէնքի անվերապահօրէն չկիրարկման» քաղաքականութեան եւ այդ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Խոր Ցաւը  Կը Յայտնէ Փարիզի Տաճարի Հրդեհին Համար

Փարիզի Նոթր Տամ Տաճարի Վերակառուցման Համար Շուրջ 270 Միլիոն Եւրօ Հաւաքուած Է

Փարիզի մէջ ապրիլ 2019-ի մեծ հրդեհէն վնասուած Նոթր Տամ տաճարի վերակառուցման համար ֆրանսական չորս հիմնադրամներու կողմէ շուրջ 270 միլիոն եւրոյի նուիրատուութիւն հաւաքուած է: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ դրամահաւաքին մասնակցած են հազարաւոր նուիրատուներ` աւելի քան 150 երկիրներէ: 15 ապրիլին բռնկած հրդեհէն ետք ֆրանսական իշխանութիւնները յայտարարած էին դրամահաւաք, որուն գործով զբաղած են չորս կազմակերպութիւններ: «Ժառանգութեան հիմնադրամ» կազմակերպութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Լորանս...

Անգարայի Մէջ Պիելոռուսիոյ  Վիրաւորուած Դեսպանին Վիճակը Ծանր Է

Անգարայի Մէջ Պիելոռուսիոյ Վիրաւորուած Դեսպանին Վիճակը Ծանր Է

Անգարայի մէջ Պիելոռուսիոյ վիրաւորուած դեսպան Ալեքսանտր Փոկանշեւի վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր, ան անմիջական հսկողութեան բաժանմունքին մէջ է: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անաթոլի Կլազ: «Գիշերը դիւանագէտին վիրաբուժական գործողութեան ենթարկած են: Գործողութիւնը յաջող անցած է», աւելցուցած է ան: Դեսպանին դէմ զինեալ յարձակումը տեղի ունեցած է այգիի մը մէջ, ուր դեսպանը կը...

«Սուրիական Հողերուն Վրայ Ամերիկեան  Բանակի Ներկայութիւնը Ապօրինի Է»  Կ՛ըսէ Դամասկոս

Դամասկոս Կտրուկ Կերպով Կը Մերժէ Թուրք-Ամերիկեան Փոխհասկացողութիւնները

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնական աղբիւր մը դատապարտեց շարունակութիւնը Սուրիոյ մէջ ամերիկեան «քանդիչ միջամտութեան, որուն նպատակը տագնապը երկարաձգելն ու բարդացնելն է, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը ոտնահարելը»: Աղբիւրը նշեց. «Սուրիան կը վերահաստատէ իր կտրուկ մերժումը թուրք-ամերիկեան որեւէ ձեւի փոխհասկացողութեան, որ Սուրիոյ գերիշխանութեան, հողի եւ ժողովուրդի միութեան դէմ բացայայտ ոտնձգութիւն մը, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի ուխտի սկզբունքներուն...

«Եթէ Ուաշինկթըն Մեզի «Էֆ-35»-ներ Չմատակարարէ,  Թուրքիան Իր Կարիքներուն  Բաւարարման Համար Այլ Աղբիւրներ Պիտի Գտնէ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Եթէ Ուաշինկթըն Մեզի «Էֆ-35»-ներ Չմատակարարէ, Թուրքիան Իր Կարիքներուն Բաւարարման Համար Այլ Աղբիւրներ Պիտի Գտնէ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Անգարա Վճռած Է Ուաշինկթընի Հետ Բանակցութիւններէն Անկախ Քանդել «Ահաբեկչական Միջանցք»-ը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կուսակցութեան նահանգային կառոյցներու ղեկավարներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու կիրարկման` Թուրքիան ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչ-ռմբաձիգներու արտադրութենէն դուրս մղելու քայլին: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայնեթ» կայքը: «Մենք «Էֆ-35»-ներուն համար 1 միլիառ 400 միլիոն տոլար վճարած ենք: Մինչեւ այս պահը Միացեալ...

«Մենք Թուրքերուն Հասկցուցած Ենք,  Որ «Էս-400»-ի Տեղակայումը Անթոյլատրելի Է»  Կ՛ըսէ Փոմփէօ

«Մենք Թուրքերուն Հասկցուցած Ենք, Որ «Էս-400»-ի Տեղակայումը Անթոյլատրելի Է» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ նախազգուշացուցած են, որ անթոյլատրելի կը նկատեն ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու տեղակայումը, եւ որ Ուաշինկթըն կրնայ նոր պատժամիջոցներ հաստատել: Այս մասին «Պլումպըրկ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ: «Մենք թուրքերուն հասկցուցած ենք, որ «Էս-400»-ի տեղակայումը անթոյլատրելի է», յայտնած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը: Փոմփէօ նաեւ յիշեցուցած է, որ Անգարան հեռացուած է հինգերորդ...

Իրան Բրիտանական Քարիւղատար Նաւու  Անձնակազմէն 9 Հնդիկներ Ազատ Արձակեց

Իրան Բրիտանական Քարիւղատար Նաւու Անձնակազմէն 9 Հնդիկներ Ազատ Արձակեց

Հնդկաստանի կառավարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ իրանեան իշխանութիւնները արգելանքի տակ առնուած բրիտանական քարիւղատար նաւու անձնակազմէն 9 հնդիկներ ազատ արձակած են: Նախքան այդ, Բրիտանիոյ մէջ Իրանի դեսպան Համիտ Պայիտինեժատ յայտնեց, թէ իրանեան իշխանութիւնները Հնդկաստանի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչներուն արտօնած են այցելել արգելանքի տակ առնուած բրիտանական «Սթենա Իմփերօ» քարիւղատար նաւու անձնակազմին 18 անդամներուն: Դեսպանին համաձայն, Հնդկաստանի դեսպանատունը յայտնած է, որ անձնակազմին անդամները շատ հանգիստ են...

Թունուզի Նախագահը Մահացաւ

Թունուզի Նախագահը Մահացաւ

Երէկ կեանքէն հեռացաւ Թունուզի նախագահ Պեժի Քայիտ Սապսին: Ան 92 տարեկան էր: Մէկ օր առաջ ան առողջական վիճակի կտրուկ վատթարացման պատճառով տեղափոխուած էր հիւանդանոց: Սապսի Թունուզի նախագահի պաշտօնը ստանձնած էր 2014-ին: Երկրին մէջ 7 օր սուգ յայտարարուեցաւ:

Աքար. «Ամերիկեան Պատուիրակութեան  Ներկայացուցինք Մեր Առաջարկները  Եւ Անոնցմէ Կը Սպասենք Արագ Պատասխան»

Աքար. «Ամերիկեան Պատուիրակութեան Ներկայացուցինք Մեր Առաջարկները Եւ Անոնցմէ Կը Սպասենք Արագ Պատասխան»

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց, որ ամերիկեան զինուորական պատուիրակութեան հետ քննարկած է Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ հաւանական թիրախներու դէմ զինուորական գործողութիւնը` աւելցնելով.«Մեր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին ամերիկեան պատուիրակութեան ներկայացուցինք մեր առաջարկները եւ անոնցմէ կը սպասենք զանոնք սերտել ու կարելի եղածին չափ շուտ պատասխանել»: «Ամերիկեան պատուիրակութեան ներկայացուցինք մեր տեսակէտներն ու բոլոր առաջարկները եւ անոնցմէ կը սպասենք զանոնք սերտել ու...

Ուքրանիա Արգելանքի Տակ Առաւ  Ռուսական Քարիւղատար Նաւ Մը. Ռուսիա Կը Զգուշացնէ  Այդ Քայլին Հետեւանքներէն

Ուքրանիա Արգելանքի Տակ Առաւ Ռուսական Քարիւղատար Նաւ Մը. Ռուսիա Կը Զգուշացնէ Այդ Քայլին Հետեւանքներէն

Ուքրանիոյ Անվտանգութեան ծառայութիւնը արգելանքի տակ առած է ռուսական քարիւղատար նաւ մը, որ նոյեմբեր 2018-ին մասնակից եղած է Քերչի նեղուցին մէջ ուքրանական երեք նաւեր կալանքի տակ առնելու գործողութեան: «ՆԷՅՄԱ» քարիւղատար նաւը, ըստ ուքրանական աղբիւրի մը, փորձած է մուտք գործել Իզմայիլի նաւահանգիստ` «ՆԻՔԱ ՍՓԻՐԻԹ» անունով: Ուքրանիոյ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ Զինուորական դատախազութեան տուեալներով` քարիւղատար նաւը անուանափոխած են «ապօրինի, յարձակողական գործողութիւններուն մասնակցութիւնը թաքցնելու...

«Եւրոպական Միութենէն Դուրս Գալու  Շուրջ Համաձայնութիւնը Անընդունելի Է»  Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Նոր Վարչապետը

«Եւրոպական Միութենէն Դուրս Գալու Շուրջ Համաձայնութիւնը Անընդունելի Է» Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Նոր Վարչապետը

Բրիտանիոյ նոր վարչապետ Պորիս Ճոնսըն յայտարարեց, թէ իր նախորդին` Թերեզա Մէյին Պրիւքսելի հետ «Պրեքզիթ»-ի շուրջ կնքած համաձայնութիւնը «անընդունելի է»` աւելցնելով, որ առանց համաձայնութեան Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու համար պատրաստութիւնները «ծայրայեղ առաջնահերթութիւն» են: «Դուրս գալու համաձայնութիւնը երեք անգամ մերժուեցաւ, եւ անոր կէտերը երկրին խորհրդարանին համար անընդունելի են», ըսաւ Ճոնսըն: Ան կոչ ուղղեց ջնջելու «ապահովութեան ցանցի կէտը», որ կ՛արգիլէ Հիւսիսային Իրլանտայի եւ...

Տուման Վաւերացուցած Է Աբխազիոյ Հետ  Ռազմավարական Գործընկերութեան  Մասին Համաձայնագիրը

Տումայի Վաւերացուցած Արձանագրութիւններուն Համաձայն. ՀԱՊԿ-ին Անդամ Չեղող Պետութիւնները Պիտի Կարենան Դէտի Կարգավիճակ Ստանալ

Ռուսիոյ Տուման չորեքշաբթի օր վաւերացուցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան` ՀԱՊԿ-ի կանոնադրութիւնը փոխող Երկրորդ եւ Երրորդ արձանագրութիւնները, յաւելեալ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին նաեւ ՀԱՊԿ-ի իրաւական կարգավիճակի մասին համաձայնագիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Երկրորդ արձանագրութիւնը անցեալ տարուան 8 նոյեմբերին Ասթանայի մէջ ստորագրուած է Հայաստանի, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի եւ Տաճիկիստանի նախագահներուն կողմէ: Արձանագրութիւնը կ՛առաջարկէ, որ ՀԱՊԿ-ի կազմին մէջ...

Աւարտած Է «Էս-400»-ներու  Առաջին Խումբի Թուրքիոյ Մատակարարումը

Աւարտած Է «Էս-400»-ներու Առաջին Խումբի Թուրքիոյ Մատակարարումը

Աւարտած է Ռուսիայէն Թուրքիա «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու առաջին խումբի մատակարարումը: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, առաջին խումբի մատակարարման համար Թուրքիոյ մէջ էջք կատարած է 30 օդանաւ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ճումհուրիեթ» կայքը: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ «Էֆ-35» հալածիչներու ծրագիրէն դուրս մղումը միակողմանի ու անարդար որոշում է եւ ՕԹԱՆ-ի վրայ բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Միւս կողմէ, զինուորականներ...

Թրամփ Վեթոյի Ենթարկեց Սէուտական  Արաբիոյ Զէնքի Վաճառքը Արգիլող Բանաձեւերը

Թրամփ Վեթոյի Ենթարկեց Սէուտական Արաբիոյ Զէնքի Վաճառքը Արգիլող Բանաձեւերը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վեթոյի ենթարկած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի երեք բանաձեւեր, որոնք կ՛արգիլէին առանց օրէնսդիրներու հաւանութեան զէնք վաճառել արաբական կարգ մը երկիրներու: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»-ի ռուսական ծառայութիւնը: Այդ երկիրներու շարքին էին Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Յորդանանը: Ըստ Թրամփի, այդ բանաձեւերը կը թուլացնեն Միացեալ Նահանգներու համաշխարհային մրցունակութիւնը եւ կը վնասեն կարեւորագոյն յարաբերութիւններուն: Նշենք ,որ...

Պիճան Ռաֆիէքեանը Մեղաւոր Ճանչցուած Է`   Թուրքիոյ Օգտին Լոպիիստական  Ապօրինի Գործունէութեան Մէջ

Պիճան Ռաֆիէքեանը Մեղաւոր Ճանչցուած Է` Թուրքիոյ Օգտին Լոպիիստական Ապօրինի Գործունէութեան Մէջ

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդական Մայքըլ Ֆլինի առեւտուրի գործընկեր Պիճան Ռաֆիէքեան մեղաւոր ճանչցուած է` Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ օգտին լոպիիստական ապօրինի գործունէութիւն կատարելու եւ իբրեւ օտարերկրացի գործակալ չարձանագրուելու համար: Ան փորձած է ամերիկեան կառավարութիւնը համոզել Թուրքիոյ արտայանձնելու Միացեալ Նահանգներ բնակող իսլամ քարոզիչ Ֆեթուլլա Կիւլենը, որ Անգարայի կողմէ կը մեղադրուի 2016-ի յեղաշրջման փորձը կազմակերպելու յանցանքով: Դատախազներու պնդումով, Մայքըլ...

Սուրիոյ Դէմ Իսրայէլեան Յարձակում

Սուրիոյ Դէմ Իսրայէլեան Յարձակում

Սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին իսրայէլեան յարձակումի մը, որուն թիրախները Քնէյթրայի հիւսիսային գիւղական շրջանին Խան Առնապէ քաղաքին մերձակայքն ու Տարաա նահանգի Թել Հարան էին: Երկու փուլով կատարուած յարձակումը միայն նիւթական վնասներ պատճառեց: Արեւմտեան հետախուզական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ յարձակումին թիրախ դարձած շրջանին մէջ երկար ատեն տեղակայուած էին ռուսական ուժեր, որոնք, սակայն, աւելի ուշ հեռացած են: Իսրայէլեան...

«Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Ապահով Գօտիի  Երաբերեալ Ամերիկեան Նոր Առաջարկները  Չեն Փարատեր Թուրքիոյ Մտավախութիւնները»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Ապահով Գօտիի Երաբերեալ Ամերիկեան Նոր Առաջարկները Չեն Փարատեր Թուրքիոյ Մտավախութիւնները» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Մօտ օրէն պիտի յայտարարուի Սուրիոյ մէջ սահմանադրական նախագիծի պատրաստութեան յանձնախումբի կազմութիւնը»: «Պէտք է շարունակենք մեր զինուորական գործողութիւնները այն շրջաններուն մէջ, ուր կը գործեն ահաբեկիչները», ըսաւ ան: Թրքական դիւանագիտութեան պետը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց. «Պէտք է Միացեալ Նահանգներուն հետ (հիւսիսային Սուրիոյ մէջ) ապահով գօտիին շուրջ կարելի եղածին չափ շուտ փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացնենք. մեր...

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Հորմուզի Նեղուցի  Ոստիկանի Պարտականութիւնը Պիտի Չկատարեն»

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Հորմուզի Նեղուցի Ոստիկանի Պարտականութիւնը Պիտի Չկատարեն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Հորմուզի նեղուցին մէջ Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն, Չինաստանի եւ Ճափոնի պէս հարուստ երկիրներու նաւերը պաշտպանելու համար ոստիկանի պարտականութիւն պիտի չկատարեն: Ան յայտնեց, որ իր երկիրը կը կռուի բոլոր այդ պետութիւններուն համար, որուն համար շատ սուղ գին կը վճարէ եւ Հորմուզի ու Պապ Մանտեպ նեղուցներուն ճամբով շատ քիչ քարիւղ կը ստանայ:...

Իրան Պատրաստ Է Արդար Բանակցութիւններու.  «Վար Պիտի Առնենք Ամերիկեան Որեւէ Անօդաչու  Թռչող Սարք, Որ Կը Խախտէ Մեր Օդային Տարածքը»  Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրան Պատրաստ Է Արդար Բանակցութիւններու. «Վար Պիտի Առնենք Ամերիկեան Որեւէ Անօդաչու Թռչող Սարք, Որ Կը Խախտէ Մեր Օդային Տարածքը» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց, որ Իրանի օդային տարածքը խախտող որեւէ ամերիկեան անօդաչու թռչող սարք պիտի արժանանայ նախկինի ճակատագիրին: Ան յայտնեց, որ Թեհրան «ոչ ոքի պիտի արտօնէ Պարսից ծոցի, Հորմուզի նեղուցին, Պապ Մանտեպի եւ Հնդկաց ովկիանոսի անվտանգութիւնը քայքայել: Մենք լարուածութեան եւ զինուորական տագնապի չենք ձգտիր»: «Հորմուզի նեղուցի եւ Պարսից ծոցի անվտանգութեան պահպանման պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ Իրանի եւ դրացի երկիրներու ուսերուն, եւ...

Թրամփ Հանրապետականներու Հետ  Քննարկած Է Թուրքիոյ Հարցը

Թրամփ Հանրապետականներու Հետ Քննարկած Է Թուրքիոյ Հարցը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հանդիպում ունեցած է հանրապետական ծերակուտականներու հետ: Քննարկուած են Թուրքիոյ վերաբերող շարք մը հարցեր, ներառեալ` Ռուսիայէն գնուած «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու թեման: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Դռնփակ հանդիպումին մասնակցած է 45 ծերակուտական: Քննարկուած է Թուրքիոյ դէմ «Ամերիկայի հակառակորդներու դէմ պատժամիջոցներու կիրարկման մասին» օրէնքի կիրարկման հարցը: «Հիւրրիեթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ,...

Page 512 of 884 1 … 511 512 513 … 884

Արխիւներ