Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց, որ Իրանի օդային տարածքը խախտող որեւէ ամերիկեան անօդաչու թռչող սարք պիտի արժանանայ նախկինի ճակատագիրին:
Ան յայտնեց, որ Թեհրան «ոչ ոքի պիտի արտօնէ Պարսից ծոցի, Հորմուզի նեղուցին, Պապ Մանտեպի եւ Հնդկաց ովկիանոսի անվտանգութիւնը քայքայել: Մենք լարուածութեան եւ զինուորական տագնապի չենք ձգտիր»:
«Հորմուզի նեղուցի եւ Պարսից ծոցի անվտանգութեան պահպանման պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ Իրանի եւ դրացի երկիրներու ուսերուն, եւ ուրիշները ատոր հետ կապ չունին», ըսաւ Իրանի նախագահը:
Ան յայտնեց, որ իր երկրի հիւլէական ծրագիրի թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարները յաճախ կ՛այցելէին Վիեննա եւ Ժընեւ` ուշացնելու համար համաձայնութեան գոյացումը:
«Սէուտական Արաբիան եւ Իսրայէլը մեծ ջանք թափեցին, որպէսզի Ժընեւի բանակցութիւններուն ընթացքին արդիւնքի չհասնինք», ըսաւ Ռուհանի:
Ան շեշտեց, որ իր երկիրը միշտ պատրաստ է արդար եւ օրինական բանակցութիւններու, «սակայն բանակցութիւններուն պատրուակով անձնատուր պիտի չըլլայ»:
«Իրանեան կառավարութիւնը երբեք բանակցութեան առիթը ձեռքէ պիտի չփախցնէ», աւելցուց ան:



