Սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին իսրայէլեան յարձակումի մը, որուն թիրախները Քնէյթրայի հիւսիսային գիւղական շրջանին Խան Առնապէ քաղաքին մերձակայքն ու Տարաա նահանգի Թել Հարան էին:
Երկու փուլով կատարուած յարձակումը միայն նիւթական վնասներ պատճառեց:
Արեւմտեան հետախուզական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ յարձակումին թիրախ դարձած շրջանին մէջ երկար ատեն տեղակայուած էին ռուսական ուժեր, որոնք, սակայն, աւելի ուշ հեռացած են:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ պնդեցին, որ յարձակումին թիրախները Հըզպալլայի եւ իրանեան ուժերու պատկանող դիրքեր էին: