Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Հորմուզի նեղուցին մէջ Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն, Չինաստանի եւ Ճափոնի պէս հարուստ երկիրներու նաւերը պաշտպանելու համար ոստիկանի պարտականութիւն պիտի չկատարեն:
Ան յայտնեց, որ իր երկիրը կը կռուի բոլոր այդ պետութիւններուն համար, որուն համար շատ սուղ գին կը վճարէ եւ Հորմուզի ու Պապ Մանտեպ նեղուցներուն ճամբով շատ քիչ քարիւղ կը ստանայ:
Թրամփ նաեւ ըսաւ, թէ իր երկիրը աննախադէպ կերպով կ՛արդիականացնէ իր հիւլէական սպառազինութիւնը` յոյս յայտնելով, որ չի ստիպուիր զայն օգտագործել:
Մինչ այդ, Եւրոպական Միութենէն երեք բարձրաստիճան դիւանագէտներ յայտնեցին, որ Ֆրանսան, Իտալիան, Հոլանտան եւ Դանիան կը զօրակցին Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկումի անվտանգութեան երաշխաւորման համար եւրոպական ղեկավարութեամբ ծովային առաքելութեան: Դիւանագէտները «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Բրիտանիոյ կատարած այդ առաջարկը ուղղակիօրէն պիտի չներառէ Եւրոպական Միութիւնը, ՕԹԱՆ-ը կամ Միացեալ Նահանգները:
Միւս կողմէ, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի օգնականը յայտնեց, որ Բրիտանիա պատուիրակ մը ուղարկած է Իրան` քննարկելու համար բրիտանական քարիւղատար նաւուն դէմ հաստատուած արգելանքի ջնջման կարելիութիւնը:
Բրիտանական քարիւղատար նաւու սեփականատէր ընկերութեան բանբերը իր կարգին յայտնեց. «Քարիւղատար նաւուն անձնակազմին անդամներուն հետ հաղորդակցութեան մէջ մտանք, եւ անոնք լաւ են»: