Միջազգային

Թուրքիան 2020-էն Ետք Այլեւս  «Էֆ-35»-ի Պահեստամասեր Պիտի Չարտադրէ

Թուրքիան 2020-էն Ետք Այլեւս «Էֆ-35»-ի Պահեստամասեր Պիտի Չարտադրէ

Ամերիկեան «Լոքհիտ Մարթին» ռազմաարդիւնաբերական ընկերութիւնը յայտարարած է, թէ մարտ 2020-էն ետք Թուրքիան դուրս պիտի մղուի «Էֆ-35» հալածիչներու ծրագիրէն, իսկ Թուրքիոյ մէջ արտադրուող պահեստամասերը պիտի սկսին արտադրուիլ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Թրքական «Սէօզճու» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ընկերութեան ղեկավար Մերլին Նիւսըն: Օրեր առաջ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիան դուրս մղած էր «Էֆ-35»-ներու ծրագիրէն` Ռուսիայէն «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելուն պատճառով:...

Մեհմեթ Աթիլլա Ամերիկեան Բանտէն Ազատ  Արձակուելէ Ետք Վերադարձաւ Թուրքիա

Մեհմեթ Աթիլլա Ամերիկեան Բանտէն Ազատ Արձակուելէ Ետք Վերադարձաւ Թուրքիա

Թուրք նախկին դրամատնային պաշտօնատար Մեհմեթ Հաքան Աթիլլա, որ անցեալ շաբաթ ամերիկեան դաշնակցային բանտէ մը ազատ արձակուած էր, երէկ հասաւ Պոլիս: 48-ամեայ Աթիլլա, որ թրքական պետական վարկատու «Հալքպանք» դրամատան նախկին ընդհանուր փոխտնօրէնն էր, մայիս 2018-ին Նիւ Եորքի մէջ բանտարկութեան դատավճիռ ստացած էր` Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները ոտնակոխելուն համար: Բայց եւ այնպէս, դատաւորը արտօնեց, որ մէկ տարի առաջ իր կալանաւորման ժամանակաշրջանը զեղչուի...

«Աֆղան Ժողովուրդին Դէմ Թրամփի  Յայտարարութիւնները Ցեղապաշտական Են  Եւ Կը Վտանգեն Միջազգային  Խաղաղութիւնն Ու Անվտանգութիւնը»  Կ՛ըսէ Իրանի Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Բանբերը

«Աֆղան Ժողովուրդին Դէմ Թրամփի Յայտարարութիւնները Ցեղապաշտական Են Եւ Կը Վտանգեն Միջազգային Խաղաղութիւնն Ու Անվտանգութիւնը» Կ՛ըսէ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Բանբերը

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` աֆղան ժողովուրդին հասցէին կատարած յայտարարութիւնները նկատեց ցեղապաշտական եւ միջազգային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը վտանգող: «Իրան կը հաստատէ դիմադրող աֆղան ժողովուրդին, աֆղանական կառավարութեան եւ հոգեւորներուն կողքին կանգնիլը», նշեց ան: Աֆղանիստանի նախագահի բանբեր Սատիք Սատիքի իր կարգին յայտնեց, թէ Աֆղանիստան պիտի շարունակէ ուժեղ եւ փառքով մնալ միջազգային քաղաքականութեան բեմին վրայ: «(Աֆղանական)...

Մարք Էսփըր Պաշտօնապէս  Դարձաւ Փենթակոնի Ղեկավար

Մարք Էսփըր Պաշտօնապէս Դարձաւ Փենթակոնի Ղեկավար

Մարք Էսփըր պաշտօնապէս ստանձնեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի նոր ղեկավարի պաշտօնը: Այս մասին կը հաղորդէ Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը: Ծերակոյտը նախապէս հաստատած էր Էսփըրի թեկնածութիւնը: Այդպիսով, աւարտած է Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ ամէնէն երկար ժամանակաշրջանը, որուն ընթացքին երկիրը չէ ունեցած պաշտպանութեան նախարար: Փենթակոնի նախկին ղեկավար Ճէյմս Մաթիս հրաժարած էր 31 դեկտեմբեր 2018-ին: Էսփըր, որ նախապէս վարած է...

«Արեւմուտքը Կը Փորձէ Վրաստանը  «Փրցնել» Ռուսիայէն»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Արեւմուտքը Կը Փորձէ Վրաստանը «Փրցնել» Ռուսիայէն» Կ՛ըսէ Լաւրով

Արեւմտեան երկիրները Միացեալ Նահանգներուն գլխաւորութեամբ կը փորձեն Վրաստանը «փրցնել» Ռուսիայէն: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` լատինամերիկեան լրատուամիջոցներուն եւ «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին: Անոր համաձայն, Մոսկուան երբեք չէ ձգտած Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները վատթարացնել: «Ինքնին վրացական ղեկավարութիւնն էր, որ Միխայիլ Սակաշվիլիի օրերուն խզեց դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ ամէն ձեւով կը փորձէր սահմանափակել մեր տնտեսական փոխադարձ...

«Եւրոպական Միութիւնը Առեւտուրի Ոլորտին Մէջ  Միացեալ Նահանգներու Հետ  Աւելի Վատ Կը Վարուի, Քան Չինաստանը»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Եւրոպական Միութիւնը Առեւտուրի Ոլորտին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Հետ Աւելի Վատ Կը Վարուի, Քան Չինաստանը» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դարձեալ յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութեան երկիրները առեւտուրի ոլորտին մէջ Միացեալ Նահանգներուն հետ աւելի վատ կը վարուին, քան Չինաստանը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Ուաշինկթընի մէջ ուսանողական խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Սպիտակ տան ղեկավարը նշած է. «Շարք մը երկիրներ շահ կը ստանան» Միացեալ Նահանգներու հաշուոյն: «Վատթարագոյն վիրաւորողներէն ոմանք մեր այսպէս կոչուած...

Ամերիկացի Զօրավարը Հանդիպում  Ունեցած Է Սուրիոյ Քրտական Ուժերու  Հրամանատարութեան Հետ

Ամերիկացի Զօրավարը Հանդիպում Ունեցած Է Սուրիոյ Քրտական Ուժերու Հրամանատարութեան Հետ

Միացեալ Նահանգներու բանակի Կեդրոնական հրամանատարութեան հրամանատարներէն զօր. Քեննեթ ՄքՔենզի այցելած է հիւսիսային Սուրիա: Այս մասին կը հաղորդէ «Փի.Ուայ.Տի.Ռոժովա» կայքը: ՄքՔենզի Հասաքէ քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ընդհանուր հրամանատար Մազլում Ապտիի հետ: Անոնք քննարկած են սահմաններու վրայ զարգացումներու եւ ապահովութեան հարցը: Ապտի վերջերս զգուշացուցած էր, որ Թուրքիոյ կողմէ Եփրատի արեւելեան ափի շրջաններուն դէմ յարձակումին պարագային ամբողջ սահմանային շրջանը...

Բրիտանիա Աշխատանք Կը Տանի Եւրոպական  Ծովային Ուժ Մը Յառաջացնելու  «Ուաշինկթըն Աշխատանք Կը Տանի Հորմուզի  Նեղուցի Հսկողութեան Միջազգային  Դաշինք Մը Կազմելու»  Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Բրիտանիա Աշխատանք Կը Տանի Եւրոպական Ծովային Ուժ Մը Յառաջացնելու «Ուաշինկթըն Աշխատանք Կը Տանի Հորմուզի Նեղուցի Հսկողութեան Միջազգային Դաշինք Մը Կազմելու» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ պատկերասփիւռի կայանի մը հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց.«Ուաշինկթըն աշխատանք կը տանի կազմելու Հորմուզի նեղուցի հսկողութեան դաշինք մը, որ պիտի ներառէ աշխարհի բոլոր կողմերէն երկիրներ»: «Ուաշինկթըն աշխատանք կը տանի Թեհրանի ղեկավարներուն վարմունքը փոխելու, աշխատանք կը տանի կազմելու դաշինք մը, որ պահակային-հսկողական ծառայութիւն կը կատարէ Հորմուզի նեղուցին մէջ` ծովային անցքերը բաց պահելու համար», նշեց ան: Բրիտանիոյ...

Անգարայի Մէջ Ճեֆրի-Աքար Հանդիպում

Անգարայի Մէջ Ճեֆրի-Աքար Հանդիպում

Թուրքիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն զինուորական պաշտօնատարներ երէկ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ընթացք տուին հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահով գօտի մը ստեղծելու շուրջ բանակցութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Հիւրրիեթ Տէյլի Նիուզ» օրաթերթը: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երկօրեայ այցելութեամբ Անգարա հասած Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ ծրագրուած ապահով...

Ազրպէյճան Զօրք Կը Կուտակէ  Վրաստանի Հետ Վիճելի Տարածքին Մէջ

Ազրպէյճան Զօրք Կը Կուտակէ Վրաստանի Հետ Վիճելի Տարածքին Մէջ

Փտածութեան դէմ պայքարի` «Ուժը միասնութեան մէջ է» շարժումի ղեկավար Դաւիթ Քացարաւա Դիմատետրի իր էջին վրայ անդրադարձած է երկուշաբթի օր Դաւիթ Գարեջի վանական համալիրի տարածքին մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն: Այս մասին կը հաղորդէ վրացական «Ալիք» կայքը: Անոր համաձայն, ազրպէյճանական կողմը Գարեջի համալիրի լերան ստորոտին կառուցած է զինուորական ճամբար մը, որ լեցուած է զինուորներով: Քացարաւա յայտնած է, որ 14 յուլիսի միջադէպէն անցած...

Սուրիայէն Հրթիռներու Պատճառով  Ուրֆայի Մէջ 6 Վիրաւորներ

Սուրիայէն Հրթիռներու Պատճառով Ուրֆայի Մէջ 6 Վիրաւորներ

Վեց անձեր, ներառեալ երեխայ մը վիրաւորուած են, երբ երկուշաբթի օր Սուրիայէն արձակուած երկու հրթիռներէն մէկը ինկած է Թուրքիոյ Ուրֆա նահանգին մէջ ընտանիքի մը տան վրայ: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Ուրֆայի նահանգապետարանը հաղորդեց, որ երկու հրթիռներուն թիրախն էր Սուրիոյ սահմանամերձ Ճէյլանփընար շրջանը: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը «Թուիթըր»-ի վրայ յայտնեց, որ սուրիական կողմէն կատարուած յարձակումին ի պատասխան թրքական բանակը հակադարձելով եօթը...

Հալէպի Թաղամասերու Հրթիռակոծման  Պատճառով Արձանագրուած Է 7 Զոհ

Հալէպի Թաղամասերու Հրթիռակոծման Պատճառով Արձանագրուած Է 7 Զոհ

Առնուազն 7 մարդ զոհուած է եւ տասնեակներով ուրիշներ վիրաւորուած են, երբ զինեալ խմբաւորումները հրթիռակոծած են Հալէպի խաղաղ թաղամասերը: Այս մասին երէկ հաղորդեց ՍԱՆԱ-ն` մէջբերելով քաղաքի ոստիկանութենէն աղբիւր մը: ՍԱՆԱ-ի համաձայն, զինեալները, որոնք իրենց վերահսկողութեան տակ կը պահեն քաղաքի արեւմտեան ծայրամասին մէջ գտնուող Ռաշիտին արուարձանը, գիշերային ժամերուն հրասանդներով եւ հրազէնով կրակ բացած են: «Զոհերուն եւ վիրաւորներուն մեծ մասը Համտանիա եւ Ժամիլիա...

Պորիս Ճոնսըն Ընտրուեցաւ  Բրիտանիոյ Վարչապետ

Պորիս Ճոնսըն Ընտրուեցաւ Բրիտանիոյ Վարչապետ

Պահպանողական կուսակցութեան անդամները Պորիս Ճոնսընը ընտրեցին իրենց կուսակցութեան նոր ղեկավար, եւ իբրեւ այդպիսին ան պիտի ստանձնէ Բրիտանիոյ վարչապետի պաշտօնը: Ճոնսըն մեծ տարբերութեամբ յաղթանակ արձանագրեց իր մրցակիցին` արտաքին գործոց նախարար Ճերըմի Հանթի դէմ: Ան ստացաւ 92.153 քուէ, իսկ Հանթ` 46.656 քուէ: «Պրեքզիթը իր լրումին պիտի հասցնենք 31 հոկտեմբերին եւ «կրնանք ընել»-ու նոր ոգիով պիտի օգտուինք բոլոր այն առիթներէն, որ ատիկա պիտի...

Քալըն Միացեալ Նահանգներու  Եւ Եւրոպական Միութեան Կոչ Կ՛ուղղէ`  Թուրքիոյ Ապահովական  Մտահոգութիւնները Փարատելու

Քալըն Միացեալ Նահանգներու Եւ Եւրոպական Միութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Թուրքիոյ Ապահովական Մտահոգութիւնները Փարատելու

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն «Պլումպըրկ»-ի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ յայտնեց, որ Թուրքիոյ դէմ կատարուած ամբաստանութիւններուն շարքին են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի «ենթադրեալ մենատիրութիւնը» եւ «Անգարայի կողմէ ՕԹԱՆ-ի դաշինքի ականահարումը»: «Այս ամբաստանութիւնները անհիմն են: Անոնք ցուցանիշն են հասկացողութեան մեծ ձախողութեան մը եւ Թուրքիոյ իրաւացի անվտանգութեան մտահոգութիւններուն, անոր գործած շրջանային իրավիճակին եւ աշխարհաքաղաքական աւելի լայն իրողութիւններու դիտաւորեալ մերժումի...

Վենեզուելան Դարձեալ Յայտնուած Է  Մթութեան Մէջ. Մատուրօ Զայն  Կը Վերագրէ «Յանցաւոր Յարձակում»-ի

Վենեզուելան Դարձեալ Յայտնուած Է Մթութեան Մէջ. Մատուրօ Զայն Կը Վերագրէ «Յանցաւոր Յարձակում»-ի

Վենեզուելայի մէջ անգամ մը եւս ելեկտրականութեան զանգուածային անջատումներ եղած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»: Անջատումները արձանագրուած են երկրին ամբողջ տարածքին: Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ երեկտրականութեան զանգուածային անջատումները նկատած է «յանցաւոր յարձակում»: «Մեր հայրենիքի հանգստութեան եւ խաղաղութեան դէմ կատարուած նոր յանցաւոր յարձակումին ընթացքին կառավարութիւնն ու զինեալ ուժերը քաղաքացիներուն կողքին են: Մենք դարձեալ ցոյց պիտի տանք մեր աննկուն կամքը», «Թուիթըր»-ի վրայ...

Ռուսիան Եւ Ֆրանսան Պիտի Շարունակեն Աշխատիլ  Հիւլէական Գործարքի Պահպանման Եւ Ծոցի  Շրջանին Մէջ Լարուածութեան Մեղմացման Ուղղութեամբ

Ռուսիան Եւ Ֆրանսան Պիտի Շարունակեն Աշխատիլ Հիւլէական Գործարքի Պահպանման Եւ Ծոցի Շրջանին Մէջ Լարուածութեան Մեղմացման Ուղղութեամբ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ անոր ֆրանսացի պաշտօնակից Ժան Իվ լը Տրիան համաձայնած են շարունակել յստակ քայլերը Իրանի հետ կնքուած հիւլէական գործարքը պահպանելու եւ Արաբական ծոցի շրջանին մէջ լարուածութեան մեղմացման ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը: Երկու նախարարներուն միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է ֆրանսական կողմին նախաձեռնութեամբ: Անոնք անդրադարձած են կիրակի օր Ուքրանիոյ...

«Միացեալ Նահանգներ Կրնան Աֆղանիստանը  10 Օրէն Ջնջել Երկրի Երեսէն»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Միացեալ Նահանգներ Կրնան Աֆղանիստանը 10 Օրէն Ջնջել Երկրի Երեսէն» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Փաքիստանի վարչապետ Իմրան Խանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ կրնան 10 օրուան մէջ Երկրի երեսէն ջնջել Աֆղանիստանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Հիլ»: «Եթէ մենք ուզէինք Աֆղանիստանի մէջ պատերազմի սկսիլ, ես կրնայի զայն մէկ շաբթուան մէջ յաղթել, պարզապէս չեմ ուզեր 10 միլիոն մարդ սպաննել: Եթէ ուզէի յաղթել պատերազմը, Աֆղանիստանը բառացիօրէն 10 օրուան...

Թուրքիա Այս Տարի 80 Հազար  Սուրիացի Պիտի Արտաքսէ

Թուրքիա Այս Տարի 80 Հազար Սուրիացի Պիտի Արտաքսէ

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտարարած է, թէ այս տարի Թուրքիայէն պիտի արտաքսուին 80.000 սուրիացի գաղթականներ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Արթիկերեճեք» կայքը: «Անցեալ տարի 56.000 գաղթական արտաքսած ենք: Այս տարի ալ այդ թիւը պիտի ըլլայ 80.000, այսինքն` անցեալ տարուան համեմատ 40-50 առ հարիւր աւելի պիտի արտաքսենք: Ստիպուած են ընել», նշած է ան: Սոյլու նաեւ յայտնած է, որ Թուրքիան...

Մահացած Է Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային  Գործակալութեան Ընդհանուր Տնօրէնը

Մահացած Է Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Ընդհանուր Տնօրէնը

72 տարեկանին մահացած է Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Եուքիա Ամանոն: Գործակալութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց.«Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան քարտուղարութիւնը խոր վիշտով կը տեղեկացնէ ընդհանուր տնօրէն Եուքիա Ամանոյի մահուան մասին»:

Չաւուշօղլու Կը Սպառնայ Եփրատի Արեւելեան  Ափին Դէմ Զինուորական Գործողութիւն  Շղթայազերծել, Եթէ Ապահով Գօտին Չստեղծուի

Չաւուշօղլու Կը Սպառնայ Եփրատի Արեւելեան Ափին Դէմ Զինուորական Գործողութիւն Շղթայազերծել, Եթէ Ապահով Գօտին Չստեղծուի

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, նախքան Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ բանագնաց Ճէյմս Ճեֆրիի գլխաւորած ամերիկեան պատուիրակութեան Սուրիոյ վերաբերեալ բանակցելու համար երէկ Անգարա այցելելը, սպառնաց հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին դէմ յարձակում շղթայազերծել, եթէ ապահով գօտին ծրագրուածին պէս չստեղծուի, եւ Թուրքիոյ դէմ սպառնալիքները շարունակուին: «Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցեցաւ ապահով գօտիի ստեղծման համար Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ, ուր Ուաշինկթըն...

Page 513 of 884 1 … 512 513 514 … 884

Արխիւներ