Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդական Մայքըլ Ֆլինի առեւտուրի գործընկեր Պիճան Ռաֆիէքեան մեղաւոր ճանչցուած է` Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ օգտին լոպիիստական ապօրինի գործունէութիւն կատարելու եւ իբրեւ օտարերկրացի գործակալ չարձանագրուելու համար:
Ան փորձած է ամերիկեան կառավարութիւնը համոզել Թուրքիոյ արտայանձնելու Միացեալ Նահանգներ բնակող իսլամ քարոզիչ Ֆեթուլլա Կիւլենը, որ Անգարայի կողմէ կը մեղադրուի 2016-ի յեղաշրջման փորձը կազմակերպելու յանցանքով:
Դատախազներու պնդումով, Մայքըլ Ֆլին եւ անոր գործընկեր Ռաֆիէքեան 2016-ի աշնան մեծ գումարներ ստացած էին թրքական կառավարութենէն Կիւլենի արտայանձնման ուղղուած գործողութիւններ կատարելու համար: Անոնց գործունէութիւնն ալ համակարգած էր Թուրք գործարար Էքիմ Ալփթեքինը, որուն եւս մեղադրանքներ առաջադրուած են, թէեւ ան չի ներկայանար ամերիկեան դատարան:
Կ՛ենթադրուի, որ ան ներկայիս Թուրքիա է: Իսկ ծագումով իրանցի գործարար Ռաֆիէքեանի դատավճիռը Վըրճինիա նահանգի դատարանին կողմէ պիտի հրապարակուի հոկտեմբերին: Ան կրնայ մինչեւ 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:



