Անգարա Վճռած Է Ուաշինկթընի Հետ Բանակցութիւններէն
Անկախ Քանդել «Ահաբեկչական Միջանցք»-ը
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կուսակցութեան նահանգային կառոյցներու ղեկավարներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու կիրարկման` Թուրքիան ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչ-ռմբաձիգներու արտադրութենէն դուրս մղելու քայլին: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայնեթ» կայքը:
«Մենք «Էֆ-35»-ներուն համար 1 միլիառ 400 միլիոն տոլար վճարած ենք: Մինչեւ այս պահը Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր օդաչուներուն 4 հատ յանձնած են եւ չեն արտօներ, որ մեր երկիր գան: Ատկէ ետք մեզի կ՛ըսեն` ինչո՞ւ գնեցիք «Էս-400»-ներ եւ ոչ թէ «Փաթրիոթ»-ներ: Մենք հաւատարիմ ենք համաձայնագիրին: Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին հարցում կ՛ուղղեմ` Օպամայի ժամանակ մենք ուզեցինք «Փաթրիոթ» գնել, ինչո՞ւ չարտօնեցիք: Պարոն Թրամփի ժամանակ ալ կ՛ուզէք արգելք դնել: Մենք դրամով կը գնենք, սակայն չէք տար: Այն ժամանակ ալ մենք պիտի երթանք անոնց մօտ, որոնք կու տան: Ռուսիոյ հետ ամէն տեսակ համաձայնութեան եկանք: Ահա` ստացանք: «Էֆ-35»-ներ չէ՞ք տար: Շատ լաւ: Մենք ալ այդ ժամանակ քայլերու կը ձեռնարկենք: Այլ տեղեր կ՛երթանք: Այդ նիւթով աշխատանքներ կատարած ենք, կ՛ընենք», ըսած է Էրտողան:
«Հիւրրիէթ Տէյլի Նիուզ» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահը յայտնած է, որ իր երկիրը կրնայ վերատեսութեան ենթարկել արդիական «Պոյինկ» օդանաւեր գնելը` աւելցնելով, որ Թուրքիան «Էֆ-35»-ի ծրագիրէն դուրս մղելու սպառնալիքները պիտի չարգիլեն, որ ան իր անվտանգութեան համար առաջնահերթ եղող կարիքները ապահովէ:
Ան նաեւ յայտարարեց. «Վճռած ենք քանդել Եփրատի արեւելեան ափին վրայ գտնուող ահաբեկչական միջանցքը, անկախ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ ապահով գօտի ստեղծելու շուրջ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու արդիւնքէն»:
«Ճիրան» գործողութեան միջոցով պիտի խզենք Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափի ահաբեկիչներուն հիւսիսային Իրաքի հետ կապը: Մեր կարելին պիտի ընենք պահպանելու Սուրիոյ միութիւնը, եւ անոնք, որոնք շրջանին մէջ օտար ուժերուն կը վստահին, հողին տակ պիտի անցնին», ըսաւ ան` ակնարկելով հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն: