Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Մօտ օրէն պիտի յայտարարուի Սուրիոյ մէջ սահմանադրական նախագիծի պատրաստութեան յանձնախումբի կազմութիւնը»:
«Պէտք է շարունակենք մեր զինուորական գործողութիւնները այն շրջաններուն մէջ, ուր կը գործեն ահաբեկիչները», ըսաւ ան:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց. «Պէտք է Միացեալ Նահանգներուն հետ (հիւսիսային Սուրիոյ մէջ) ապահով գօտիին շուրջ կարելի եղածին չափ շուտ փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացնենք. մեր համբերութիւնը սպառեցաւ»: Ան նաեւ շեշտեց. «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահով գօտիի շուրջ մեզի ներկայացուած ամերիկեան նոր առաջարկները այն մակարդակին վրայ չեն, որ կարենան Թուրքիոյ մտավախութիւնները փարատել»:
«Տակաւին Միացեալ Նահանգներու հետ ապահով գօտիի խորութեան եւ զայն կառավարելիք կողմին շուրջ փոխադարձ հասկացողութեան չհասանք: Մեզի համար կարեւորագոյն կէտը Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ-ՔԱԿ կազմակերպութիւնը շրջանէն հեռացնելն է», յայտարարեց Չաւուշօղլու:
Նախքան այդ, «Անատոլու» հաղորդած էր, որ Անգարայի մէջ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի եւ Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրիի հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահով գօտի ստեղծելու:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ երկու երկիրներու զինեալ ուժերը յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակեն ծրագիրին շուրջ քննարկումները:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Թուրքիան Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ շուրջ 80 հազար զինուոր տեղակայելով կը պատրաստուի երկրի պատմութեան մէջ մեծագոյն զինուորական գործողութեան: