Միջազգային

Փոմփէօ Քիեւէն Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններու  Հարցին Մէջ «Ստեղծարար» Մօտեցում Կ՛ակնկալէ

Փոմփէօ Քիեւէն Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Հարցին Մէջ «Ստեղծարար» Մօտեցում Կ՛ակնկալէ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յոյս յայտնած է, որ Ուքրանիոյ մէջ նոր իշխանութիւնը պիտի կարենայ «ստեղծարար» գաղափարներ մշակել Ռուսիոյ հետ տագնապի լուծման վերաբերեալ: «Քորրեսփոնտենթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին ան յայտնած է պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ արդեօք յառաջընթաց կը տեսնէ՞ Ուքրանիոյ մէջ: «Մենք Ուքրանիոյ նոր իշխանութեան հետ կ՛աշխատինք. անոնք նոր կատարած են խորհրդարանական ընտրութիւններ: Անոնք նաեւ նոր...

Թրամփ Քոնկրեսական Ռետքլիֆը Պիտի Առաջադրէ  Միացեալ Նահանգներու Ազգային  Հետախուզութեան Տնօրէնի Պաշտօնին

Թրամփ Քոնկրեսական Ռետքլիֆը Պիտի Առաջադրէ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Հետախուզութեան Տնօրէնի Պաշտօնին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած է, որ Թեքսաս նահանգէն քոնկրեսական Ճոն Ռետքլիֆի թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան տնօրէնի պաշտօնին` 15 օգոստոսին այդ պաշտօնէն հեռացող Տանիէլ Քոուցի փոխարէն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան ղեկավարը այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ: Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան ներկայ տնօրէնին պաշտօնաթողութեան մասին հաղորդած էր «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը` նշելով,...

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի.  Սեպտեմբեր 11-ի Ահաբեկչական Գործողութեան  Կազմակերպիչ Բանտարկեալը Պատրաստ Է  Վկայութիւն Տալու Սէուտական Արաբիոյ Դէմ

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Սեպտեմբեր 11-ի Ահաբեկչական Գործողութեան Կազմակերպիչ Բանտարկեալը Պատրաստ Է Վկայութիւն Տալու Սէուտական Արաբիոյ Դէմ

Միացեալ Նահանգներու մէջ 11 սեպտեմբեր 2001-ին տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան կազմակերպիչներէն մէկը` Խալետ Շէյխ Մոհամետ, յայտարարած է, թէ պատրաստակամ է դատարանի առջեւ վկայութիւն տալու Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններուն դէմ, եթէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները իրեն համար մահապատիժ չպահանջեն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը: Նախքան այդ, ահաբեկչութեան զոհերու հարազատները Միացեալ Նահանգներու մէջ Սէուտական Արաբիոյ դէմ ներկայացուցած էին միացեալ հայց, որուն...

Ռուսիա Յառաջիկայ Ամիսներուն  Պիտի Մատակարարէ  «Էս-400»-ներու Երկրորդ Խումբը

Ռուսիա Յառաջիկայ Ամիսներուն Պիտի Մատակարարէ «Էս-400»-ներու Երկրորդ Խումբը

Ռուսիոյ Դաշնակցային զինուորական եւ թեքնիք համագործակցութեան ծառայութեան նախագահ Տմիթրի Շուկայեւ յայտարարած է, որ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու` Թուրքիոյ մատակարարման երկրորդ փուլը պիտի կատարուի յառաջիկայ ամիսներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը: Մատակարարման առաջին փուլը աւարտած էր 25 յուլիսին:

Փոմփէօ. «Իրան Մերժեց Թեհրան  Այցելելու Առաջարկս»

Փոմփէօ. «Իրան Մերժեց Թեհրան Այցելելու Առաջարկս»

Թեհրան. «Միացեալ Նահանգներու Հետ Երկխօսութիւնը Կարելի Է, Սակայն Ուաշինկթըն Երկխօսութեան Չի Ձգտիր» Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, թէ Իրան չէ ընդունած Թեհրան այցելելու եւ «ուղղակիօրէն իրանցի ժողովուրդին հետ խօսելու» իր առաջարկը: «Արդեօք Խամենէիի վարչակարգի իրականութիւնները այնքան մը վատ են, որ չի կրնար ինծի արտօնել նոյն բանը ընել (կ՛ակնարկէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարին Ուաշինկթըն այցելութեան եւ ամերիկեան պատկերասփիւռի...

«Փարիզ Հետաքրքրուած Է Պաքուի Հետ Տնտեսական  Եւ Զինուորական Արդիւնաբերութեան  Ոլորտներուն Մէջ Գործակցութեամբ»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Տնտեսութեան Նախարարը

«Փարիզ Հետաքրքրուած Է Պաքուի Հետ Տնտեսական Եւ Զինուորական Արդիւնաբերութեան Ոլորտներուն Մէջ Գործակցութեամբ» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Տնտեսութեան Նախարարը

Փարիզ հետաքրքրուած է Պաքուի հետ վերականգնող ուժանիւթի աղբիւրներու եւ զինուորական արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ գործակցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` վկայակոչելով Ֆրանսայի տնտեսութեան եւ ելեւմուտքի նախարար Պրիւնօ Լը Մերի` Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի ելեւմուտքի նախարար Սամիր Շարիֆովի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին կատարած յայտարարութիւնը: «Ազրպէյճան Ֆրանսայի համար տնտեսական կարեւոր գործընկեր եղած է, եւ անոր մենք մշտապէս մեծ նշանակութիւն տուած ենք: Այժմ...

Հանրաքուէէն Երկու Օր Առաջ «Պրեքզիթի»-ին  Աջակցողներուն Եւ Ընդդիմացողներուն Թիւը Հաւասար Է

Բրիտանիա Եւրոպական Միութենէն Կը Պահանջէ Փոխել «Յամառ» Դիրքորոշումը` Սպառնալով «Պրեքզիթ»-ը Կատարել Առանց Գործարքի

Բրիտանիան երէկ զգուշացուցած է Եւրոպական Միութիւնը` փոխելու «Պրեքզիթ»-ի հարցին մէջ իր «յամառ» դիրքորոշումը, եթէ կ՛ուզէ խուսափիլ առանց գործարքի «Պրեքզիթ»-էն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Երկրի արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Ռաապ յայտարարած է, թէ իրենք կ՛ուզեն գործարք, սակայն Եւրոպական Միութիւնը պէտք է փոխէ իր դիրքորոշումը: «Մենք կ՛ուզենք լաւ գործարք Եւրոպական Միութեան մեր գործընկերներուն հետ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ...

ՏԱՀԵՇ Թուրքիան Ներառած Է Իր Ապագայ  Յարձակումներու Ցուցակին Վրայ

Ըստ Իրաքի Ներքին Գործոց Նախարարութեան. Պաղտատին Կը Գտնուի Սուրիա

Իրաքի ներքին գործոց նախարարութեան տեղեկահաւաքի «Բազէներ» բջիջը նշեց. «ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումի ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատի կը գտնուի Սուրիա եւ տակաւին խմբաւորման մէջ մեծ իշխանութիւն ունի»: «Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կրած զինուորական կորուստներէն ետք, մնայուն վտանգի տակ է Պաղտատի ծածկանունը կրող ոճրագործ Իպրահիմ Սամրային, որ այժմ իր արաբ եւ օտար գործակիցներուն հետ կը գտնուի Սուրիա», յայտնեց բջիջը: Իրաքի ներքին գործոց...

Ֆորտ Սուրիացի Ընդդիմադիրներուն  Կը Խրատէ. «Ուաշինկթընէն  Որեւէ Ակնկալութիւն Մի՛ Ունենաք»

Ֆորտ Սուրիացի Ընդդիմադիրներուն Կը Խրատէ. «Ուաշինկթընէն Որեւէ Ակնկալութիւն Մի՛ Ունենաք»

Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռապըրթ Ֆորտ սուրիական ընդդիմութեան խրատեց. «Միացեալ Նահանգներէն որեւէ ակնկալութիւն մի՛ ունենաք: Ուաշինկթընի մէջ ոչ ոք պատրաստ է Սուրիոյ պատճառով Համաշխարհային Գ. պատերազմի մը վտանգը դիմակայելու»` նշելով, որ տեղեկացած է, թէ բազմաթիւ սուրիացիներ «սուրիական կառավարութեան գործած ահաւոր արարքները դադրեցնելու համար ամերիկեան բանակին միջամտութեան կը սպասեն»: «Այլ պետութեան մը դէմ միջամտութիւնը կարիքը ունի Ապահովութեան խորհուրդի հաւանութեան,...

Քալիֆորնիոյ Մէջ Սխտորի Փառատօնի  Ընթացքին Կրակոցի Պատճառով  Արձանագրուեցան Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Քալիֆորնիոյ Մէջ Սխտորի Փառատօնի Ընթացքին Կրակոցի Պատճառով Արձանագրուեցան Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Երեք անձեր զոհուեցան եւ 15 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ զինեալ մը յարձակում գործեց Քալիֆորնիոյ Կիլրոյ շրջանին մէջ սխտորի փառատօնի մը դէմ: Քաղաքը ծանօթ է սխտորի արտադրութեամբ եւ 1979-էն ի վեր կը կազմակերպէ այս փառատօնը: Զինեալը կրակ բանալէն կարճ ժամանակ ետք սպաննուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ: Զոհերուն շարքին է 6-ամեայ երեխայ մը: Անոր մայրն ու մեծ մայրը վիրաւորներուն շարքին են: Ըստ ամերիկեան «Կան Վայըլընս...

«Կ՛ողջունենք Շրջանին Մէջ Լարուածութեան  Մեղմացման Ջանքերը Եւ Պատրաստ Ենք Մերձակայ  Երկիրներուն Հետ Երկխօսութեան»  Կ՛ըսէ Թեհրան

«Նոյնպիսի Կերպով Պիտի Պատասխանենք Սէուտական Արաբիայէն Որեւէ Դրական Նշանի» Կ՛ըսէ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ապտալլա Մուալլեմիի Եմէնի պատերազմին վերջ տալու վերաբերեալ յայտարարութիւնը նկատեց դրական նշան մը` ընդգծելով. «Իրանի կողմէ ատոր տրուելիք պատասխանը պիտի ըլլայ դրական»: «Իրան շարունակ եւ իրերայաջորդ կերպով կոչ ուղղեց շրջանի երկիրներուն միջեւ հարցերը լուծելու երկխօսութեան ճամբով եւ առանց նախապայմաններու», նշեց նախարարութիւնը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Թեհրան կ՛ողջունէ իսլամական պետութիւններուն միջեւ...

Ռուհանի. «Իրան Եւ Օման Հորմուզի Շրջանի  Անվտանգութեան Երաշխաւորման  Գլխաւոր Պատասխանատուութիւնը Կը Կրեն»

Ռուհանի. «Իրան Եւ Օման Հորմուզի Շրջանի Անվտանգութեան Երաշխաւորման Գլխաւոր Պատասխանատուութիւնը Կը Կրեն»

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Օմանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ պըն Ալուիի հետ եւ ըսաւ, թէ «Իրան եւ Օման Հորմուզի նեղուցի շրջանին մէջ անվտանգութեան երաշխաւորման գլխաւոր պատասխանատուութիւնը կը կրեն»` աւելցնելով, թէ իր երկիրը «շարունակ կը ջանայ, որ Օմանի ծովը, Ծոցը եւ Հորմուզի նեղուցը ըլլան միջազգային նաւարկումի համար ծովային անվտանգ ուղի»: «Շրջանին մէջ օտար ուժերու ներկայութիւնը լարուածութեան գլխաւոր...

Վիեննայի Մէջ Հիւլէական Համաձայնագիրը  Ստորագրած Հինգ Երկիրներու  Եւ Իրանի Միջեւ «Դրական» Ժողով

Վիեննայի Մէջ Հիւլէական Համաձայնագիրը Ստորագրած Հինգ Երկիրներու Եւ Իրանի Միջեւ «Դրական» Ժողով

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ապպաս Արաքժի Վիեննայի մէջ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնագիրը ստորագրած «4+1»-ի` Ռուսիոյ, Չինաստանի, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ հետ ժողովի ընթացքին յայտնեց, որ Բրիտանիոյ` իրանեան քարիւղատար նաւը արգելանքի տակ առնելը հիւլէական համաձայնութեան խախտում մըն է: Ան նշեց, որ այդ համաձայնագիրը ստորագրած երկիրները պէտք չէ իրանեան քարիւղի արտածման դէմ արգելքներ հաստատեն: «Վիեննայի ժողովը անդրադարձաւ արգելանքի տակ առնուած նաւերու...

«Բրիտանիոյ` Եւրոպական  Միութենէն Դուրս Գալը  Տնտեսական Հսկայական Առիթ Մըն Է Ընելու  Այն Բաները, Որոնք Տասնամեակներէ  Ի Վեր Արգիլուած Էին»  Կ՛ըսէ Ճոնսըն

«Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն Դուրս Գալը Տնտեսական Հսկայական Առիթ Մըն Է Ընելու Այն Բաները, Որոնք Տասնամեակներէ Ի Վեր Արգիլուած Էին» Կ՛ըսէ Ճոնսըն

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն յայտարարեց, թէ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը տնտեսական հսկայական առիթ մըն է կատարելու այն բաները, որոնք տասնամեակներէ ի վեր արգիլուած էին: Ճոնսըն Մանչեսթըրի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ խոստացաւ «Պրեքզիթ»-ին «այո» քուէարկած շրջանին մէջ նոր ներդրումներ կատարել, ինչպէս նաեւ խոստացաւ «Պրեքզիթ»-ին յաջորդող փուլին շուրջ առեւտրական համաձայնութիւններու կնքումը արագացնել, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան աջակցելու համար ազատ նաւահանգիստներ կառուցել:...

Մոսկուայի Մէջ 1300 Ցուցարարներ  Ձերբակալուած Են

Մոսկուայի Մէջ 1300 Ցուցարարներ Ձերբակալուած Են

Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութիւնը եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները դատապարտած են Ռուսիոյ իշխանութիւններուն կողմէ շաբաթ օր Մոսկուայի մէջ բողոքի ցոյցի մասնակիցներու ձերբակալութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ռուսիոյ մայրաքաղաքի օրէնսդիր մարմինի ընտրութիւններուն անկախ թեկնածուներու արձանագրման պահանջով շաբաթ օրուան բողոքի ցոյցերուն ընթացքին ձերբակալուած են աւելի քան 1300 անձեր, որոնց շարքին` ընդդիմադիր գործիչներ Տմիթրի Կուտքովը, Լիուպով Սոպոլը եւ Իվան Ժտանովը: «Ազատութիւն»...

Ամերիկեան Օդանաւերը Դարձեալ Մուտք  Գործած Են Վենեզուելայի Օդային Տարածք

Ամերիկեան Օդանաւերը Դարձեալ Մուտք Գործած Են Վենեզուելայի Օդային Տարածք

Ամերիկեան հետախուզական օդանաւերը դարձեալ մուտք գործած են Վենեզուելայի օդային տարածք: Այս մասին կը հաղորդէ Վենեզուելայի զինեալ ուժերու հրամանատարութեան «Թուիթըր»-ի էջը: «Այսօր Միացեալ Նահանգներու լրտեսական օդանաւերը դարձեալ մուտք գործած են Վենեզուելայի կողմէ վերահսկուող գօտի` խախտելով թռիչքներու անվտանգութիւնն ու միջազգային համաձայնագիրները: Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն բացայայտօրէն անարգել մեր պետութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Նշենք, որ 19 յուլիսին վենեզուելացի զինուորականները Քարաքասէն ոչ հեռու...

Ֆրանսայի Ելեւմուտքի  Նախարարը Պատասխանած Է  Պատժամիջոցներու Վերաբերեալ  Թրամփի Սպառնալիքներուն

Ֆրանսայի Ելեւմուտքի Նախարարը Պատասխանած Է Պատժամիջոցներու Վերաբերեալ Թրամփի Սպառնալիքներուն

Ֆրանսան մտադիր չէ ջնջել ճարտարագիտական ոլորտի հսկաներու դէմ հաստատուած տուրքը` հակառակ Միացեալ Նահանգներու սպառնալիքներուն: Այս մասին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է Ֆրանսայի ելեւմուտքի նախարար Պրիւնօ Լը Մեր: Ան ըսած է, թէ Ֆրանսան տուրքերը պիտի գործադրէ ամէն պարագայի, որովհետեւ թուային գործունէութեան ընդհանուր հարկումը այնպիսի խնդիր է, որ բոլորին կը վերաբերի: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ իր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփ համաձայնած...

Համաս Կ՛ողջունէ Թուրքիա-Մալեզիա  Վեհաժողովը

Համաս Կ՛ողջունէ Թուրքիա-Մալեզիա Վեհաժողովը

Պաղեստինեան Համաս շարժումի ղեկավարներէն Սամի Ապու Զահրի, անդրադառնալով Մալեզիոյ վարչապետ Մահաթիր Մոհամետի Թուրքիա քառօրեայ պաշտօնական այցելութեան, յայտնեց, որ «շարժումը կ՛ողջունէ թուրք-մալեզիական վեհաժողովը»` ընդգծելով «ի նպաստ Պաղեստինեան դատին Թուրքիոյ եւ Մալեզիոյ միջեւ գոյացած փոխադարձ հասկացողութիւններու կարեւորութիւնը»: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հինգշաբթի օր Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած էր Մալեզիոյ վարչապետին հետ եւ անոր հետ քննարկած երկկողմանի ու շրջանային հարցեր: Հանդիպումի աւարտին...

Թրամփ Դրականօրէն Կը Գնահատէ Քիմ Եոնկ Ընի Հետ  Յարաբերութիւնները` Հակառակ Հիւսիսային  Քորէայի Կողմէ Հրթիռներու Արձակման

Թրամփ Դրականօրէն Կը Գնահատէ Քիմ Եոնկ Ընի Հետ Յարաբերութիւնները` Հակառակ Հիւսիսային Քորէայի Կողմէ Հրթիռներու Արձակման

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դրականօրէն կը գնահատէ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի հետ յարաբերութիւնները` հակառակ վերջերս Փիոնկեանկի կողմէ փոքր հասողութեամբ երկու հրթիռներու փորձարկումներուն: Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը այդ մասին յայտարարած է «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանէն: Մեկնաբանելով հրթիռարձակումներու մասին հաղորդումները` Թրամփ նշած է. «Կը կարծեմ, որ Հիւսիսային Քորէայի հարցով մեզի համար ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ»: Ան յայտնած է, որ «շատ...

«Էս-400»-ներու Միացեալ  Արտադրութեան Շուրջ  Ռուս-Թրքական Բանակցութիւնները  Կը Շարունակուին

«Էս-400»-ներու Միացեալ Արտադրութեան Շուրջ Ռուս-Թրքական Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին

Ռուսիոյ զինամթերքի արտադրութեամբ զբաղող «Ռոսօպորոնէքսփորթ» ընկերութեան տնօրէն Ալեքսանտր Միխէեւ յայտնած է, որ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մասերը Թուրքիոյ մէջ արտադրելու վերաբերեալ երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Միխէեւ յայտնած է, որ «Էս-400»-ներու մատակարարումով Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ զինուորական համագործակցութիւնը ամրապնդուած է: «Կ՛ուզենք մեր համագործակցութիւնը հասցնել այն մակարդակին, որ հասարակաց շահ հետապնդող ծրագիրներ իրականացնենք...

Page 511 of 884 1 … 510 511 512 … 884

Արխիւներ