Քապուլի Մէջ Հարսանիքի Մը Դէմ Անձնասպանական Գործողութիւն Մը Պատճառեց 245 Զոհեր Եւ Վիրաւորներ
ՏԱՀԵՇ ստանձնեց պատասխանատուութիւնը Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ շաբաթ օր հարսանիք մը թիրախ դարձուցած անձնասպանական գործողութեան, որ աւելի քան 245 զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառեց: ՏԱՀԵՇ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ իր զինեալը ինքզինք պայթեցուցած է «մեծ հաւաքի» մը մէջ, մինչ այլ զինեալներ «պայթեցուցած են ականուած ինքնաշարժ մը», երբ շտապ օգնութեան ինքնաշարժները հասած են դէպքին վայրը: Պայթումը տեղի ունեցաւ քաղաքի մեծամասնութեամբ շիի...




















