Իսրայէլ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ քանի մը գաղտնի հանդիպում ունեցած են Իրանին հակազդելու ուղիներու քննարկման համար: Այս մասին կը գրէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը` վկայակոչելով ամերիկացի պաշտօնատար մը:
Ամերիկեան օրաթերթին տուեալներով` բանակցութիւնները համակարգած է Իրանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Պրայըն Հուք:
Կը հաղորդուի, որ ընդհանուր առմամբ տեղի ունեցած են երկու հանդիպումներ, որոնցմէ մէկը` 2019-ի սկիզբը, իսկ երկրորդը` «աւելի ուշ», սակայն անոնց յստակ թուականները կամ վայրերը չեն հրապարակուիր:
Հանդիպումներու ընթացքին երկու երկիրները «փոխանակած են տեղեկութիւններ եւ համակարգած Իրանի կողմէ աճող սպառնալիքին հակազդելու ջանքերը»:
Աղբիւրին հաղորդումով, այդ հանդիպումները ո՛չ միայն խորհրդանշական եղած են, այլ միտուած եղած են խորացնելու Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ դիւանագիտական, զինուորական եւ հետախուզական կապերը: Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, սակայն, որ հակառակ Արաբական ծոցի երկիրները Իրանի դիմակայման մղելու ամերիկեան ջանքերուն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Իրանի միջեւ անուղղակի դիւանագիտական հաղորդակցութիւնները «կը բարդացնեն հարցերը»:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը նշէ, թէ Ապու Տապին այս ամառ Իրանի հետ լարուածութեան մագլցումին նկատմամբ աւելի զգուշաւոր մօտեցում ցուցաբերած է, քան Ուաշինկթընը, եւ մերժած մայիսին առեւտրական նաւերու դէմ յարձակումներ գործելու համար Իրանին ուղղուած Միացեալ Նահանգներու ամբաստանութեան միանալ, ինչպէս նաեւ անցեալ ամիս երկու պաշտօնատարներ ուղարկած է Թեհրան` քննարկելու համար ծովային սահմաններու անվտանգութիւնը:
«Ամերիկացի, իսրայէլացի եւ էմիրաթցի պաշտօնատարներուն միջեւ քննարկումները, հակառակ անոր որ տակաւին սկզբնական փուլի մէջ են, սակայն խորհրդանշական բնոյթի եւ բազկերակի շօշափումէն անդին անցնելով վերածուած են որոշակի հարցերու վերաբերալ համակարգումի ճամբու քարտէսի պատրաստութեան», կը գրէ ամերիկեան օրաթերթը: