Վրացիներն ու աբխազները հասարակաց արմատներ ունին, եւ մեր ապագան եւս պէտք է հասարակաց ըլլայ: «Կրուզիա Օնլայն» կը հաղորդէ, որ այս մասին Պաքուրիանիի մէջ լրագրողներուն յայտնած է Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթածէ:
Ան արձագանգած է Աբխազիոյ մէջ պատերազմի սկսելուն 27-ամեակին` նշելով, որ 14 օգոստոսը ծանր օր է Վրաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ եւ սաստիկ ցաւ` իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար:
«Այսօր` օգոստոս 14-ը, ծանր օր է մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, սաստիկ ցաւ եւ, ի հարկէ, Վրաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի կ՛ապրի այդ ցաւը: Մենք` վրացիները եւ աբխազները, հասարակաց արմատներ ունինք, ուստի մեր ապագան եւս պէտք է հասարակաց ըլլայ: Մենք պէտք է միասին աշխատինք, որպէսզի այդ ցաւը յաղթահարենք: Ատիկա եղբայրասպան պատերազմ էր, հասարակաց ցաւ, եւ մենք պէտք է միասին յաղթահարենք այդ մարտահրաւէրները: Ես վստահ եմ, որ խաղաղութեամբ եւ զարգացումով մենք անպայմանօրէն պիտի հասնինք մեր երկրի խաղաղ միաւորման եւ բարգաւաճող հասարակաց երկրի ստեղծման: Խաղաղութիւնն ու զարգացումը այլընտրանք չունին», ըսած է Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթածէ:



