Եթէ պէտք ըլլայ, Միացեալ Նահանգներ կրնան դուրս գալ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութենէն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
Անոր համաձայն, Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան կանոնները այլ երկիրներուն կ՛օգնեն Միացեալ Նահանգները «օգտագործելու» իրենց սեփական հարստացման համար:
Ան իբրեւ օրինակ նշած է Չինաստանը, որուն արդիւնաբերութիւնը սկսած է կտրուկ աճ արձանագրել կազմակերպութեան անդամակցելէ ետք: Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ ընդգծած է, որ Ուաշինկթըն եւ Փաքիստան կը գտնուին փաստացի առեւտրական պատերազմի պայմաններու մէջ:
Նշենք, որ Թրամփ առաջին անգամը չէ, որ կը սպառնայ իր երկիրը դուրս բերել Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութենէն: Ան յուլիսին պահանջած էր բարեփոխել կազմակերպութիւնը` սպառնալով այլապէս դուրս գալ անկէ:



