Միջազգային

Սուրիոյ Կացութեան Շուրջ Շուքրի-Փոմփէօ  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Սուրիոյ Կացութեան Շուրջ Շուքրի-Փոմփէօ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմետ Հաֆեզ յայտարարեց, թէ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակից Մայք Փոմփէօ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ կացութիւնը: «Երկու նախարարները վերահաստատեցին ահաբեկչութեան դէմ եւ անոր բնաջնջման համար պայքարին մէջ երկու երկիրներու միջեւ սերտ համակարգումը», նշեց ան: Հաֆեզ յայտնեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը իր զրուցակիցին ներկայացուցած է կայունութեան ու...

Սուրիական Բանակը Ազատագրեց  Խան Շէյխունը

Սուրիական Բանակը Ազատագրեց Խան Շէյխունը

Ուաշինկթըն. «Սուրիոյ Նախագահի Վարչակարգն Ու Անոր Դաշնակիցները Պէտք Է Հիմա Իսկ Վերադառնան  Իտլիպի Մէջ Զինադադարի Դրութեան» Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաստատեց, որ սուրիական բանակը ազատագրած է Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Խան Շէյխուն քաղաքը, ուրկէ բուռն բախումներէ ետք հեռացած են ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումները: Դիտարանը նաեւ յայտնեց, որ սուրիական բանակը ազատագրած է նաեւ Համայի հիւսիսային գիւղական շրջանի շարք մը գիւղեր,...

Փոմփէօ Ցաւ Կը Յայտնէ Ժիպրալթարի Կողմէ  Իրանեան Քարիւղատար Նաւու  Նաւարկման Արտօնման Համար

Փոմփէօ Ցաւ Կը Յայտնէ Ժիպրալթարի Կողմէ Իրանեան Քարիւղատար Նաւու Նաւարկման Արտօնման Համար

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ ցաւ յայտնեց Ժիպրալթարի իշխանութիւններուն կողմէ 7 շաբաթներ գրաւուած իրանեան քարիւղատար նաւուն նաւարկման արտօնման համար եւ բրիտանական այդ շրջանի կառավարութեան որոշումը նկատեց «շատ ցաւալի»: Փոմփէօ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Թեհրանի այդ քարիւղատար նաւուն փոխադրած քարիւղը ծախելը անոր պիտի արտօնէ նպաստել ֆինանսաւորելու իրանեան զինեալ ուժերը, որոնք աշխարհի տարածքին սարսափ ու քանդում...

Փարակուէյ Հըզպալլան, Համասը, Քայիտան  Եւ ՏԱՀԵՇ-ը Ներառեց Ահաբեկչական  Կազմակերպութիւններու Ցուցակին Վրայ

Փարակուէյ Հըզպալլան, Համասը, Քայիտան Եւ ՏԱՀԵՇ-ը Ներառեց Ահաբեկչական Կազմակերպութիւններու Ցուցակին Վրայ

Փարակուէյ Հըզպալլան, Համաս շարժումը, Քայիտան եւ ՏԱՀԵՇ-ը ներառեց ահաբեկչական խմբաւորումներու ցուցակին վրայ: Փարակուէյի արտաքին գործոց նախարար Խուան Էռնեսթօ Վիլլամայոր յայտնեց, որ այդ կազմակերպութիւնները ահաբեկչական նկատելու որոշումը տրուած է երկրի նախագահ Մարիօ Ապտօ Պենիթեզի հրամանով: Փարակուէյի նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութիւնը նշեց, որ երկիրը վճռական կերպով կը գործակցի ահաբեկչութեան դէմ միջազգային պայքարին` վաւերացնելով շարք մը միջազգային դաշնագիրներ եւ համաձայնագիրներ, ինչպէս նաեւ միջազգային...

Թրամփ Ճոնսընի Հետ Քննարկած Է  «Պրեքզիթ»-ի Հոլովոյթը

Թրամփ Ճոնսընի Հետ Քննարկած Է «Պրեքզիթ»-ի Հոլովոյթը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի հետ քննարկած է Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Սպիտակ տան: «Վարչապետ Ճոնսըն նախագահին տեղեկացուցած է «Պրեքզիթ»-ի վերաբերեալ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Թրամփ նաեւ «մեծ ոգեւորութիւն» յայտնած է Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք Եօթներու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ Ճոնսընի հետ յառաջիկայ հանդիպման վերաբերեալ: Կը...

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ի.  Քիւրտ Զինեալները Դուրս Պիտի Բերուին Սուրիոյ  Հիւսիսի Անվտանգութեան Գօտիէն, Որ Միայն  70-80 Քիլոմեթր Երկայնքով Պիտի Ըլլայ

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ի. Քիւրտ Զինեալները Դուրս Պիտի Բերուին Սուրիոյ Հիւսիսի Անվտանգութեան Գօտիէն, Որ Միայն 70-80 Քիլոմեթր Երկայնքով Պիտի Ըլլայ

Դիւանագիտական արեւմտեան աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ «անվտանգութեան գօտի»-ի շուրջ գոյացած թուրք-ամերիկեան փոխադարձ հասկացողութեան հիմամբ այդ շրջանը պիտի ըլլայ Ռասուլ Այն եւ Թել Ապիատ քաղաքներուն միջեւ 70-80 քիլոմեթր երկարութեամբ եւ 5-14 քիլոմեթր խորութեամբ, այդտեղ թրքական եւ ամերիկեան ուժերը միասնաբար պարեկային ծառայութիւն պիտի կատարեն, ինչպէս նաեւ գործողութիւններու միացեալ կեդրոն պիտի հաստատուի: Յիշեցնենք, որ թրքական...

«Կոշտ «Պրեքզիթ»-ը Կրնայ Լուրջ Խնդիրներ  Ստեղծել Քաղաքացիներուն Համար»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովը

«Կոշտ «Պրեքզիթ»-ը Կրնայ Լուրջ Խնդիրներ Ստեղծել Քաղաքացիներուն Համար» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովը

Եթէ Բրիտանիան չվաւերացնէ Եւրոպական Միութենէն անջատուելու պայմաններուն վերաբերեալ համաձայնագիրը, որ բրիտանացի խորհրդարանականները արդէն քանի մը անգամ մերժած են, իսկ Եւրոպական Միութիւնը կը մերժէ զայն վերատեսութեան ենթարկել, ապա ատիկա մեծ դժուարութիւններ պիտի յառաջացնէ քաղաքացիներուն եւ առեւտուրին համար: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի բանբեր Նարաշա Պերթոն: Ան յիշեցուցած է, որ այսպէս կոչուած «առանց գործարքի «Պրեքզիթ»-ի...

Էրտողան Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ  Մասնակցելու Համար Թրքական Խորհուրդի Նիստին

Էրտողան Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ Մասնակցելու Համար Թրքական Խորհուրդի Նիստին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 3 հոկտեմբերին պիտի այցելէ Ազրպէյճան: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը: Թուրքիոյ նախագահը Ազրպէյճան պիտի այցելէ թրքախօս պետութիւնները միաւորող միջազգային կազմակերպութեան` Թրքական խորհուրդի 7-րդ նիստին եւ Թրքական խորհուրդի ստեղծման 10-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցելու համար: Թրքական խորհուրդը ստեղծուած է 3 հոկտեմբեր 2009-ին: Կազմակերպութեան անդամ պետութիւններն են Ազրպէյճանը, Թուրքիան, Ղազախստանը, Ուզպեքիստանը եւ Խըրխըզիստանը:  

Եւրոպական Խորհրդարանի  Նախագահը «Պրեքզիթ»-ի  Պարագային Բրիտանիոյ Պարտքը  Կը Գնահատէ 60 Միլիառ Եւրօ

Լոնտոն Պատրաստ Է Պրիւքսելի Հետ Քննարկելու «Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Նոր Գործարքի Շրջագիծը

Բրիտանիոյ կառավարութիւնը պատրաստ է Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններ վարելու «Պրեքզիթ»-ի պայմաններուն վերաբերեալ նոր համաձայնագիրի կնքման համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով բրիտանական նախարարաց խորհուրդէն աղբիւրի մը: «Մենք կ՛ուզենք գործարք կնքել: Ցաւալի է, որ անոնք չեն ուզեր բանակցութիւններ վարել մեզի հետ: Այն փաստը, որ Եւրոպական Միութեան կազմէն դուրս գալու համաձայնագիրը Համայնքներու պալատին կողմէ մերժուած է ձայներու մեծ...

«ՌՊՔ» Բացայայտած Է Ռուսիոյ Պարտք  Ունեցող Երկիրներուն Մասին Տեղեկութիւնը

«ՌՊՔ» Բացայայտած Է Ռուսիոյ Պարտք Ունեցող Երկիրներուն Մասին Տեղեկութիւնը

Ռուսական «ՌոսՊիզնեսՔոնսալթինկ»-ը (ՌՊՔ) հաւաքած է այլ երկիրներու կողմէ Ռուսիոյ ունեցած պարտքերուն մասին գոյութիւն ունեցող ամբողջ տեղեկութիւնը: Ռուսիոյ ելեւմտուքի նախարարութիւնը ռուսական պետական վարկերու գծով 1 մարտ 2019-ի դրութեամբ ընդհանուր պարտքը գնահատած էր 39,4 միլիառ տոլար, որմէ 15,8 միլիառը պարտական են ԱՊՀ-ի անդամ երկիրները: Այդ երկիրներէն Ռուսիոյ մեծագոյն պարտքը ունեցող երկիրը Պիելոռուսիան է` 1 յունիս 2019-ի դրութեամբ 7,55 միլիառ տոլար: Երկրորդ դիրքի...

Փութին. «Կը Զօրակցինք Իտլիպին  Վերատիրանալու Սուրիական  Բանակի Գործողութեան»

Փութին. «Կը Զօրակցինք Իտլիպին Վերատիրանալու Սուրիական Բանակի Գործողութեան»

Սուրիական Օդուժը Հարուածեց Խան Շէյխուն Ուղղուող Թրքական Բանակի Շարասիւնը Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ զինամթերքով բեռնաւորուած թրքական մեքենաներ սահմանէն անցնելով մուտք գործած են Սուրիա եւ Ժապհաթ Նուսրային օգնութեան հասնելու համար ուղղուած դէպի Իտլիպի հարաւը գտնուող Խան Շէյխուն քաղաք, ուր մէկ օր առաջ մուտք գործած էր սուրիական բանակը: Նախարարութիւնը նշեց, որ թրքական այդ քայլը «կը հաստատէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն տրամադրուած թրքական...

Իրանեան Քարիւղատար Նաւը  Կ՛ուղղուի Յունական Քալամաթա Կղզի

Իրանեան Քարիւղատար Նաւը Կ՛ուղղուի Յունական Քալամաթա Կղզի

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իրանեան «Ատրիան Տարիա 1» քարիւղատար նաւը (նախապէս` «Կրէյս 1», «Ա.»), որ 4 յուլիսէն ի վեր գրաւուած էր, մեկնած է Ժիպրալթարի նեղուցէն եւ ուղղուած յունական Քալամաթա կղզի: Ժիպրալթարի իշխանութիւնները մերժած էին իրանեան նաւուն գրաւումը երկարաձգելու Միացեալ Նահանգներու պահանջը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ ժիպրալթարեան դատարանին կողմէ ամերիկեան պահանջին մերժումը կու գայ հաստատելու, որ ամերիկեան պատժամիջոցները...

Թրամփ Կրինլանտը Գնելու Գաղափարը  Լաւ Կը Նկատէ, Իսկ Դանիոյ  Վարչապետը` Անհեթեթ

Թրամփ Կրինլանտը Գնելու Գաղափարը Լաւ Կը Նկատէ, Իսկ Դանիոյ Վարչապետը` Անհեթեթ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Մենք Դանիան կը պաշտպանենք, ինչպէս որ աշխարհի վրայ լայն տարածքներ կը պաշտպանենք»: Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց. «Կրինլանտի շրջանը մեզի համար ռազմավարական կարեւորութիւն ունի, եւ Դանիոյ հետ ատոր շուրջ որոշ բանակցութիւններ պիտի վարենք»: «Այդ շրջանը գնելը կալուածային մեծ գործարք մըն է», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ դանիացիները այդ շրջանին պատճառով տարեկան 700 միլիոն տոլարի վնաս կը...

«Իրան Պատրաստ Է Ծոցի Երկիրներուն Հետ  Երկկողմանի Որեւէ Համաձայնութիւն Կնքելու»  Կ՛ըսէ Ռապիհի

«Իրան Պատրաստ Է Ծոցի Երկիրներուն Հետ Երկկողմանի Որեւէ Համաձայնութիւն Կնքելու» Կ՛ըսէ Ռապիհի

Իրանի կառավարութեան բանբեր Ալի Ռապիհի յայտնեց, որ Իրան «դրացի երկիրներէն ստացած է դրական ցուցանիշներ, որոնք ի շահ շրջանի եւ անոր ժողովուրդներուն են»: «Դրացի երկիրները այլեւս աւելի մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն շրջանի անվտանգութեան եւ Իրանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններուն», ըսաւ ան` ընդգծելով. «Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ Իրանի յարաբերութիւնները տարբեր են Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններէն»: «Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւնները պէտք է համահաւասար...

Թեհրան Սուրիոյ Մէջ Անվտանգութեան Գօտիի  Ստեղծման Վերաբերեալ Ամերիկեան  Յայտարարութիւնները Կը Նկատէ  «Սադրիչ Եւ Մտահոգիչ»

Իրան Թեհրանի Մէջ Եռակողմ Ժողովի Ընթացքին Եմէնի Հարցով «Լաւ» Համաձայնութիւններու Գոյացումը Յայտարարեց

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի յայտարարեց, թէ Թեհրանի մէջ Իրանի, եմէնեան Անսարուլլա շարժումի պատուիրակութեան եւ եւրոպական չորս պետութիւններու դեսպաններուն միջեւ եռակողմ ժողովի ընթացքին Եմէնի հարցով «լաւ համաձայնութիւններ» գոյացած են: «Իրան շուրջ երկու տարի առաջ Եմէնի տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու ծիրին մէջ սկսաւ դիւանագիտական քայլերու, եւ շարք մը նախաձեռնութիւններ կատարեց, եւ համաձայնութիւն գոյացաւ առաջարկներէն մէկուն` Անսարուլլայի եւ եւրոպական չորս...

Թրամփ. «Դարու Գործարք»-ը Հաւանաբար  Բացայայտուի Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Ետք»

Թրամփ. «Դարու Գործարք»-ը Հաւանաբար Բացայայտուի Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Ետք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաւանական նկատեց, որ Սպիտակ տան խորհրդատու Ճարետ Քուշների պատրաստած «Դարու գործարք»-ը բացայայտուի 17 սեպտեմբերին նախատեսուած իսրայէլեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք: Ծագումով հրեայ Քուշներ Թրամփի փեսան է եւ գլխաւոր հեղինակը շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման դիմաց 50 միլիառ տոլար արժողութեամբ տնտեսական զարգացման ծրագիրին, որ ծանօթ է «Դարու գործարք»-ը անունով: Քուշներ նախապէս յայտնած էր, թէ Թրամփ պատրաստ է «յարմար...

«Լոնտոնը Պատրաստ Է Պրիւքսելի Հետ Քննարկելու «Պրեքզիթ»-ի Պայմաններու Շուրջ Գործարքի Փոփոխութեան Հարցը»  Կ՛ըսէ Ճոնսըն

«Լոնտոնը Պատրաստ Է Պրիւքսելի Հետ Քննարկելու «Պրեքզիթ»-ի Պայմաններու Շուրջ Գործարքի Փոփոխութեան Հարցը» Կ՛ըսէ Ճոնսըն

Բրիտանիա պատրաստ է Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններ վարելու միութեան կազմէն Բրիտանիոյ դուրս գալուն` «Պրեքզիթ»-ի պայմաններուն շուրջ համաձայնագիրի քանի մը կէտերուն վերանայման շուրջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն` Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշելի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին: Բրիտանիոյ վարչապետի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդած է, որ Ճոնսըն «հաւաստած է յանձնառութիւնը երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման նկատմամբ, որոնց...

Թեհրան Սուրիոյ Մէջ Անվտանգութեան Գօտիի  Ստեղծման Վերաբերեալ Ամերիկեան  Յայտարարութիւնները Կը Նկատէ  «Սադրիչ Եւ Մտահոգիչ»

Թեհրան Սուրիոյ Մէջ Անվտանգութեան Գօտիի Ստեղծման Վերաբերեալ Ամերիկեան Յայտարարութիւնները Կը Նկատէ «Սադրիչ Եւ Մտահոգիչ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի նշեց. «Ամերիկացի պաշտօնատարներուն Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու հարցին շուրջ յայտարարութիւններն ու համաձայնութիւնները սադրիչ են եւ մտահոգիչ»: «Այդ քայլը պիտի քայքայէ շրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը եւ կը նկատուի Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտութիւն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ ամերիկացիներուն վարմունքը Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ հողերու ամբողջականութեան բացայայտ ոտնահարում մըն է»:

Սուրիական Բանակը Մտաւ Խան Շէյխուն

Սուրիական Բանակը Մտաւ Խան Շէյխուն

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանի տնօրէն Ռամի Ապտելռահման յայտնեց. «Սուրիական վարչակազմի ուժերը արդէն կը գտնուին Իտլիպի հարաւը գտնուող Խան Շէյխուն քաղաքէն միայն մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ»: Ան ԱՖՓ-ին յայտնեց, թէ զինեալ եւ ժիհատական խմբաւորումներուն ու սուրիական բանակին միջեւ տեղի կ՛ունենան բուռն բախումներ` նշելով, որ սուրիական բանակը կը փորձէ նաեւ յառաջանալ Խան Շէյխունի արեւելեան կողմէն, սակայն բուռն դիմադրութեան կը հանդիպի»: Ան ըսաւ,...

Իրանի Ծովուժը Պատրաստ Է Ընկերակցելու  Ժիպրալթարէն Նաւարկելու Պատրաստուող  Իրանեան Քարիւղատար Նաւուն

Իրանի Ծովուժը Պատրաստ Է Ընկերակցելու Ժիպրալթարէն Նաւարկելու Պատրաստուող Իրանեան Քարիւղատար Նաւուն

Իրանի ծովուժի հրամանատար ծովակալ Հուսէյն Խանզատի յայտարարեց, թէ պատրաստ է մարտանաւեր ուղարկելու` ընկերակցելու համար Ժիպրալթարէն նաւարկելու պատրաստուող իրանեան քարիւղատար «Կրէյս 1» քարիւղատար նաւուն, որուն գրաւումին վերջ տուած էին Ժիպրալթարի իշխանութիւնները: Լոնտոնի մէջ Իրանի դեսպանը երէկ յայտնեց, որ կը նախատեսուի, որ իրանեան քարիւղատար նաւը, որուն անունը փոխուած է «Ատրիան Տարիա 1»-ի, «այս գիշեր հեռանայ Ժիպրալթարէն»: Նշենք, որ ԱՖՓ շաբաթ օր հաղորդած...

Page 505 of 884 1 … 504 505 506 … 884

Արխիւներ