Ամերիկեան պատուիրակութիւն մը հասած է Թուրքիա` թրքական իշխանութիւններուն հետ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտիի ստեղծման կարելիութեան շուրջ համակարգումի գործողութիւններու կեդրոն բանալու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ամերիկացի վեց պաշտօնատարներ հասած են Ուրֆա` աշխատանք սկսելու հաստատելու համար միացեալ գործողութիւններու կեդրոն մը, որ ըստ նախատեսութեան, իր աշխատանքին պիտի սկսի յառաջիկայ օրերուն:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար «Էն.Թի.Վի.»¬ին յայտնեց, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ 30-40 քիլոմեթր խորութեամբ անվտանգութեան գօտիի ստեղծման վրայ կը պնդէ եւ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ այդ ուղղութեամբ քայլերու կը սպասէ: