Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բրիտանիոյ Հետ Առեւտուրի Հոյակապ Եւ Մեծ Համաձայնութիւն Մը Կը Պատրաստուի» Կ՛ըսէ Թրամփ

August 17, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ կը փափաքի Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալէն ետք այդ երկրին հետ տնտեսական սերտ յարաբերութիւններ հաստատել` նշելով, որ ներկայիս այդ ուղղութեամբ «հոյակապ ու մեծ» համաձայնութիւն մը կը պատրաստուի:

Թրամփ Նիւ Ճըրզիի մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Կը կարծեմ, որ Բրիտանիոյ հետ հոյակապ եւ մեծ համաձայնութիւն մը պիտի ունենանք: Պէտք է մեր միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը ներկայէն աւելի դարձնենք»:

Ան դարձեալ իր անձնական զօրակցութիւնը յայտնեց Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընին:

Թրամփ Նիւ Հեմփշայր նահանգին մէջ իր համակիրներուն առջեւ արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ Թեհրան պատժամիջոցներու ճնշումին տակ կը ձգտի Միացեալ Նահանգներուն հետ նոր համաձայնութիւններու հասնիլ:

«Ես կրնամ ըսել, որ Իրան կ՛ուզէ գործարք կնքել, որովհետեւ պատժամիջոցները անոր բարիք չեն բերեր, ան դժգոհ է», ըսած է Թրամփ` աւելցնելով. «Տեսնենք, թէ այդ բոլորը ի՛նչ աւարտ պիտի ունենայ»:

Միւս կողմէ, «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ բազմիցս իր օգնականներուն հարցուցած է Կրինլանտի` Դանիոյ ինքնավար տարածքի գնման կարելիութեան մասին:

Թրամփի երկու օգնականներ օրաթերթին պատմած են, թէ ան բազմիցս իրենց եւ միւսներուն հարցուցած է, թէ արդեօք կարելի՞ է գնել այդ տարածքը: Կը նշուի, որ ան նոյնիսկ Սպիտակ տան իրաւախորհրդատուին խնդրած է գնման վերաբերեալ իրաւական ուսումնասիրութիւն կատարել:

Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ որոշ օգնականներ աջակցած են Թրամփի այդ գաղափարին` յայտարարելով, թէ Կրինլանտը գնելը կրնայ տնտեսական հիանալի քայլ ըլլալ: Մինչդեռ միւսները Թրամփի գաղափարը ընկալած են իբրեւ նախագահի հերթական մոլի ցանկութիւն:

Կրինլանտը իր աւելի քան 2 միլիոն քառակուսի քիլոմեթր տարածքով երկրագունդի մեծագոյն կղզին է: Անոր արտաքին քաղաքականութեամբ եւ անվտանգութեան ապահովումով կը զբաղի Քոփենհակընը:

Աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Կրինլանտի արտաքին գործոց նախարար Ան Լոն Պակըր անդրադառնալով լուրին յայտնած է. «Առեւտուրով հետաքրքրուած ենք, սակայն ծախու չենք»:

 

 

 

Նախորդը

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Ուաշինկթըն Իսրայէլի Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Միջեւ Գաղտնի Բանակցութիւններ Կազմակերպած Է

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ 4,3 Միլիառ Տոլարով Պիտի Կրճատեն Միջազգային Օժանդակութեան Ծախսերը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.