«Միացեալ Նահանգներ Ոգեւորութեամբ Պիտի Աջակցին Բրիտանիոյ` Առանց Համաձայնագիրի Եւրոպական Միութենէն Դուրս Գալու Որոշումին» Կ՛ըսէ Պոլթըն
Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ: Բրիտանիոյ կառավարութեան կայքը հաղորդեց, որ հանդիպումին ընթացքին արծարծուած են Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտրական սերտ համագործակցութեան նիւթերը: Անոնք քննարկած են նաեւ ազատ առեւտուրի իրականացումը Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալէն ետք: Բացի ատկէ, Բրիտանիոյ վարչապետն ու Միացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդականը անդրադարձած են Իրանի վերաբերող...




















