ՏԱՀԵՇ ստանձնեց պատասխանատուութիւնը Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ շաբաթ օր հարսանիք մը թիրախ դարձուցած անձնասպանական գործողութեան, որ աւելի քան 245 զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառեց:
ՏԱՀԵՇ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ իր զինեալը ինքզինք պայթեցուցած է «մեծ հաւաքի» մը մէջ, մինչ այլ զինեալներ «պայթեցուցած են ականուած ինքնաշարժ մը», երբ շտապ օգնութեան ինքնաշարժները հասած են դէպքին վայրը:
Պայթումը տեղի ունեցաւ քաղաքի մեծամասնութեամբ շիի հազարա ցեղախումբի անդամներով բնակուած շրջանին մէջ:
Աֆղանիստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ յարձակումը պատճառած է 63 զոհ եւ շուրջ 180 վիրաւոր:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց յարձակումը` նշելով, որ այդ ոճիրին հեղինակները մարդկութեան, ինչպէս նաեւ Աֆղանիստանի ու շրջանին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան ու կայունութեան թշնամիներն են:
Նախարարութիւնը նշեց, որ Թեհրան միշտ պիտի մնայ Աֆղանիստանի կողքին:
Աֆղանիստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանի դատապարտեց «բարբարոսական» յարձակումը, եւ ատոր համար այպանեց Թալեպան շարժումը «ահաբեկիչներուն հարթակ տրամադրելուն համար»:
Թալեպան շարժումը հերքեց իր մեղսակցութիւնը եւ դատապարտեց յարձակումը: Շարժումի բանբեր Զայպիուլլահ Մուժահիտ յայտնեց. «Այսպիսի դիտաւորեալ ու բիրտ սպանութիւնները եւ կիներու ու մանուկներու թիրախաւորումը որեւէ արդարացում չունին»: