Միջազգային

«Միացեալ Նահանգներ Սիւլէյմանին  Սպաննելու Համար Օգտագործած Է  Քուէյթի Ռազմակայանը»  Կ՛ըսէ Զօր. Հաճիզատէ

«Միացեալ Նահանգներ Սիւլէյմանին Սպաննելու Համար Օգտագործած Է Քուէյթի Ռազմակայանը» Կ՛ըսէ Զօր. Հաճիզատէ

Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերը Յեղափոխական պահակագունդի մասնայատուկ «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանին սպաննելու համար օգտագործած են անօդաչու սարքեր, որոնք օդ բարձրացած են Քուէյթի ռազմակայանէն: Ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Յեղափոխական պահակագունդի օդուժի հրամանատար զօր. Ամիր Ալի Հաճիզատէն: «Սիւլէյմանին սպաննելու համար ամերիկացիները կիրարկած են գործողութիւններու ամբողջ շարք մը», անոր խօսքը երէկ մէջբերած է իրանեան «Թասնիմ»...

«Թուրքիան Կ՛աջակցի Վրաստանի`  ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Թուրքիան Կ՛աջակցի Վրաստանի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Թուրքիան լիակատար կերպով կ՛աջակցի Վրաստանի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան, մինչդեռ Ֆրանսան ու Գերմանիան կը շրջանցեն այդ հարցը, որպէսզի չսրեն Ռուսիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները: Ան այս մասին ըսած է գերմանական «Պիլտ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Թուրքիան միշտ աջակցած է Վրաստանի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան, իսկ Ֆրանսան եւ Գերմանիան չեն համարձակիր այդպիսի քայլ ընելու` զգուշանալով Ռուսիոյ դժգոհութենէն»,...

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը  Լիպիոյ Տագնապի  Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Շուտով Զինադադարի  Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնելու

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Լիպիոյ Տագնապի Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Շուտով Զինադադարի Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնելու

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կիրակի օր Պերլինի մէջ գումարուած Լիպիոյ շուրջ խորհրդաժողովի արդիւնքներուն նուիրուած իր նիստի աւարտին նշեց. «Ապահովութեան խորհուրդի անդամները լիպիական կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն շինիչ կերպով մասնակցելու «5+5» կոչուած զինուորական յանձնախումբին` կարելի եղածին չափ շուտ զինադադարի համաձայնութիւն գոյացնելու համար»: Նշեալ զինուորական յանձնախումբը, որուն ստեղծման շուրջ համաձայնութիւն գոյացած էր Պերլինի վեհաժողովի ընթացքին, պիտի կազմուի ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան...

Ծերակոյտը Թրամփի Դատավարութեան  Նիստի Ընթացքին Մերժեց Դեմոկրատականներուն  Առաջարկած Բարեփոխումները

Ծերակոյտը Թրամփի Դատավարութեան Նիստի Ընթացքին Մերժեց Դեմոկրատականներուն Առաջարկած Բարեփոխումները

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը երէկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնազրկման համար դատավարութեան նիստի ընթացքին մերժեց դեմոկրատական ծերակուտականներու կողմէ ներկայացուած 7 բարեփոխումներ, որոնց վերջինը Սպիտակ տան անձնակազմի ղեկավար Ռապըրթ Պլերի խորհրդական Միք Մոլվինին ու անոր տնօրէնը վկայութեան կանչելն էր: Նախքան այդ, Ծերակոյտը մերժեց երկրին արտաքին գործոց նախարարութենէն Ուքրանիոյ հարցին վերաբերեալ փաստաթուղթեր բերելու, ինչպէս նաեւ Սպիտակ տունէն փաստաթուղթեր բերելու առաջարկները: Թրամփի պաշտպանութեան...

Առաջին Անգամ Ըլլալով Կին Մը  Ընտրուած Է Յունաստանի Նախագահ

Առաջին Անգամ Ըլլալով Կին Մը Ընտրուած Է Յունաստանի Նախագահ

Յունաստանի նախագահ ընտրուած է երկրի Բարձրագոյն վարչական դատարանի նախագահ, 63-ամեայ Քաթերինա Սաքելարոփուլուն` դառնալով Յունաստանի պատմութեան մէջ առաջին կին նախագահը: Քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է խորհրդարանին մէջ` 22 յունուարի առաւօտուն: «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի կայքը կը հաղորդէ, որ Սաքելարափուլուի ի նպաստ քուէարկած են 261 երեսփոխաններ, իսկ դէմ` 33 երեսփոխաններ: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ, որ ըստ երկրին սահմանադրութեան, նախագահը կ՛ընտրուի պաշտօնավարման հնգամեայ ժամկէտով: Անոր...

Իրանի Մէջ Սպաննուած Է «Պասիժ»  Աշխարհազօրի Հրամանատարներէն Մէկը

Իրանի Մէջ Սպաննուած Է «Պասիժ» Աշխարհազօրի Հրամանատարներէն Մէկը

Իրանի հարաւարեւելեան Խուզեստանի նահանգին մէջ 22 յունուարին սպաննուած է «Պասիժ» ժողովրդային աշխարհազօրի հրամանատարը: Ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտնած է Երիտասարդ լրագրողներու ակումբ գործակալութիւնը: Կը նշուի, որ զոհուածը Ապտուլհուսէյն Մոժտամին է, որ կը վարէր Շատեղանի շրջանի Տարհովին գաւառի «Պասիժ»-ի ղեկավարի պաշտօնը: Զինուորականը անյայտ զինեալներու կողմէ առաւօտեան գնդակահարուած է իր տան մօտ: Տեղւոյն իշխանութիւնները պատահարէն քանի մը...

Էրտողանի Նկատողութենէն Ետք «Մէյտ Ին Թըրքի»  Գրառումը Այսուհետեւ Պիտի Փոխուի

Էրտողանի Նկատողութենէն Ետք «Մէյտ Ին Թըրքի» Գրառումը Այսուհետեւ Պիտի Փոխուի

Թուրքիոյ արտածումի խորհուրդը սկսած է թրքական ապրանքներու պիտակներուն վրայ «Մէյտ ին Թըրքի» գրառումը փոխելու ուղղութեամբ քայլերը: Ատոր վերաբերեալ նախագիծը պիտի ներկայացնէ առեւտուրի նախարար Ռուհսար Փեքճան: Նախագիծը կ՛ենթադրէ «Մէյտ ին Թըրքի» գրառումը փոխել «Մէյտ ին Թիւրքիէ» (Թիւրքիէն Թուրքիա բառի թրքերէն տարբերակն է) գրառման: Այս մասին կը հաղորդէ «Պիրկիւն» կայքը: Այդ որոշումին յանգած են այն բանէն ետք, երբ մէկ ամիս առաջ առաջին...

Նոր Բացայայտուած Ժահրը Փեքինի  Դեղարաններուն Մէջ Պաշտպանութեան  Դիմակներու Տագնապ Ստեղծած Է

Նոր Բացայայտուած Ժահրը Փեքինի Դեղարաններուն Մէջ Պաշտպանութեան Դիմակներու Տագնապ Ստեղծած Է

Չինաստանի մայրաքաղաք Փեքինի բնակիչները դեղարաններու, հանրային խանութներու եւ հիւանդանոցներու մէջ աշխուժօրէն պաշտպանութեան դիմակներ կը գնեն Չինաստանի մէջ «2019-նԳոՎ» նոր տիպի քորոնա ժահրին յարուցած թոքի բորբոքումին տարածման լոյսին տակ: Տօներու (24 յունուարէն մինչեւ 30 յունուար) նախօրեակին շունչի դիմակներու պահանջարկը զգալիօրէն կը գերազանցէ առաջարկը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Մանր պինդ մասնիկներէն պաշտպանուելու համար եղող «Թիւ 95» տիպի շունչի դիմակները...

Ըստ «Թակես-Անցայկըր»-ի.  Տաւոսի Մէջ Ռուսական Գաղտնի Սպասարկութեան  Գործողութիւն Մը Կանխարգիլուած Է

Ըստ «Թակես-Անցայկըր»-ի. Տաւոսի Մէջ Ռուսական Գաղտնի Սպասարկութեան Գործողութիւն Մը Կանխարգիլուած Է

Զուիցերիական գաղտնի սպասարկութիւնները օգոստոս 2019-ին Տաւոսի մէջ, ուր տեղի կ՛ունենայ տարեկան Համաշխարհային տնտեսական խորհրդաժողովը, վնասազերծած են ռուսական գաղտնի սպասարկութեան երկու ենթադրեալ լրտեսներ: Այս մասին կը գրէ զուիցերիական «Թակես-Անցայկըր» օրաթերթը: Օրաթերթին տուեալներով` անցեալ տարուան օգոստոսին զուիցերիական անվտանգութեան մարմիններուն ուշադրութիւնը գրաւած էին երկիր ժամանած երկու ռուսեր: Անոնցմէ մէկը յայտարարած է, որ ինք կապարագործ կ՛աշխատի: Ռուսերը կը պատրաստուէին Զուիցերիոյ մէջ մնալ երեք շաբաթ,...

Իրանցի Երեսփոխան Մը Թրամփը Սպաննողին  3 Միլիոն Տոլարի Պարգեւ Կը Խոստանայ

Իրանցի Երեսփոխան Մը Թրամփը Սպաննողին 3 Միլիոն Տոլարի Պարգեւ Կը Խոստանայ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով իրանեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութեան, հաղորդեց, որ իրանցի երեսփոխան մը խոստացած է 3 միլիոն տոլար վճարել անոր, որ կը սպաննէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը: «Յանուն Քարման գաւառի ժողովուրդին, Թրամփը սպաննողին 3 միլիոն տոլարի պարգեւ պիտի վճարենք», ըսած է անանուն երեսփոխանը: Նշենք, որ Քարման գաւառը Միացեալ Նահանգներու կողմէ սպաննուած զօր. Քասեմ Սիւլէյմանիի ծննդավայրն է:

«Միացեալ Նահանգներ Կ՛աշխատին Վենեզուելայի Մէջ  Իշխանափոխութեան Հասնելու Ուղղութեամբ»  Կ՛ըսէ Փոմփէօ

«Միացեալ Նահանգներ Կ՛աշխատին Վենեզուելայի Մէջ Իշխանափոխութեան Հասնելու Ուղղութեամբ» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Միացեալ Նահանգներ միջազգային ընտանիքին հետ կ՛աշխատին` Վենեզուելայի մէջ իշխանափոխութեան հասնելու համար: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ այս մասին յայտնեց քոլոմպիական «Քարաքոլ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Ծրագիրը, որուն վրայ մենք կ՛աշխատինք, պէտք է յանգեցնէ անոր, որ նախագահ Մատուրոն հեռանայ, իսկ եւ Վենեզուելայի ժողովուրդը կարենայ ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կատարել: Մենք կ՛աշխատինք Հարաւային Ամերիկայի, Կեդրոնական Ամերիկայի եւ Եւրոպայի...

Իրաքի Վարչապետը Կը Պահանջէ Անմիջապէս  Հետաքննութիւն Կատարել Ամերիկեան  Դեսպանատան Հրթիռակոծման Շուրջ

Իրաքի Վարչապետը Կը Պահանջէ Անմիջապէս Հետաքննութիւն Կատարել Ամերիկեան Դեսպանատան Հրթիռակոծման Շուրջ

Իրաքի վարչապետի պաշտօնակատար Ատել Ապտել Մեհտի պահանջեց անմիջապէս հետաքննութիւն կատարել Պաղտատի մէջ ամերիկեան դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումին շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ իրաքեան «Ուահ» լրատու գործակալութիւնը: Իրաքեան բանակի ընդհանուր հրամանատարի բանբեր Ապտել Քերիմ Խալաֆ յայտնեց. «Վարչապետը բուռն կերպով դատապարտեց ամերիկեան դեսպանատան դէմ երեք հրթիռներու արձակումը: Դեսպանատան դէմ յարձակումը Իրաքի հողին վրայ դիւանագիտական առաքելութեան մը դէմ ոճիր է»: «Ապտել Մեհտի Պաղտատի...

Միանմարեան Հետաքննութեան  Յանձնախումբին Համաձայն.  Ռոհինժաներուն Դէմ Ցեղասպանութիւն  Չէ Գործուած, Այլ` Պատերազմական Ոճիր

Միանմարեան Հետաքննութեան Յանձնախումբին Համաձայն. Ռոհինժաներուն Դէմ Ցեղասպանութիւն Չէ Գործուած, Այլ` Պատերազմական Ոճիր

Միանմարի մէջ ռոհինժաներուն դէմ 2017-ի ամրան զինուորական արշաւի մը ընթացքին գործուած ոտնձգութիւններու հետաքննութեան համար միանմարեան կառավարութեան կազմած յանձնախումբը հրապարակեց իր զեկուցումը: Ըստ յանձնախումբին, «կարգ մը զինուորականներ այս իսլամ փոքրամասնութենէն անհատներու դէմ պատերազմական ոճիրներ գործեցին, սակայն բանակը բնաւ ցեղասպանութիւն չգործեց»: «Ապահովական մարմիններու անդամները ռոհինժաներու դէմ չափազանցուած ուժ կիրարկեցին, անոնց դէմ պատերազմական ոճիրներ գործեցին եւ մարդկային իրաւանց լուրջ խախտումներ կատարեցին, ներառեալ` անմեղ...

Ռուսիան Թուրքիոյ «Էս-400»-ի Արտադրման  Ճարտարագիտութիւնը Չէ Փոխանցած

Ռուսիան Թուրքիոյ «Էս-400»-ի Արտադրման Ճարտարագիտութիւնը Չէ Փոխանցած

Ռուսիան «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն հետ Թուրքիոյ մատակարարած է նաեւ աւելի քան 120 հակաօդային «Թրայմֆ» հրթիռներ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով անանուն ռազմադիւանագիտական աղբիւրի մը: «Թուրքիան ստացած է «Էս-400»-ի երկու համակարգ, աւելի քան 120 հակաօդային հրթիռ, ինչպէս նաեւ օժանդակ սարքեր, պահեստամասեր», կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ի զրուցակիցը: Ըստ անոր, զինատեսակի արտադրման ճարտարագիտութիւնը չէ փոխանցուած Թուրքիոյ, ինչպէս նախապէս...

Սէուտական Բանակին Մէջ Ստեղծուած Է Կիներէ  Կազմուած Առաջին Ստորաբաժանումը

Սէուտական Բանակին Մէջ Ստեղծուած Է Կիներէ Կազմուած Առաջին Ստորաբաժանումը

Սէուտական Արաբիոյ զինեալ ուժերուն մէջ ստեղծուած է կիներէ կազմուած առաջին զինուորական ստորաբաժանումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արապ Նիուզ» թերթը: «Սէուտական Արաբիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Ֆայատ Ռուայլին սէուտական բանակին մէջ կիներէ կազմուած առաջին զինուորական ստորաբաժանումին մեկնարկը տուած է», կը գրէ թերթը: Հոկտեմբեր 2019-ին Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները կիներուն արտօնեցին մաս կազմել զինեալ ուժերուն` իբրեւ ցամաքային զօրքերու, օդուժի, ծովուժի, հակաօդային պաշտպանութեան,...

«Նիւ Եորք Թայմզ» Աջակցութիւն Կը Յայտնէ  Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան  Դեմոկրատական Թեկնածուներ Ուորընի Եւ Քլոպուչարի

«Նիւ Եորք Թայմզ» Աջակցութիւն Կը Յայտնէ Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան Դեմոկրատական Թեկնածուներ Ուորընի Եւ Քլոպուչարի

Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահական դեմոկրատական թեկնածուներ` ծերակուտականներ Էլիզապեթ Ուորընի եւ Էյմի Քլոպուչարի կը զօրակցի: Օրաթերթը կը նշէ, որ առաջին անգամ ըլլալով չէ կրցած միայն մէկ թեկնածուի զօրակցիլ: Երկու ամբողջովին տարբեր ընտրական ծրագիրներ ներկայացուցած թեկնածուներուն իր զօրակցութիւնը բացատրելով` օրաթերթը յայտնեց, որ կ՛ուզէ Ուորընի ներկայացուցած «արմատական» ու Քլոպուչարի «իրապաշտ» ընտրանքները միացեալ: «Ներկայիս կարեւոր վէճ տեղի...

Պիելոռուսիան Սկսած Է  Քարիւղ Գնել Նորվեկիայէն

Պիելոռուսիան Սկսած Է Քարիւղ Գնել Նորվեկիայէն

Պիելոռուսիան գնած է 80 հազար թոն նորվեկիական քարիւղ, որ «Նաւթան» քարիւղի վերամշակման գործարան պիտի հասցուի Լիթուանիոյ Քլափետա քաղաքի նաւահանգիստին միջոցով: Այս մասին ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած են «Պելննաւթքիմ» պիելոռուսական պետական ընկերութեան ներկայացուցիչը: Անոր համաձայն, լիթուանական նաւահանգիստին ճամբով քարիւղի մատակարարումը կը սպասուի 20 յունուարէն ետք: Գործակալութեան զրուցակիցը միեւնոյն ժամանակ չէ մեկնաբանած ապագային նորվեկիական քարիւղ գնելու Մինսքի կարելիութիւնը: Պիելոռուսիոյ փոխվարչապետ...

«Մեր Նպատակը Իրանին Յաղթելն Է,  Ինչպէս Որ Արաբական  Ազգայնականութեան Յաղթեցինք»  Կ՛ըսէ Նեթանիահու

«Մեր Նպատակը Իրանին Յաղթելն Է, Ինչպէս Որ Արաբական Ազգայնականութեան Յաղթեցինք» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ իր նպատակը իրանեան սպառնալիքին յաղթելն է, «ճիշդ ինչպէս յաղթեցինք արաբական ազգայնականութեան ներկայացուցած մեծ սպառնալիքին»: Նեթանիահու Իսրայէլի ներքին գաղտնի սպասարկութեան` Շապաքի մէջ մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան մը ընթացքին յայտնեց. «Վերջ ի վերջոյ, մեծ նպատակը յաղթելն է իրանեան սպառնալիքին, որ բաժնուած է աւանդական, հիւլէական եւ ահաբեկչական սպառնալիքի: Պէտք է զայն պարտութեան մատնել, ինչպէս որ պարտութեան մատնեցին արաբական ընդարձակման...

Թրամփ. «Մոսկուայի Եւ Փեքինի Հետ Լաւ Յարաբերութիւններ  Ունենալը Միացեալ Նահանգներուն Ձեռնտու Է»

Թրամփ. «Մոսկուայի Եւ Փեքինի Հետ Լաւ Յարաբերութիւններ Ունենալը Միացեալ Նահանգներուն Ձեռնտու Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վստահ է, որ Ուաշինկթընին ձեռնտու է Մոսկուայի եւ Փեքինի հետ լաւ յարաբերութիւններ պահպանելը, սակայն կարելի չէ այլ երկիրներուն արտօնել Միացեալ Նահանգները իրենց շահերուն համար օգտագործել: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թրամփի` Թեքսաս նահանգին մէջ Միացեալ Նահանգներու գիւղատնտեսական ոլորտի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի ժամանակ արտասանած խօսքին: «Չինաստանի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալը լաւ է,...

«Թուրքիոյ Ջանքերն Ու Լիպիոյ Ազգային  Համաձայնութեան Կառավարութեան Աջակցութիւնը  Պատերազմին Մէջ Հաւասարակշռութիւն Յառաջացուցին»  Կ՛ըսէ Քալըն

«Լիպիոյ Տագնապին Նկատմամբ Էրտողանի Արդիւնաւէտ Գործունէութիւնը Թուրքիան Վերածեց Տագնապի Լուծման Հիմնական Մասնակիցներէն Մէկուն» Կ՛ըսէ Քալըն

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն «Թուիթըր» ընկերային ցանցի վրայ գրառում մը կատարելով յայտարարեց, որ Պերլինի մէջ Լիպիոյ հարցով կիրակի օր տեղի ունեցած խորհրդաժողովը Լիպիոյ մէջ զինուորական տագնապի դադրեցման ու քաղաքական լուծման կարելիութիւն կու տայ: «Պերլինի վեհաժողովը լաւ կարելիութիւն է Լիպիոյ մէջ տագնապի դադրեցման եւ քաղաքական լուծման համար: Լիպիոյ տագնապին նկատմամբ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կիրարկած արդիւնաւէտ եւ բազմակողմանի գործունէութիւնը Թուրքիան...

Page 488 of 884 1 … 487 488 489 … 884

Արխիւներ