Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահական դեմոկրատական թեկնածուներ` ծերակուտականներ Էլիզապեթ Ուորընի եւ Էյմի Քլոպուչարի կը զօրակցի:
Օրաթերթը կը նշէ, որ առաջին անգամ ըլլալով չէ կրցած միայն մէկ թեկնածուի զօրակցիլ:
Երկու ամբողջովին տարբեր ընտրական ծրագիրներ ներկայացուցած թեկնածուներուն իր զօրակցութիւնը բացատրելով` օրաթերթը յայտնեց, որ կ՛ուզէ Ուորընի ներկայացուցած «արմատական» ու Քլոպուչարի «իրապաշտ» ընտրանքները միացեալ:
«Ներկայիս կարեւոր վէճ տեղի կ՛ունենայ այս երկու պատկերացումներուն միջեւ, որոնք կրնան (Դեմոկրատական) կուսակցութեան եւ թերեւս երկրին ապագան ճշդել», աւելցուց «Նիւ Եորք Թայմզ»:
«Կուսակցութեան մէջ ոմանք կը կարծեն, թէ նախագահ Տանըլտ Թրամփ շեղում մըն է, եւ կը հաւատան, որ Ամերիկայի դէպի յաւելեալ ողջախոհութիւն վերադարձը կարելի է: Կան նաեւ անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ նախագահ Թրամփ արդիւնքն է քաղաքական եւ տնտեսական երկու համակարգերու, որոնք այնքան փտած են, որ փոփոխութեան կը կարօտին: Արմատական եւ իրապաշտ երկու բնորդները արժանի են լուրջ ուսումնասիրութեան, ուստի կը զօրակցինք իրենց մօտեցումներուն մէջ աւելի ազդու երկու թեկնածուներուն, որոնք Էլիզապեթ Ուորընը եւ Էյմի Քլոպուչարն են»:
Դեմոկրատական կուսակցութեան ձախ թեւը ներկայացնող Ուորըն հարցախոյզերուն մէջ բարձր դիրքի վրայ է եւ կը յաջորդէ նախկին նախագահ Ճօ Պայտընին ու աւելի ձախակողմեան նկատուող Պըռնի Սանտըրզին: