Միջազգային

Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ի.  Հաֆթար Պերլինի Մէջ Մերժած Է Ստորագրել  Զինադադարի Մասին Համաձայնագիրը

Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ի. Հաֆթար Պերլինի Մէջ Մերժած Է Ստորագրել Զինադադարի Մասին Համաձայնագիրը

Լիպիոյ ազգային բանակի հրամանատար զօր. Խալիֆա Հաֆթար Պերլինի խորհրդաժողովի ընթացքին մերժած է զինադադարի մասին համաձայնագիրը ստորագրել: Այս մասին ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած է Մոսկուայի մէջ գտնուող դիւանագիտական աղբիւր մը: «Տարօրինակ կեցուածք ունէր. անջատեց հեռաձայնը, կապը չէր վերականգներ, ոչ ոքի նախազգուշացնելով` հեռացաւ», յայտնած է աղբիւրը: Լիպիոյ մէջ իրավիճակի կայունացման նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ կիրակի օր Պերլինի մէջ` մասնակցութեամբ...

Փոմփէօ Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Պերլինի  Վեհաժողովին Շնորհիւ Լիպիոյ Քարիւղի  Արդիւնահանման Կէտերը Կը Բացուին

Փոմփէօ Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Պերլինի Վեհաժողովին Շնորհիւ Լիպիոյ Քարիւղի Արդիւնահանման Կէտերը Կը Բացուին

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յոյս յայտնած է, որ Պերլինի միջազգային խորհրդաժողովին շնորհիւ կը բացուին Լիպիոյ քարիւղի արդիւնահանման կէտերը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Միացեալ Նահանգներ այնտեղ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ շահագրգռուածութիւն ունին: Բացի ատկէ, Լիպիոյ մէջ ուժանիւթի ոլորտին մէջ լուրջ կարելիութիւններ կան: Ես յոյսով եմ, որ այս խօսակցութեան իբրեւ արդիւնք երկրէն...

Տուտայէն Ետք Զելենսքիին Եւս Խօսք  Չեն Տրամադրած Իսրայէլի Մէջ Ողջակիզումի  Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած  Խորհրդաժողովի Ընթացքին

Տուտայէն Ետք Զելենսքիին Եւս Խօսք Չեն Տրամադրած Իսրայէլի Մէջ Ողջակիզումի Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Խորհրդաժողովի Ընթացքին

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիին մերժած են խօսք տրամադրել Իսրայէլի մէջ տեղի ունենալիք Ողջակիզումի զոհերու յիշատակին եւ Աուշուից նացիական ճամբարի ազատագրման 75-ամեակին նուիրուած խորհրդաժողովին ընթացքին: Այս մասին Ուքրանիոյ նախագահը ըսած է «Տը Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Մեզ (Ուքրանիոյ) չեն հրաւիրած խօսք արտասանելու: Սակայն ամէն պարագայի ես այդ ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլամ», ըսած է Զելենսքի: Ուքրանիոյ նախագահը միեւնոյն ժամանակ...

Մետվետեւ Բացատրած Է Ռուսիոյ  Կառավարութեան Հրաժարականի Պատճառը

Մետվետեւ Բացատրած Է Ռուսիոյ Կառավարութեան Հրաժարականի Պատճառը

Ռուսիոյ նախկին վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ բացատրած է, թէ ինչո՛ւ ընդունուած է երկրի նախարարաց խորհուրդի հրաժարականի որոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Ան նշած է, որ ատիկա կապուած է թէ՛ Ռուսիոյ նախագահին համար քաղաքական համակարգի նորացման ծիրին մէջ որոշումները առանց որեւէ այլ գործօններու, ներառեալ` կառավարութեան գործօնին հետ առնչուած զգուշաւորութեան քննարկելու եւ ընդունելու կարելիութիւն ապահովելու անհրաժեշտութեան, թէ՛ ալ...

«Իրաք Շրջանային Բախումներու  Դաշտ Պիտի Չդառնայ»  Կ՛ըսէ Հաքիմ

«Իրաք Շրջանային Բախումներու Դաշտ Պիտի Չդառնայ» Կ՛ըսէ Հաքիմ

Շրջանային դերակատարները պէտք է յարգեն Իրաքի գերիշխանութիւնը եւ չխախտեն զայն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ալի Հաքիմ: «Իրաքի տարածքը ոչ մէկ պարագայի պիտի դառնայ բախումներու եւ պատերազմի դաշտ», ընդգծած է իրաքեան դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով, որ Պաղտատ այդ սկզբունքային դիրքորոշումը փոխանցած է Թեհրանին ու Ուաշինկթընին: Հաքիմ նշած է, որ Իրաք պէտք...

«Պերլինի Խորհրդաժողով»-ը  Կը Քննարկէ Լիպիական Տագնապը

«Պերլինի Խորհրդաժողով»-ը Կը Քննարկէ Լիպիական Տագնապը

Երէկ Գերմանիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Լիպիոյ տագնապի քննարկման նուիրուած «Պերլինի խորհրդաժողով»-ը, որուն կը մասնակցէին 11 պետութիւններ, 3 միջազգային ու շրջանային կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ տագնապին առնչակից կողմերու ղեկավարներ զօր. Խալիֆա Հաֆթարն ու Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վարչապետ Ֆայեզ Սարաժը: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Մենք այստեղ ենք ինքնին լիպիացիներուն հանդիպում ունենալու եւ լուծումներ գտնելու համար միջազգային բարենպաստ...

Պաղտատի Մէջ Ցոյցեր  Եւ Ճամբաներու Փակում,  Ցուցարարները Նաժաֆի Մէջ  Կառավարական Կեդրոններ Փակեցին

Պաղտատի Մէջ Ցոյցեր Եւ Ճամբաներու Փակում, Ցուցարարները Նաժաֆի Մէջ Կառավարական Կեդրոններ Փակեցին

Իրաքի մէջ շարք մը քաղաքներու, ներառեալ մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ ցոյցերը շարունակուեցան: Ցուցարարները երէկ հրկիզուող անիւներով փակեցին մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող Թայարան հրապարակ տանող ճամբաները: «Մայատին» հաղորդեց, որ քաղաքային հագուստներ կրող զինեալներ Տիուանիէ նահանգին մէջ նաւթային արտադրութիւններու շէնքին մօտ կրակ բացած են ցուցարարներու վրայ: Իրաքեան բանակէն ուժ մը միջամտած է` պաշտպանելու համար ցուցարարները եւ ձերբակալելու համար զինեալները: Ցուցարարները Իրաքի հարաւային Նաժաֆ նահանգին...

Սուրիական Բանակը Իտլիպի Գիւղական  Շրջանին Մէջ Ետ Կը Մղէ Ժապհաթ  Նուսրայի Բուռն Յարձակում Մը

Սուրիական Բանակը Իտլիպի Գիւղական Շրջանին Մէջ Ետ Կը Մղէ Ժապհաթ Նուսրայի Բուռն Յարձակում Մը

Սուրիական բանակը ետ մղեց Իտլիպի հարաւարեւելեան գիւղական շրջանի Հալպան գիւղի ճակատին դէմ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն բուռն յարձակումը: Սուրիական պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ժապհաթ Նուսրան սուրիական բանակին դիրքերուն, մասնաւորաբար բանակին վերջերս ազատագրած Թալ Խաթրայի  դիրքերուն դէմ հրթիռներ արձակած է: Սուրիական բանակը բախում ունեցած է Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն հետ եւ ձախողութեան մատնած անոնց ներթափանցման փորձը` անոնց պատճառելով մեծ կորուստներ: Սուրիական...

Եւրոպական Միութիւնը Կը Քննադատէ Կիպրոսի  Ափերուն Հետախուզական Եւ Հորատման Աշխատանքները  Շարունակելու Թուրքիոյ Մտադրութիւնը

Եւրոպական Միութիւնը Կը Քննադատէ Կիպրոսի Ափերուն Հետախուզական Եւ Հորատման Աշխատանքները Շարունակելու Թուրքիոյ Մտադրութիւնը

Եւրոպական Միութիւնը քննադատած է Թուրքիոյ մտադրութիւնը` Կիպրոսի բացառապէս տնտեսական գօտիին մէջ հետախուզական եւ հորատման աշխատանքները սկսելու մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Եւրոպայի արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատարի բանբերին: Եւրոպական Միութիւնը այսպէս արձագանգած է թրքական իշխանութեան այն յայտարարութեան, թէ Կիպրոսի ափերուն նոր գործողութեան համար նոր նաւ ուղարկուած է: Եւրոպական Միութենէն յայտնած են, որ անհրաժեշտ են երկխօսութեան նպաստող իրավիճակ...

Եգիպտական Իշխանութիւնները Ազատ  Արձակած Են «Անատոլու»-ի Աշխատակիցները

Եգիպտական Իշխանութիւնները Ազատ Արձակած Են «Անատոլու»-ի Աշխատակիցները

Եգիպտոսի իշխանութիւնները ազատ արձակած են թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան երեք աշխատակիցները, որոնք նախապէս ձերբակալուած էին Եգիպտոսի ապահովական ուժերուն կողմէ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին յայտնած է «Անատոլու»-ի ընդհանուր տնօրէնը: Անոր համաձայն, Եգիպտոսի երեք քաղաքացիներ, որոնք կ՛աշխատէին թրքական լրատու գործակալութեան տեղական գրասենեակին մէջ, 19 յունուարին ազատ արձակուած են 595 տոլար գրաւի դիմաց: Չորրորդ աշխատակիցը, որ Թուրքիոյ քաղաքացի է, ազատ արձակուած...

34 Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներ Իրենց  Երկիրներուն Կոչ Կ՛ուղղեն Ճանչնալու Պաղեստինը

34 Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներ Իրենց Երկիրներուն Կոչ Կ՛ուղղեն Ճանչնալու Պաղեստինը

Եւրոպայի, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Հարաւային Ափրիկէի եկեղեցիներէն 34 կաթողիկէ եպիսկոպոսներ իրենց երկիրներուն կոչ ուղղեցին ճանչնալու պաղեստինեան պետութիւնը եւ միջազգային օրէնքը կիրարկելու Պաղեստինի եւ Իսրայէլի վրայ: «Սրբազան հողերուն հետ համակարգում» խմբակի անդամ եպիսկոպոսները իրենց այդ կոչը հնչեցուցին շրջան, Ռամալլա եւ Երուսաղէմ այցելելէ ետք, ուր անոնք իրենց աջակցութիւնը յայտնած են «երկխօսութեան ու խաղաղութեան ամրապնդման մէջ տեղական եկեղեցիին»: Անոնք ողջունեցին Կազայի, Երուսաղէմի եւ...

Հոնկ Քոնկի Մէջ Ժողովրդավարութիւն  Պահանջող Եւ Համայնավարութիւնը  Դատապարտող Ցոյցեր

Հոնկ Քոնկի Մէջ Ժողովրդավարութիւն Պահանջող Եւ Համայնավարութիւնը Դատապարտող Ցոյցեր

Հոնկ Քոնկի ոստիկանութիւնը երէկ արցունքաբեր կազ օգտագործեց` ցրուելու համար հազարաւոր ցուցարարներ, որոնք «Համայնավարութեան համաշխարհային շրջափակում» կարգախօսին տակ  հաւաքուած էին քաղաքի կեդրոնը գտնուող պուրակի մը մէջ` պահանջելով ժողովրդավարական բարեփոխումներ եւ դատապարտելով համայնավարութիւնը: Երէկ տեղի ունեցած ցոյցերը նորագոյն արարն են յունիս 2019-ին սկսած ցոյցերուն, երբ քաղաքացիներ փողոց դուրս եկան` իրենց զայրոյթը արտայայտելու կասկածելիներ Չինաստանին արտայանձնելու օրինագիծին նկատմամբ: Այդ օրէն ետք ցոյցերուն ծիրը...

8 Տարուան Մէջ Թեհրանի Մէջ  Իր Առաջին Քարոզին Ընթացքին.  «Շրջանի Ճակատագիրը Կախեալ Է Զայն Ամերիկեան  Տիրապետութենէն Ազատագրելէն  Եւ Պաղեստինի Ազատագրումէն»  Կ՛ըսէ Խամենէի

8 Տարուան Մէջ Թեհրանի Մէջ Իր Առաջին Քարոզին Ընթացքին. «Շրջանի Ճակատագիրը Կախեալ Է Զայն Ամերիկեան Տիրապետութենէն Ազատագրելէն Եւ Պաղեստինի Ազատագրումէն» Կ՛ըսէ Խամենէի

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի երէկ 1989-ին իմամ Խումէյնիի յաջորդելով գերագոյն հոգեւոր պետի պաշտօնը ստանձնելուն 31-ամեակին առիթով, 8 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Թեհրանի մէջ ուրբաթօրեայ նամազի ընթացքին քարոզեց: Ան յայտնեց, որ իրանցի ժողովուրդին համար անուշ եւ դառն իրադարձութիւններով երկու արտակարգ շաբաթներ անցան: «Յեղափոխական պահակագունդի հրթիռներուն ամերիկեան ռազմակայանը հարուածած օրը այդ օրերէն մէկն էր», աւելցուց ան: «Ամերիկացիները...

Ամերիկեան Բանակ. «Այն Ասատ Ռազմակայանին Դէմ  Իրանեան Յարձակումին Ընթացքին  11 Ամերիկացի Զինուորներ Վիրաւորուեցան»

Ամերիկեան Բանակ. «Այն Ասատ Ռազմակայանին Դէմ Իրանեան Յարձակումին Ընթացքին 11 Ամերիկացի Զինուորներ Վիրաւորուեցան»

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ անցեալ շաբաթ Իրաքի Այն Ասատ ռազմակայանին դէմ իրանեան յարձակումին պատճառով 11 ամերիկացի զինուորներ ուղեղային ցնցում ունեցած են: 8 զինուորներ դարմանուած են Գերմանիոյ մէջ, իսկ 3 ուրիշներ` Քուէյթի մէջ: Յիշեցնենք, որ Ուաշինկթըն նախապէս յայտարարած էր, որ իրանեան յարձակումները մարդկային վնասներ չեն պատճառած, իսկ Թեհրան յայտնած էր, որ սպաննուած են 80 ամերիկացի զինուորներ: Փենթակոնի բանբեր Ճոնըսըն...

Չինաստանի Բնակչութիւնը Գերազանցած Է  1,4 Միլիառի Ցուցանիշը

Չինաստանի Բնակչութիւնը Գերազանցած Է 1,4 Միլիառի Ցուցանիշը

Չինաստանի բնակչութիւնը, առանց յատուկ վարչական շրջաններու` Հոնկ Քոնկի, Մաքաուի եւ Թայուանի, 2019 թուականի վերջաւորութեան դրութեամբ աւելցած է 4,67 միլիոնով` գերազանցելով 1,4 միլիառի ցուցանիշը: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին կը վկայեն Չինաստանի պետական վիճակագրական գրասենեակին տուեալները: 2018 թուականին Չինաստանի բնակչութիւնը աւելցած էր 5,3 միլիոնով: 2019 թուականին երկրին մէջ արձանագրուած է 14,65 միլիոն նորածին: Նոյն տարին Չինաստանի մէջ...

«Եթէ Տաւութօղլուն Խօսի, Թուրքիոյ  Պատմութիւնը Պիտի Վերաշարադրուի»  Կ՛ըսէ Մահչուփեան

«Եթէ Տաւութօղլուն Խօսի, Թուրքիոյ Պատմութիւնը Պիտի Վերաշարադրուի» Կ՛ըսէ Մահչուփեան

Թուրքիոյ նախկին վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի կողմէ նորաստեղծ Ապագայ կուսակցութեան փոխնախագահ Էթիեն Մահչուփեան թրքական «Թէ24» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է երկրի ներքաղաքական կեանքին: «Եթէ Տաւութօղլու պատմէ իրեն հետ տեղի ունեցածներն ու այն, ինչ որ գիտէ, ապա մեր պատմութեան վերջին շրջանը նորէն, սակայն արդէն այլ ձեւով պիտի գրուի: Գիտեմ, որովհետեւ որոշ մասերը լսած եմ, սակայն պատմելը իմ...

Միացեալ Նահանգներ  Եւ Չինաստան Ստորագրած Են  Առեւտրական Համաձայնագիրը

Միացեալ Նահանգներ Եւ Չինաստան Ստորագրած Են Առեւտրական Համաձայնագիրը

Միացեալ Նահանգներ եւ Չինաստան ստորագրած են երկար սպասուած առեւտրական համաձայնագիրը, որուն նպատակն է վերջ տալ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական պատերազմին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Երկու երկիրներու ղեկավարները համաձայնագիրը կոչած են փոխշահաւէտ եւ լիայոյս են, որ ատիկա պիտի նպաստէ Ուաշինկթընի եւ Փեքինի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման: Փաստաթուղթին համաձայն, Չինաստանը Միացեալ Նահանգներէն ապրանքներու ներածումը պիտի աւելցնէ 200 միլիառ տոլարով, իսկ...

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի.  Ամերիկեան Ուժերը Վերսկսած Են  Իրաքի Հետ Միացեալ Գործողութիւնները

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Ամերիկեան Ուժերը Վերսկսած Են Իրաքի Հետ Միացեալ Գործողութիւնները

Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները 15 յունուարին վերսկսած են Իրաքի հետ միացեալ գործողութիւններուն, ներառեալ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումին դէմ, որոնք ընդհատուած էին երկու շաբաթ առաջ Պաղտատի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյցերէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը` վկայակոչելով Փենթակոնէն աղբիւրներ: Անոնց տուեալներով` ամերիկացի զինուորականները կը ձգտէին կարելի եղածին չափ արագ վերսկսիլ միացեալ գործողութիւններուն Իրաքի տարածքին մէջ`...

«Կը Սկսինք Լիպիա Զօրք Ուղարկել»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Կը Սկսինք Լիպիա Զօրք Ուղարկել» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «2019 թուականի ամփոփման հաւաք»-ին ընթացքին անդրադարձաւ Լիպիա զօրք ուղարկելու հարցին: «Լիպիոյ հետ համաձայնութիւն ձեռք բերած ենք: 2020 թուականին Միջերկրականի մէջ կը սկսինք հորատման ու որոնողական աշխատանքներու: Նախ եւ առաջ «Օրուչ Ռէյիս» նաւը կ՛իրականացնէ ուսումնասիրական աշխատանքներ: Միջերկրականի մէջ կը փորձէին մեզ մեր սահմաններուն մէջ բանտարկել. նախ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան, ապա Լիպիոյ հետ ի չիք դարձուցինք...

Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կը Քննադատէ «Անատոլուի Բջիջ»-ի Հարցով Թուրքիոյ  Կեցուածքը Եւ Իր Մօտ Կը Կանչէ  Թուրքիոյ Դեսպանատան Գործավարը

Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Քննադատէ «Անատոլուի Բջիջ»-ի Հարցով Թուրքիոյ Կեցուածքը Եւ Իր Մօտ Կը Կանչէ Թուրքիոյ Դեսպանատան Գործավարը

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատեց Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը եգիպտական իշխանութիւններուն կողմէ Գահիրէի մէջ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան դէմ առած «օրինական» քայլերուն նկատմամբ: Այս մասին կը հաղորդէ եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթի կայքը: Կայքը կը յիշեցնէ, որ եգիպտական ոստիկանութիւնը չորեքշաբթի օր ներխուժած էր Գահիրէի մէջ ապօրինի կերպով գործող «Անատոլու»-ի գրասենեակ եւ ձերբակալած չորս անձեր, ներառեալ` Թուրքիոյ քաղաքացի մը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատած...

Page 489 of 884 1 … 488 489 490 … 884

Արխիւներ