Չինաստանի մայրաքաղաք Փեքինի բնակիչները դեղարաններու, հանրային խանութներու եւ հիւանդանոցներու մէջ աշխուժօրէն պաշտպանութեան դիմակներ կը գնեն Չինաստանի մէջ «2019-նԳոՎ» նոր տիպի քորոնա ժահրին յարուցած թոքի բորբոքումին տարածման լոյսին տակ: Տօներու (24 յունուարէն մինչեւ 30 յունուար) նախօրեակին շունչի դիմակներու պահանջարկը զգալիօրէն կը գերազանցէ առաջարկը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Մանր պինդ մասնիկներէն պաշտպանուելու համար եղող «Թիւ 95» տիպի շունչի դիմակները բնակչութեան մօտ առանձնայատուկ պահանջարկ կը վայելեն: Ընկերային ցանցերուն եւ տեղական թերթերուն մէջ դիմակը «առանձնապէս արդիւնաւէտ» կը նկատուի նոր տիպի թոքի բորբոքումով ախտահարումէն: Նախապէս «Սինա» լրատուական կայքը յայտնած է, որ շունչի այդ դիմակներէն կ՛օգտուին մայրաքաղաքի հիւանդանոցներուն բժիշկները:
Փեքինի գործարար շրջանի` Չաոյանի դեղարաններու եւ հանրային խանութներու մեծ մասին մէջ այդ տիպի շունչի դիմակները կը բացակային: Անկարելի է դիմակը պատուիրել նաեւ «Էլմէ» առաքման համացանցային համակարգին միջոցով:
Քաղաքի փողոցներուն մէջ հետզհետէ աւելի պաշտպան դիմակներով մարդիկ կը նկատուին: Անոնց թիւը օրէ օր կ՛աճի: