Մինչ Պաղեստինցիները Կը Սպառնան Դուրս Գալ Օսլոյի Համաձայնագիրէն. Նեթանիահու Թրամփի Խաղաղութեան Ծրագիրը Կը Կոչէ «Պատմական» Եւ «Անկրկնելի Առիթ Մը»
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Ուաշինկթըն մեկնելէ առաջ յայտնած է. «Ամերիկեան վարչակարգին շուտով հրապարակելիք Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ծրագիրը պիտի ըլլայ պատմական»: «Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով այսպիսի առիթ մը ունինք եւ պէտք չէ զայն փախցնենք: Այսօր Սպիտակ տան մէջ ունինք Իսրայէլի մեծագոյն բարեկամը, ուստի երբեւիցէ մեծագոյն առիթը ունինք», աւելցուցած է ան: Իսրայէլեան լրատուամիջոցները, յղում կատարելով իսրայէլեան քաղաքական...




















