Պիելոռուսիան գնած է 80 հազար թոն նորվեկիական քարիւղ, որ «Նաւթան» քարիւղի վերամշակման գործարան պիտի հասցուի Լիթուանիոյ Քլափետա քաղաքի նաւահանգիստին միջոցով: Այս մասին ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած են «Պելննաւթքիմ» պիելոռուսական պետական ընկերութեան ներկայացուցիչը:
Անոր համաձայն, լիթուանական նաւահանգիստին ճամբով քարիւղի մատակարարումը կը սպասուի 20 յունուարէն ետք:
Գործակալութեան զրուցակիցը միեւնոյն ժամանակ չէ մեկնաբանած ապագային նորվեկիական քարիւղ գնելու Մինսքի կարելիութիւնը:
Պիելոռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Քրութոյ նախապէս յայտարարած էր, որ Մինսք ռուսական քարիւղի ներածման փոխարէն առեւտրական առաջարկներ ուղարկած է Ուքրանիոյ, Լեհաստանին, պալթեան երկիրներուն, Ղազախստանին եւ Ազրպէյճանին:
Նշենք, որ Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ հակամենաշնորհային գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները չեն յաջողած համաձայնութիւն ձեռք բերել հանրապետութեան տարածքէն ռուսական քարիւղի տարանցման գիներուն շուրջ: