Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միանմարեան Հետաքննութեան Յանձնախումբին Համաձայն. Ռոհինժաներուն Դէմ Ցեղասպանութիւն Չէ Գործուած, Այլ` Պատերազմական Ոճիր

January 22, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միանմարի մէջ ռոհինժաներուն դէմ 2017-ի ամրան զինուորական արշաւի մը ընթացքին գործուած ոտնձգութիւններու հետաքննութեան համար միանմարեան կառավարութեան կազմած յանձնախումբը հրապարակեց իր զեկուցումը:

Ըստ յանձնախումբին, «կարգ մը զինուորականներ այս իսլամ փոքրամասնութենէն անհատներու դէմ պատերազմական ոճիրներ գործեցին, սակայն բանակը բնաւ ցեղասպանութիւն չգործեց»:

«Ապահովական մարմիններու անդամները ռոհինժաներու դէմ չափազանցուած ուժ կիրարկեցին, անոնց դէմ պատերազմական ոճիրներ գործեցին եւ մարդկային իրաւանց լուրջ խախտումներ կատարեցին, ներառեալ` անմեղ գիւղացիներու սպանութիւն եւ անոնց բնակարաններու քանդում», կը նշէ զեկուցումը` սակայն աւելցնելով. «Այս ոճիրները ցեղասպանութեան համազօր չեն»:

«Բաւարար փաստեր գոյութիւն չունին եզրակացնելու կամ նոյնիսկ առարկելու համար, թէ գործուած ոճիրները ազգային, ցեղային կամ կրօնական խմբակ մը ամբողջովին կամ մասնակիօրէն բնաջնջելու նպատակով էին», կ՛եզրակացնէ զեկուցումը:

Յիշեցնենք, որ օգոստոս 2017-էն ի վեր շուրջ 740 հազար ռոհինժաներ Միանմարէն Պանկլատեշ ապաստանած են` փախուստ տալով միանմարեան բանակի եւ պուտտայական զինեալ խմբաւորումներու իրենց դէմ գործած ոճիրներէն:

Կամպիան Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ 57 երկիրներու զօրակցութեամբ Միանմարի կառավարութիւնը ամբաստանեց ՄԱԿ-ի ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուխտը խախտելու յանցանքով եւ Միջազգային արդարադատութեան դատարանէն պահանջեց անմիջական քայլեր որդեգրել` պաշտպանելու համար այդ փոքրամասնութեան անդամները, որոնք տակաւին կը գտնուին Միանմարի մէջ:

Նախորդը

Ռուսիան Թուրքիոյ «Էս-400»-ի Արտադրման Ճարտարագիտութիւնը Չէ Փոխանցած

Յաջորդը

Իրաքի Վարչապետը Կը Պահանջէ Անմիջապէս Հետաքննութիւն Կատարել Ամերիկեան Դեսպանատան Հրթիռակոծման Շուրջ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.