Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Կ՛աշխատին Վենեզուելայի Մէջ Իշխանափոխութեան Հասնելու Ուղղութեամբ» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Յունուար 22, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ միջազգային ընտանիքին հետ կ՛աշխատին` Վենեզուելայի մէջ իշխանափոխութեան հասնելու համար: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ այս մասին յայտնեց քոլոմպիական «Քարաքոլ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Ծրագիրը, որուն վրայ մենք կ՛աշխատինք, պէտք է յանգեցնէ անոր, որ նախագահ Մատուրոն հեռանայ, իսկ եւ Վենեզուելայի ժողովուրդը կարենայ ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կատարել: Մենք կ՛աշխատինք Հարաւային Ամերիկայի, Կեդրոնական Ամերիկայի եւ Եւրոպայի երկիրներուն հետ, ամբողջ աշխարհի երկիրներուն հետ` այդ արդիւնքին հասնելու համար», յայտարարած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

«Ակնյայտ է, որ տակաւին շատ բան կայ ընելիք: Մատուրոն տակաւին իշխանութեան գլխուն է` յառաջացնելով համաշխարհային պատմութեան մէջ մեծագոյն մարդասիրական ճգնաժամերէն մէկը: Սակայն մենք միասնաբար յառաջ կը շարժինք», աւելցուց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:

Նշենք, որ Մատուրօ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ երկխօսութեան, սակայն պիտի նախընտրէր մէկ անգամէն խօսիլ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ, որովհետեւ իր կարծիքով` Փոմփէոն Վենեզուելայի մէջ անյաջողութիւն ունեցած է եւ Թրամփի փոխարէն պատասխանատուութիւն կը կրէ Վենեզուելայի նկատմամբ քաղաքականութեան համար:

Փոմփէօ. «Վենեզուելայի Մէջ Հըզպալայի Ներկայութիւնը Անընդուելի Է»

Փոմփէօ Քոլոմպիոյ մայրաքաղաք Պոկոթայի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին նուիրուած խորհրդաժողովի ընթացքին յայտնեց, որ Վենեզուելայի հողերուն վրայ Հըզպալլայի ներկայութիւնը անընդունելի է:

«Իրանեան վարչակարգը իր զինեալ խմբաւորման` Հըզպալլայի ճամբով ներկայ է վենեզուելայի մէջ: Ատիկա անընդունելի է», ըսաւ ան` քննադատելով նաեւ քոլոմպիական ընդդիմադիր Ազգային ազատագրութեան բանակ շարժումի Վենեզուելայի մէջ գործունէութիւնը:

Վենեզուելայի ընդդիմութիւնը կիրակի օր յայտարարած էր, թէ մտադիր է ներկայացնել փաստեր, որոնք կը հաստատեն Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի Հըզպալլայի հետ կապերը:

Ընդդիմութիւնը նաեւ նշեց, որ ահաբեկչութեան եւ զայն ֆինանսաւորող կողմերուն դէմ պայքարի իր ջանքերուն ծիրին մէջ «գործակցութեան ռազմավարութիւններ եւ մեքանիզմներ կը կազմէ»:

Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Քոլոմպիոյ, Հոնտիւրասի Եւ Կուաթեմալայի Կողմէ
Հըզպալլան Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Նկատելու Քայլը

 Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Քոլոմպիոյ, Հոնտիւրասի եւ Կուաթեմալայի կողմէ Իրանի աջակցութիւնը վայելող Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատելու քայլը»:

«Հըզպալան եւ անդրսահմանեան այլ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը շարունակեն գործել շրջանին մէջ: Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն միջազգային աջակցութիւն ապահովել այս սպառնալիքներու դիմակայման համար», նշեց Փոմփէօ:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ միջազգային արշաւ մը կը ղեկավարեն Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն որակելու համար եւ այդ նպատակի իրագործման համար պետութիւններու վրայ ճնշումներ կը բանեցնեն:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը շաբաթ օր «բոլոր պետութիւններուն» կոչ ուղղեց` Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատելու:

 

 

Նախորդը

Իրաքի Վարչապետը Կը Պահանջէ Անմիջապէս Հետաքննութիւն Կատարել Ամերիկեան Դեսպանատան Հրթիռակոծման Շուրջ

Յաջորդը

Իրանցի Երեսփոխան Մը Թրամփը Սպաննողին 3 Միլիոն Տոլարի Պարգեւ Կը Խոստանայ

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?