Քրեմլին Կը Զօրակցի Վեհաժողովի Գաղափարին. Էրտողան Կը Յայտարարէ Իտլիպի Հարցով Ռուսիոյ, Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Ղեկավարներուն Հետ Խորհրդաժողովին Մասին
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր յայտարարեց, որ 5 մարտին պիտի գումարուի Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներուն հետ վեհաժողով մը` քննարկելու համար Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ տիրող կացութիւնը: Էրտողան պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին յայտնեց, որ ուրբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ու Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ եւ քննարկած բախումներու դադրեցման...



















