Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Ռուսական Օդուժին Առջեւ Փակեց Իր Օդային Տարածքը. Աքար.«Իտլիպի Խնդիրը Կարելի Է Լուծել, Եթէ Ռուսիան Մէկդի Կանգնի»

Փետրուար 22, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Թուրքիոյ` զինեալներուն յարձակումներուն աջակցութիւնը կը սպառնայ Սուրիոյ հակամարտութեան մէջ յաւելեալ մագլցում յառաջացնել:

«Այսօր Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերուն միջեւ հաշտութեան ռուսական կեդրոնը հաղորդեց, որ ահաբեկիչներ Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ Սուրիոյ բանակին դէմ գործած են շարք մը լայնածաւալ յարձակումներ` օգտագործելով մեծաթիւ զրահապատ մեքենաներ: Նոյն ատեն յարձակումը կը վայելէր թրքական հրետանիին աջակցութիւնը, ինչ որ ահաբեկիչներուն արտօնեց շրջանցել Սուրիոյ բանակի պաշտպանութեան գիծերը», ըսաւ Զախարովա:

«Զինեալներուն` սուրիական հողերուն խորք շարժիլը արգիլելու համար Ռուսիոյ օդուժը հարուածեց ահաբեկիչները, ինչ որ սուրիական ուժերուն արտօնեց յաջողութեամբ ետ մղել յարձակումները», նշեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց. «Ամերիկան կրնայ Թուրքիոյ ուղարկել «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ` զայն Իտլիպի մէջ օգտագործելու համար»:

«Անգարան եւ Մոսկուան Իտլիպ նահանգին մէջ սուրիական օդային տարածքի օգտագործման շուրջ քննարկումներ կը կատարեն», ըսաւ ան` նշելով. «Խնդիրը կարելի է լուծել, եթէ Ռուսիան մէկ կողմ կանգնի»:

Ըստ անոր, «Թուրքիան պիտի չընդունի Իտլիպի մէջ իր հսկողութեան կէտերը տեղափոխելու որեւէ առաջարկ, բայց եւ այնպէս Անգարա Սուրիոյ հարցով Մոսկուայի հետ ճակատումի չի ձգտիր:

Ան նաեւ նշեց, որ պէտք չէ կասկածիլ այն մասին, թէ Թուրքիան գործի պիտի լծէ ռուսական «Էս-400» համակարգերը:

Նախքան այդ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան յայտնած էր, թէ Թուրքիան Միացեալ Նահանգներէն «Փաթրիոթ» տիպի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ուզած է` Իտլիպի մէջ Ռուսիան զսպելու համար:

Թուրք պաշտօնատարը նշած է, թէ Միացեալ Նահանգներ կրնայ սուրիական ուժերը հարուածելու համար «Էֆ-16» օդանաւեր օգտագործել, եթէ Թուրքիան «Փաթրիոթ»-ի համակարգեր տեղակայէ:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հինգշաբթի օր հաղորդեց, որ Իտլիպի մէջ օդային հարուածներ պատճառ դարձած են 2 թուրք զինուորներու սպանութեան եւ 5 ուրիշներու վիրաւորուելուն` աւելցնելով, որ այդ օդային հարուածներէն ետք «որոշ թիրախներ ռմբակոծեցինք»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին նշեց, որ Թուրքիան Սուրիոյ բանակին դէմ իր ռմբակոծումը անմիջապէս դադրեցուցած  է, երբ Ռուսիան Անգարայի նշած է, թէ թրքական հրետանային ռմբակոծումը նշմարած է: Թրքական ռմբակոծման պատճառով 4 սուրիացի զինուորներ վիրաւորուած են:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին նշեց. «Ռուսիան եւ Թուրքիան Իտլիպի մէջ ուղղակի ճակատումի եզրին կը գտնուին»:

Թրքական աղբիւրներ «Սքայ Նիուզ»-ի յայտնեցին, որ թրքական իշխանութիւնները թրքական օդային տարածքը փակած են ռուսական պատերազմական օդանաւերու առջեւ:

Ըստ աղբիւրին, Թուրքիա ռուսական երկու «Սու-24» օդանաւերու արգիլած է իր օդային տարածքէն անցնիլ:

Եւրոպական Միութեան Ղեկավարները Կոչ Կ՛ուղղեն` Իտլիպի Մէջ Յարձակումը Դադրեցնելու

Եւրոպական Միութեան ղեկավարները Պրիւքսելի մէջ կայացած վեհաժողովին կոչ ուղղեցին` անմիջապէս դադրեցնելու Իտլիպի մէջ Սուրիոյ բանակին ու անոր դաշնակիցներուն յարձակումը` նշելով, որ անիկա «անընդունելի մարդկային հսկայական տառապանքներու պատճառ դարձած է»:

Միութեան ղեկավարները նաեւ կոչ ուղղեցին` մնայուն զինադադարի հաստատման եւ քաղաքայիններու պաշտպանութեան երաշխիքներու ապահովման, ինչպէս նաեւ Միջազգային քրէական դատարանին կոչ ուղղեցին` սերտելու Սուրիոյ կացութիւնը, որպէսզի «հաշուետուութեան ենթարկուին» միջազգային մարդասիրական օրէնքն ու մարդկային իրաւունքները ոտնահարողները:

Փութին-Մերքել-Մաքրոն Հեռաձայնային Եռակողմ Զրոյց

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել ունեցած են եռակողմանի հեռաձայնային զրոյց, որուն ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ տիրող իրավիճակը:

Քրեմլին հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ երեք ղեկավարները յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են Իտլիպի մէջ ստեղծուած իրավիճակին: Փութին մասնաւորաբար ընդգծած է ահաբեկչական վտանգը վերացնելու անհրաժեշտութիւնը` հետեւելով Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն:

Մաքրոն եւ Մերքել պատրաստակամութիւն յայտնած են նպաստելու Իտլիպի մէջ լարուածութեան նուազեցման: Կողմերը նաեւ ընդգծած են խաղաղ բնակչութեան համար մարդասիրական հետեւանքներու անթոյլատրելիութիւնը:

Բացի ատկէ, Ֆրանսայի նախագահն ու Գերմանիոյ վարչապետը պատրաստակամութիւն յայտնած են հանդիպելու Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ` քննարկելու համար Իտլիպի մէջ իրավիճակի սրումը:

Հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին ղեկավարները իրենց աջակցութիւնը յայտնած են նաեւ Լիպիոյ մէջ զինադադարի պահպանման ու երկխօսութեան շարունակութեան` մեկնելով պերլինեան վեհաժողովի որոշումներէն:

Ռուսիոյ նախագահը ցաւակցութիւն յայտնած է Մերքելին, 20 փետրուարին Հանաու քաղաքին մէջ տեղի ունեցած կրակոցի ընթացքին արձանագրուած 9 զոհերուն համար:

Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահական պալատը երէկ հաղորդեց, որ Էրտողան իր կարգին Ֆրանսայի նախագահին ու Գերմանիոյ վարչապետին հետ եռակողմանի հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Մաքրոնէն ու Մերքելէն խնդրած է «շօշափելի քայլերով» օժանդակել Իտլիպի մէջ մարդկային տագնապի կանխարգիլման:

 

Նախորդը

Իրանի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

Յաջորդը

Արաբական Դաշինքը Վնասազերծած Է Հուսիներու Կողմէ Սէուտական Քաղաքներու Վրայ Արձակուած Հրթիռներ

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?