Միջազգային

Ահաբեկչութեան Փորձ Ալմաթիի Մէջ. Ծայրայեղականները Ձերբակալուած Են

Ազգային անվտանգութեան կոմիտէի աշխատակիցները Ղազախիստանի մեծագոյն քաղաքներէն մէկուն` Ալմաթիի մէջ ձերբակալած են երկու ծայրայեղական խմբաւորման անդամներ, որոնք ահաբեկչութիւններ նախապատրաստած էին մարդոցմով խճողուած վայրերու մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: Ռուսական լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, թէ ձերբակալութիւնը կատարուած է 14 փետրուարին, եւ ձերբակալուածները դատարանի որոշումով կալանաւորուած են: Ծայրայեղականներու բնակութեան վայրին մէջ կատարուած խուզարկման գործողութիւններուն ընթացքին գրաւուած է ինքնաշէն պայթուցիկ սարք`...

Մոսկուայի Մէջ Ռուս-Թրքական Բանակցութիւններու  Ձախողութեան Պարագային.  Չաւուշօղլու Հնարաւոր Կը Նկատէ Յառաջիկայ  Օրերուն Փութին-Էրտողան Հանդիպում Մը

Մոսկուայի Մէջ Ռուս-Թրքական Բանակցութիւններու Ձախողութեան Պարագային. Չաւուշօղլու Հնարաւոր Կը Նկատէ Յառաջիկայ Օրերուն Փութին-Էրտողան Հանդիպում Մը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հաւանական նկատեց, որ Մոսկուայի մէջ ռուս-թրքական բանակցութիւններու ձախողութեան պարագային յառաջիկայ օրերուն Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեղի ունենայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին ղեկավարները պիտի քննարկեն Իտլիպի կացութիւնը: «Անոնք (ռուսական եւ թրքական պատուիրակութիւնները «Ա.») կարծիքներ փոխանակած են զինադադարի դրութեան հաստատման, Սոչիի յուշագիրի պայմաններու կատարման, ինչպէս նաեւ միացեալ հսկողութեան վերադառնալու...

Սուրիոյ Բանակը Հալէպի Արեւմտեան Գիւղական  Շրջանին Մէջ Ետ Մղեց Զինեալներու Յարձակումը

Սուրիոյ Բանակը Հալէպի Արեւմտեան Գիւղական Շրջանին Մէջ Ետ Մղեց Զինեալներու Յարձակումը

Սուրիոյ բանակը երէկ ետ մղեց Հալէպի արեւմտեան գիւղական շրջանի Քապթան Ժապալ ճակատին վրայ զինեալներուն կատարած յարձակումը: «Մայատին» հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը յառաջացած է «Ֆաուժ 111»-ի եւ Աթարեպ գիւղի ուղղութեամբ` այդ ճակատներուն վրայ եւ Իտլիպի գիւղական շրջանին մէջ` Քաֆարնապել եւ Արիհայի ուղղութեամբ, յարձակումներ գործելով Ժապհաթ Նուսրայի կեդրոններուն վրայ: Սուրիոյ բանակը մէկ օր առաջ Դամասկոսի արեւելեան Ղութայի Մազարեհ Ապ շրջանին մէջ յայտնաբերած...

«Թրամփի Յայտարարութիւնները Մեզ  Չեն Վախցներ, Եւ Ուաշինկթըն Մօտ Օրէն  Պիտի Տեսնէ Իրանցի Ժողովուրդին Կեցուածքը»  Ըսաւ Խամենէի

«Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ձախողութեան Պիտի Մատնեն Ամերիկացիներուն Եւ Սիոնականներուն Վատ Մտադրութիւնները» Կ՛ըսէ Խամենէի

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի երէկ յայտնեց, որ թշնամիին ծրագիրները ընտրութիւններուն ճամբով պիտի ձախողին, ինչպէս ձախողեցան իսլամական յեղափոխութեան տօնին եւ «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սլէյմանիի յուղարկաւորութեան ընթացքին: Սայետ Խամենէի դիտել տուաւ, որ ամերիկացիները իրենց երկրին մէջ եւս յարձակումի ենթակայ դարձան Սլէյմանին ահաբեկելու անմիտ արարքին պատճառով, որ իրենց ակնկալածին հակառակ արդիւնքը տուաւ` նշելով, թէ ամերիկացիք ուզած են ահաբեկել շրջանին...

«Միացեալ Նահանգներու Հետ Խաղաղութեան  Համաձայնագիրը Պիտի Ստորագրուի  Այս Ամսուան Վերջաւորութեան»  Կ՛ըսէ Թալեպան Շարժումը

«Միացեալ Նահանգներու Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Պիտի Ստորագրուի Այս Ամսուան Վերջաւորութեան» Կ՛ըսէ Թալեպան Շարժումը

Թալեպան շարժումի քաղաքական յանձնախումբի անդամ Ապտելսալամ Հանաֆի Տոհայի մէջ յայտարարեց. «Այժմ բանակցութիւնները վերջ գտան, եւ երկու կողմերը սկսան խաղաղութեան համաձայնութեան վերջնական նախագիծի պատրաստութեան»: «Երկու կողմերը համաձայնութիւնը պիտի ստորագրեն այս ամսուան վերջաւորութեան` համաձայնութեան կնքումէն առաջ բարենպաստ մթնոլորտ պատրաստելէ ետք», նշեց ան: Ամերիկացի պատուիրակ, թալեպաններուն մօտ աւագ բանագնաց Զալմայ Խալիլզատ իր կարգին յայտնեց. «Զգուշաւոր լաւատեսութիւն ունիմ, սակայն բաւարար իրատես եմ եւ գիտեմ,...

«Մտադիր Ենք Իսլամներու  Ուխտագնացութեան Համար  Դէպի Սէուտական Արաբիա Ուղղակի  Թռիչքներ Կազմակերպել»  Կ՛ըսէ «Լիքուտ» Պլոքի Ղեկավարը

«Մտադիր Ենք Իսլամներու Ուխտագնացութեան Համար Դէպի Սէուտական Արաբիա Ուղղակի Թռիչքներ Կազմակերպել» Կ՛ըսէ «Լիքուտ» Պլոքի Ղեկավարը

Իսրայէլեան խորհրդարանին` Քնեսեթի մէջ «Լիքուտ» խորհրդարանական պլոքի ղեկավար Միքի Զոհեր յայտնեց, որ աշխատանք կը տանի Իսրայէլի իսլամներուն ուխտագնացութեան երթեւեկը ապահովել ոչ թէ Յորդանանի ճամբով, այլ` ուղղակի թռիչքով դէպի Սէուտական Արաբիա: Ան յայտնեց, թէ այս հարցով յառաջընթաց արձանագրուած է եւ պիտի վերջնականացուի Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միջամտութեամբ: Ան համոզում յայտնեց, որ Նեթանիահու անձնապէս պիտի հետեւի «այս կարեւոր հարցին` գոյութիւն ունեցող որեւէ...

Սերպական Շրջանը Կը Սպառնայ  Անջատուիլ Պոսնիայէն

Սերպական Շրջանը Կը Սպառնայ Անջատուիլ Պոսնիայէն

Պոսնիոյ սերպերը կը սպառնան անջատուիլ Պոսնիայէն` փորձելով ձերբազատիլ երկրի գերագոյն դատարանին մէջ օտար դատաւորներէն: Անոնք այդպիսով կը ստեղծեն քաղաքական այլ տագնապի մը վտանգը: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՖՓ-ն: Պոսնիոյ Իսլամ-խրուաթ-սերպ դաշնակցային հանրապետութեան երեք մասերէն մէկը եղող Սերպական հանրապետութիւնը Պոսնիոյ սահմանադրական դատարանը բարեփոխելու համար 60 օրուան պայմանաժամ մը ճշդեց: «Ցտեսութիւն Պոսնիա՛, ողջո՛յն Սերպական հանրապետութիւն-ելք», ըսաւ Պոսնիոյ եռանդամ նախագահութեան սերպ անդամ Միլորատ...

Թուրքիոյ Մէջ Արտօնած Են ՖԵԹՕ-ի Հետ Կապեր  Ունենալով Կասկածելի  98 Այլ Անձերու Ձերբակալութիւն

Թուրքիոյ Մէջ Արտօնած Են ՖԵԹՕ-ի Հետ Կապեր Ունենալով Կասկածելի 98 Այլ Անձերու Ձերբակալութիւն

Թուրքիոյ դատախազութեան մարմինները հրամայած են կալանաւորել 98 անձեր, որոնք կասկածելի են «Ֆեթհուլլահականներու ահաբեկչական կազմակերպութեան» հետ կապեր ունենալնուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանը` նշելով, որ անոնցմէ 33-ը Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան գործող աշխատակիցներ են: Նախարարութեան աշխատակիցներու ձերբակալման գործողութիւնները միաժամանակ սկսած են երկիրի 15 նահանգներու մէջ, ներառեալ` Անգարայի:  Մինչեւ հիմա 71 կասկածեալներէն 50-ը ձերբակալուած են: Կալանաւորման գիր տրուած են ոչ...

«Հիթլերի Ատելութիւնը Ռուսիան Դարձուց  Գերտէրութիւն» Կը Գրէ «Նաշընըլ Ինթըրեսթ»

«Հիթլերի Ատելութիւնը Ռուսիան Դարձուց Գերտէրութիւն» Կը Գրէ «Նաշընըլ Ինթըրեսթ»

Ատոլֆ Հիթլեր կ՛ուզէր Ռուսիան վերածել Գերմանիոյ հսկայական գաղութի, սակայն անոր քայլերը պատճառ դարձան, որ Գերմանիոյ մէկ մասը ենթարկուի Մոսկուային, իսկ Խորհրդային Միութիւնը դարձաւ գերտէրութիւն: Այս մասին կը գրէ «Նաշընըլ Ինթըրեսթ» պարբերաթերթը: Ամերիկեան պարբերաթերթը կը նշէ, որ 22 յունիս 1941-ին 4 միլիոն նացի զինուորներ կ՛երազէին տեսնել Քրեմլինի աշտարակները, սակայն փոխարէնը սկսան իրադարձութիւններու շղթայի մը, որ մինչեւ հիմա կը բնութագրէ ներկայ աշխարհը:...

Չինաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը  Կանխարգիլելու Համար Սկսած Են  Թղթադրամներ Ոչնչացնել

Չինաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը Կանխարգիլելու Համար Սկսած Են Թղթադրամներ Ոչնչացնել

Չինաստանի իշխանութիւնը որոշած է ոչնչացնել «Քորոնա» ժահրէն ամէնէն աւելի վնասուած տարածքներէն հաւաքուած գումարներուն մէկ մասը: Այս մասին կը հաղորդէ «Պիզնես Ինսայտըր» պարբերաթերթը: Որոշումը կը վերաբերի հիւանդանոցներէն, շուկաներէն, փոխադրակառքերէն եւ ժահրի տարածման այլ վայրերէն հաւաքուած թղթադրամներուն: Բացի ատկէ, երկիրի կեդրոնական դրամատունը հրամայած է, որ առեւտրական վարկային կազմակերպութիւնները վարակուած տարածքներէն հաւաքուած գումարները առանձին պահեն: Կը նշուի, որ ոչնչացուած թղթադրամներուն մէկ մասը պիտի...

Թուրքիան Սկսած Է Հրաժարիլ  Ռուսական Կազէն

Թուրքիան Սկսած Է Հրաժարիլ Ռուսական Կազէն

Ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան մատակարարումները Թուրքիա 2019-ին` 2018 թուականին հետ բաղդատելով, կրճատած են 40 առ հարիւրով` ներածուող հեղուկ բնական կազի եւ Ազրպէյճանէն ներածուող կազի հաշուոյն: Ըստ Թուրքիոյ ուժանիւթի շուկան կարգաւորող խորհուրդի տուեալներուն, 2019 թուականին Ռուսիայէն թրքական շուկայ մուտք գործած է 14,4-14,8 միլիառ խորանարդ մեթր կազ: Թուրքիան վերջին 13 տարուան ընթացքին առաջին անգամ լքած է «Կազփրոմ»-ի մեծագոյն գնորդներու եռեակը, որուն մէջ ներկայիս...

Ըստ ՕԹԱՆ-էն Դիւանագիտական Աղբիւրի Մը.  ՕԹԱՆ Չի Քննարկեր Իտլիպի Մէջ Թուրքիոյ  Զինուորական Օժանդակութիւն Տրամադրելու Հարցը

Ըստ ՕԹԱՆ-էն Դիւանագիտական Աղբիւրի Մը. ՕԹԱՆ Չի Քննարկեր Իտլիպի Մէջ Թուրքիոյ Զինուորական Օժանդակութիւն Տրամադրելու Հարցը

ՕԹԱՆ մտադիր չէ զինուորական աջակցութիւն տրամադրել Անգարային` Սուրիոյ հիւսիսը Թուրքիոյ կողմէ կատարուելիք զինուորական գործողութեան մը պարագային: Այս մասին երէկ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի երկիրներէն մէկուն առաքելութենէն դիւանագիտական աղբիւր մը: «ՕԹԱՆ-ի երկիրները պիտի չպաշտպանեն 5-րդ յօդուածի գործարկումը փետրուարին սկիզբը Իտլիպի մէջ թուրք զինուորներու զոհուելուն պատճառով», ընդգծած է ան: «ՕԹԱՆ չի քննարկեր այդ տարածաշրջանին մէջ գործողութիւն սկսելու...

«Սուրիան Պիտի Շարունակէ Հալէպն  Ու Իտլիպը Ազատագրել Ահաբեկիչներէն»  Ըսաւ Ասատ

«Սուրիան Պիտի Շարունակէ Հալէպն Ու Իտլիպը Ազատագրել Ահաբեկիչներէն» Ըսաւ Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ յայտարարեց, որ Սուրիան պիտի շարունակէ Հալէպն ու Իտլիպը ազատագրել ահաբեկիչներէն` հակառակ արտաքին ճնշումին: Այս մասին հաղորդեց Սուրիոյ նախագահական պալատը: «Հալէպի եւ Իտլիպի ազատագրման ճակատամարտը կը շարունակուի», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը կը շարունակուի հակառակ արտաքին ճնշումին եւ «Սուրիոյ հիւսիսային սահմաններէն լսուող սին խօսքերուն ու ճիչերուն»: «Մենք ամբողջովին կը գիտակցինք, որ այս ազատագրումը չի...

Լաւրով Անհաւանական Կը Նկատէ, Որ «Դարու  Գործարք»-ը Նպաստէ Միջին  Արեւելքի Տագնապի Լուծման

Լաւրով Անհաւանական Կը Նկատէ, Որ «Դարու Գործարք»-ը Նպաստէ Միջին Արեւելքի Տագնապի Լուծման

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով անհաւանական նկատեց, որ «Դարու գործարք»-ը նպաստէ Միջին Արեւելքի տագնապին լուծման` լուսարձակի տակ առնելով այն, որ Ուաշինկթըն հիմնական կերպով անտեսեց միջազգայնօրէն ընդունուած իրաւական շրջագիծը, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ու ընդհանուր ժողովին որոշումները, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը իտալական «Լա Սթամփա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Միացեալ Նահանգներ իր ոճով կ՛առաջարկէ մէկ հարուածով լուծել...

Թրամփ Ռուսական Իշխանութիւններուն  Կոչ Կ՛ուղղէ` Իտլիպի Մէջ  Սուրիոյ Բանակին Չաջակցելու

Թրամփ Ռուսական Իշխանութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Իտլիպի Մէջ Սուրիոյ Բանակին Չաջակցելու

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ռուսական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` Իտլիպի մէջ Սուրիոյ բանակին չաջակցելու: Թրամփի եւ իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք Սպիտակ տունը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց. «Նախագահ Թրամփ մտահոգ է Իտլիպի մէջ բռնարարքներու աճով. ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Էրտողանին այդտեղ մարդկային աղէտի մը արձանագրումը արգիլելու ջանքերուն համար»: Թուրքիոյ նախագահութիւնը, իր կարգին, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց,...

Պատմական Քայլով Մը.  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Արաբական  Առաջին Հիւլէական Կայանի  Գործարկման Արտօնագիր Ստացած Են

Պատմական Քայլով Մը. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Արաբական Առաջին Հիւլէական Կայանի Գործարկման Արտօնագիր Ստացած Են

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հիւլէական գործունէութեան կարգաւորման ազգային գործակալութիւնը (ՖԱՆՌ) էմիրութիւններուն մէջ «Պարաքէ» հիւլէական կայանի առաջին պլոքի գործարկման արտօնագիր տուած է: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միջազգային հիւլէական գործակալութեան մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մնայուն ներկայացուցիչ եւ գործակալութեան տնօրէններու խորհուրդի փոխ նախագահ Համատ Քաապին: Մամլոյ ասուլիսը վարչութեան կողմէ հեռարձակուած է ընկերային ցանցի վրայ: «Պաշտօնապէս կը...

Անգարայի Մէջ Պղծուած Են  Ռուսերու Գերեզմաններ

Անգարայի Մէջ Պղծուած Են Ռուսերու Գերեզմաններ

Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի Օրթաքէօյ գերեզմանատան մէջ պղծուած են քսան քրիստոնեաներու գերեզմաններ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիէթ»-ը: Բարբարոսները եղած են 6 դեռահասներ, որոնք ջարդած եւ շրջած են գերեզմանները: Պղծուած են մեծ մասամբ ռուս քրիստոնեաներուն պատկանող գերեզմանները: Գերեզմանատան մէջ կայ ընդամէնը 72 ոչ իսլամական գերեզմաններ: Գերեզմանատան պահակներ ձերբակալած էին յանցագործները, սակայն ոստիկանութիւնը, զանոնք հարցաքննելէ ետք, ազատ արձակած է: Անգարայի մէջ Ռուսիոյ...

Ազրպէյճանի Ոստիկանութիւնը Դարձեալ  Բռնի Ուժով Ցրուած Է Ընդդիմութեան Բողոքի  Ցոյցը Եւ Ձերբակալած 55 Ցուցարարներ

Ազրպէյճանի Ոստիկանութիւնը Դարձեալ Բռնի Ուժով Ցրուած Է Ընդդիմութեան Բողոքի Ցոյցը Եւ Ձերբակալած 55 Ցուցարարներ

Կիրակի, 16 փետրուարին Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի ընդդիմադիր «Մուսաւաթ» կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ, Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի կեդրոնատեղիին առջեւ տեղի ունեցած է բողոքի ցոյց մը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թուրան» կայքը: Կալանաւորուածներու շարքին կային նաեւ երեսփոխանական թեկնածուներ, որոնք եկած էին ստանալու պատասխանը իրենց ներկայացուցած բողոքներուն, որոնք կը վերաբերէին խորհրդարանական ընտրութիւններուն արձանագրուած կեղծիքներուն: Ոստիկանները, որոնք փակած էին շէնքին բոլոր մուտքերը, ժամը 15:00-ին սկսած են...

Միացեալ Նահանգներ Թալեպաններու Հետ  Համաձայնութիւն Գոյացնելէ Ետք Պիտի Յետաձգեն Աֆղանիստանի Մէջ Իրենց Գործողութիւնները

Միացեալ Նահանգներ Թալեպաններու Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելէ Ետք Պիտի Յետաձգեն Աֆղանիստանի Մէջ Իրենց Գործողութիւնները

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր յայտարարած է, որ  Թալեպան շարժումին հետ Աֆղանիստանի մէջ բռնութեան կրճատման վերաբերեալ համաձայնութիւն գոյացնելէ ետք, մտադիր են յետաձգել Աֆղանիստանի մէջ իրենց գործողութիւններուն զգալի մասը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Ես չեմ կրնար մանրամասնութիւններ հաղորդել, սակայն մենք համաձայնած ենք քանի մը բանի շուրջ, որ պէտք չէ ընենք: Կ՛ուզեմ ըսել, որ մենք մտադիր ենք...

Ռամիլ Սաֆարովը Արտայանձնած Հունգարիան  Մտադիր Է Կազ Գնել Ազրպէյճանէն

Ռամիլ Սաֆարովը Արտայանձնած Հունգարիան Մտադիր Է Կազ Գնել Ազրպէյճանէն

Հունգարիան մտադիր է 2023 թուականէն սկսիլ ազրպէյճանական կազի ներածման: «Ինթերֆաքս»-ի ազրպէյճանական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցած Ազրպէյճան-Հունգարիա միջկառավարական յանձնախումբի ժողովին յայտարարած է Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթոն: «Ամէնամեայ 1-2 միլիառ խորանարդ կազը, որ Հունգարիան Ազրպէյճանէն պիտի ստանայ, զգալիօրէն պիտի բարձրացնէ երկիրի ուժանիւթային ապահովութիւնը: Հունգարիան պիտի կարենայ կազ ներածել 2023 թուականէն սկսեալ», ըսած է Սիրարթոն`...

Page 481 of 884 1 … 480 481 482 … 884

Արխիւներ