Իրանի մէջ ուրբաթ օր տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն Մուհամետ Պաքերքալիպաֆի գլխաւորած պահպանողական հոսանքը մեծ յաղթանակ արձանագրեց` ապահովելով խորհրդարանի 290 աթոռներուն 75 առ հարիւրը, անկախները` 18 առ հարիւրը, իսկ չափաւորականները` միայն 6 առ հարիւրը:
Ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը 42,57 առ հարիւր էր:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի երէկ իրանցի ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնեց` ընտրութիւնները նկատելով «մեծ եւ հարկաւոր քննութիւն մը», եւ նշելով, որ ժողովուրդը ձախողութեան մատնեց թշնամիներուն քարոզչութիւնը:
Ան յայտնեց, որ թշնամին ամիսներ առաջ սկսած է իր քարոզչութեան, որ ընտրութիւններու թուականին մօտենալով շեշտուած է: Սայետ Խամենէի ըսաւ, որ թշնամին շահագործած է «Քորոնա» ժահրով վարակումները իրանցի ժողովուրդը ընտրութիւններէն հեռու պահելու համար:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը նշեց, որ իսլամական համակարգին մէջ ընտրութիւնները կը հերքեն թշնամիին այն պնդումները, թէ կրօնքը, ազատութեան ու ժողովրդավարութեան հետ անհամատեղելի է` աւելցնելով, որ անոնք փաստած են, որ կրօնքը ամբողջական ժողովրդավարութեան ամբողջական ձեւ է:



