Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին Կը Զօրակցի Վեհաժողովի Գաղափարին. Էրտողան Կը Յայտարարէ Իտլիպի Հարցով Ռուսիոյ, Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Ղեկավարներուն Հետ Խորհրդաժողովին Մասին

Փետրուար 24, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր յայտարարեց, որ 5 մարտին պիտի գումարուի Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներուն հետ վեհաժողով մը` քննարկելու համար Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ տիրող կացութիւնը:

Էրտողան պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին յայտնեց, որ ուրբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ու Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ եւ քննարկած բախումներու դադրեցման եւ մարդասիրական տագնապին վերջ տալու համար Սուրիոյ շուրջ քառակողմանի վեհաժողովի մը գումարման հարցը:

Էրտողան նշեալ վեհաժողովի թուականը չյայտարարեց:

Ֆրանսայի նախագահը ուրբաթ օր յայտնած էր. «Պէտք է ամէնէն մօտիկ ժամանակին Գերմանիոյ, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հետ ժողով մը գումարենք»:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ նշեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կը զօրակցի Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի ղեկավարներուն մասնակցութեամբ Սուրիոյ շուրջ վեհաժողովի մը գումարման:

Փեսքով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին աւելցուց, որ Անգարան չյարգեց Իտլիպի հարցին շուրջ Սոչիիի համաձայնութեամբ իր ստանձնած յանձնառութիւնները եւ կոչ ուղղեց` «խուսափելու Իտլիպի կացութեան լարուածութեան լոյսին տակ ռուս¬թրքական յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ ժխտական բեմագրութիւններ կառուցելէ»:

Թուրքիոյ նախագահութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Ֆախրեթթին Ալթուն շեշտեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ահաւոր քայլերը պատճառ կը դառնան անմեղներու սպանութեան եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան քայքայման: Մեր համբերութիւնը իսկապէս սպառեցաւ, սակայն Ռուսիոյ գործակցութեան կը վստահինք»:

«Ասատի վարչակարգին տրամադրուած ռուսական աջակցութիւնը պատճառ դարձաւ տարածաշրջանին մէջ արդէն իսկ աղէտալի եղող մարդասիրական կացութեան վատթարացման: Մեր սահմանին վրայ միլիոն տեղահանուածներ եւ մեր անվտանգութեան հետզհետէ աճող սպառնալիք կը դիմակայենք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իր երկիրը Ռուսիոյ հետ Սոչիի մէջ համաձայնութիւն գոյացուցած է, եւ իրենք աշխատանք կը տանին այդ համաձայնութեան կէտերը գործադրելու:

Ալթուն յոյս յայտնեց, որ բոլոր կողմերը կը յարգեն իրենց խոստումները եւ կը փորձեն կայունութիւնը երաշխաւորել, «բայց եւ այնպէս պիտի չտատամսինք մեր ուժերը որեւէ սպառնալիքէ պաշտպանելու, եւ ոչ ոք պէտք է մեր վճռականութիւնը փորձէ»:

Մինչ այդ` Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը յայտարարեց, թէ ռուսական ռմբաձիգներ օդային շարք մը յարձակումներ գործած են` թիրախ դարձնելով Իտլիպ քաղաքի հարաւը գտնուող Մասթումա ռազմակայանին մէջ տեղակայուած թրքական ուժերուն կեդրոնին մերձակայքը, ինչպէս նաեւ Ժապալ Զաուիա, Ժապալ Արպաաին շրջանները եւ հրթիռակոծած Ժապալ Զաուիայի մօտիկ շրջաններ:

Դիտարանը նաեւ հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակէն ծանր զէնքերով զինուած մեծաթիւ ուժեր հասած են Ժապալ Զաուիայի Քաֆար Սաժնա ճակատ:

Միւս կողմէ` թրքական բանակի 65 զինուորական մեքենաներէ բաղկացած նոր շարասիւն մը Ալեքսանտրեթի Քաֆարլուսին սահմանային անցքէն մուտք գործած է Սուրիա եւ ուղղուած Ժապալ Զաուիայի մէջ Հասըմ Պարա եւ Քաֆարնապել շրջաններ:

«Լեպանոն Ֆայլզ», իր կարգին, երէկ հաղորդեց, որ Իտլիպի արեւելեան շրջանին մէջ թրքական բանակի կողմէ Սուրիոյ բանակի դիրքերուն վրայ ռմբակոծումէն ետք, երկու կողմերուն միջեւ բախում մը ընթացք առած է:

Սուրիոյ բանակը շաբաթ օր յայտարարած էր, թէ որեւէ օդանաւի կողմէ սուրիական օդային տարածքի ոտնահարումը պիտի նկատէ զինուորական ներխուժում եւ համապատասխան վերաբերում պիտի ունենայ զայն կատարող օդանաւին հետ: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նոյն օր հաղորդած էր, որ Իտլիպի մէջ Սուրիոյ բանակին կողմէ ռմբակոծման պատճառով սպաննուած է թուրք զինուոր մը:

Նախորդը

Իրանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ. Պահպանողական Հոսանքը Մեծ Յաղթանակ Արձանագրեց

Յաջորդը

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխի Եւ Լայփցիկի Միջեւ Կէտի Մը Տարբերութիւնը Մնաց Անփոփոխ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?