Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա. «Ուաշինկթընի Պատժամիջոցները Պիտի Չազդեն Վենեզուելայի, Սուրիոյ Եւ Իրանի Հետ Գործակցելու Մեր Ընթացքին Վրայ»

February 24, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներու կողմէ ռուսական «Ռոսնեթֆ» ընկերութեան դէմ պատժամիջոցներու հաստատումէն ետք յայտնեց. «Մոսկուան ամբողջովին կը մերժէ միակողմանի պատժամիջոցները, որոնց միջոցով Միացեալ Նահանգներ աշխուժ կերպով կը ջանայ տիրել աշխարհին եւ զայն ենթարկել իր կամքին»:

«Այս պատժամիջոցները պիտի չազդեն ու չեն կրնար ազդել միջազգային հարցերու մէջ Ռուսիոյ որդեգրած ուղիին վրայ, ներառեալ` Վենեզուելայի, Սուրիոյ, Իրանի կամ որեւէ այլ երկիրի օրինական իշխանութիւններուն հետ գործակցութեան», աւելցուց նախարարութիւնը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ յաճախ ամերիկեան պատժամիջոցներու ետին եղող Ուաշինկթընի աշխարհաքաղաքական նպատակներուն կողքին գոյութիւն ունին նաեւ միջազգային շուկաներուն մէջ ռուսական ընկերութիւններուն հետ արդար մրցակցութեան չդիմացող ամերիկեան ընկերութիւններուն համար առաւելութիւններ ստեղծելու փափաք մը: «Ամերիկային վարած պատժամիջոցներու քանդիչ քաղաքականութիւնը հետզհետէ աւելի կը վնասէ միջազգային ազատ առեւտուրին, զոր ամերիկացիները միայն խօսքով կը ջատագովեն», յայտնեց նախարարութիւնը:

«Ժամանակն է, որ Ուաշինկթընի մէջ քաղաքագէտները անդրադառնան, թէ Ռուսիոյ վրայ տնտեսական ու զինուորական ճնշումով ոչինչ պիտի իրագործեն, այլ երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելի պիտի վատթարացնեն», նշեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

 

Նախորդը

Թուրք Գրող Ասլը Էրտողան Թուրքիոյ Մէջ Տիրող Համակարգը Կը Նկատէ «Ֆաշական» Եւ «Նոր Ֆաշական»

Յաջորդը

ԵԽԽՎ Համազեկուցողները Մտահոգութիւն Յայտնած Են Ազրպէյճանի Մէջ Ցոյցերու Բռնի Ուժով Ցրուելու Վերաբերեալ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.