Ամերիկեան Զգուշացումներ` «Քորոնա»-ին «Համաշխարհային Համաճարակի» Վերածուելէ
Հիւանդութիւններու դէմ պայքարի ամերիկեան կեդրոնէն` «Սի.Տի.Սի.»-էն բժշկական պատասխանատուներ զգուշացուցին, որ «Քորոնա»-ի համաշխարհային համաճարակի վերածուիլը այլեւս կարելիութիւն մը չէ, այլ ժամանակի հարց: Միացեալ Նահանգներու առողջապահութեան նախարար Ալեքս Ազար իր կարգին հաւանական նկատեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրով յաւելեալ վարակումներ ըլլան: Նախարարը նշեց, որ Ուաշինկթըն տարրալուծարանային հետեւողական աշխատանքով կը միտի ժահրը վերահսկողութեան ենթարկելու իր պատրաստուածութիւնը ամրապնդել: Ան յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը...




















