Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Գրող Ասլը Էրտողան Թուրքիոյ Մէջ Տիրող Համակարգը Կը Նկատէ «Ֆաշական» Եւ «Նոր Ֆաշական»

February 24, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիա բնակող թուրք գրող Ասլը Էրտողան յայտարարած է, որ մտադիր չէ վերադառնալ Թուրքիա: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը` յղում կատարելով ԱՖՓ լրատու գործակալութեան:

Ասլը Էրտողան 15 յուլիս 2016-ին, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձէն ետք, փակուած «Էօզկիւր Կիւնտեմ» օրաթերթի դէմ ընթացող դատավարութեան ծիրին մէջ մեղադրուած էր «պետութեան միասնականութիւնն ու ամբողջականութիւնը խարխլելու» եւ «զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման անդամ ըլլալու» յանցանքով:

Թուրք գրողը կալանաւորուած էր օգոստոս 2016-ին: Նոյն տարուան նոյեմբերին ան արդարացուած էր «պետութեան միասնականութիւնն ու ամբողջականութիւնը խարխլելու» մեղադրանքի մասով, սակայն շարունակած էր կալանքի տակ մնալ միւս յանցանքին համար: Ան ազատ արձակուած էր 133 օր բանտարկուած մնալէ ետք:

Երկու տարիէ Գերմանիա բնակող գրողը նշած է, որ իրեն համար անակնկալ էր ազատ արձակման որոշումը:

«Անկեղծ` ես շատ զարմացայ: Գրեթէ բոլորը համոզուած էին, որ ես պատիժ պիտի ստանամ: Ներկայ պահուս, հաշուի առնելով բանտարկուելու վտանգը, չեմ կրնար վերադառնալ: Անգամ մը եւս կալանաւորուիլը ինծի համար հաւասար պիտի ըլլայ մահուան», նշած է գրողը` Թուրքիոյ մէջ տիրող համակարգը կոչելով «ֆաշական» եւ «նոր ֆաշական»:

Ասլը Էրտողանի գիրքերը թարգմանուած են տարբեր լեզուներու: 2018 թուականին գրողը արժանացած է ֆրանսացի գրող եւ փիլիսոփայ «Սիմոն տը Պովուար»-ի անուան մրցանակին:

 

Նախորդը

Ֆրանսա Պիտի Սահմանափակէ Մզկիթներու Գործունէութիւնը. «Թրքական Օրէնքները Անընդունելի Են Ֆրանսայի Հողին Վրայ» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Յաջորդը

Մոսկուա. «Ուաշինկթընի Պատժամիջոցները Պիտի Չազդեն Վենեզուելայի, Սուրիոյ Եւ Իրանի Հետ Գործակցելու Մեր Ընթացքին Վրայ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի  Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր  Ժողովներ Գումարուած Են»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր Ժողովներ Գումարուած Են»

September 23, 2026
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  Թրամփ. «Կը Կարծեմ Ամերիկեան Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ետք Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Գոյացնենք»
Միջազգային

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` Թրամփ. «Կը Կարծեմ Ամերիկեան Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ետք Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Գոյացնենք»

September 23, 2026
Քաց. «Իսրայէլեան Ուժերը Կազայի,  Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Մնան»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլեան Ուժերը Կազայի, Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Մնան»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.