Երէկ առաւօտեան Իրանի մէջ ընթացք առին իսլամական հանրապետութեան պատմութեան 11-րդ խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց զուգահեռ տեղի ունեցան Ղեկավարման փորձագէտներու խորհուրդի միջանկեալ ընտրութիւնները:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սայետ Ալի Խամենէի ընտրութիւններուն սկիզբը քուէարկելով յայտնեց, թէ ընտրութիւններու օրը ազգային տօն է` կոչ ուղղելով մասնակցելու երկիրի կառավարման եւ ընդգծելով` «քուէարկելը կրօնական պարտաւորութիւն է»:
Աւելի քան 7000 թեկնածուներ կը մրցին խորհրդարանի 290 աթոռներուն համար, որոնցմէ 5-ը փոքրամասնութիւններու (2 հայերու) համար է:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւասութիւն ունին 57 միլիոն 918 հազար քուէարկողներ, որոնցմէ 2 միլիոն 931 հազարը առաջին անգամ ըլլալով կը կիրարկեն քուէարկելու իրենց իրաւունքը:
Ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան 208 ընտրական տարածքներու մէջ, իսկ քուէարկութիւնը կը կատարուի 55 հազար քուէարկութեան կեդրոններու մէջ:
Առաւօտեան ժամերէն մեծաթիւ քաղաքացիներ սկսան մասնակցիլ քուէարկութեան, ներառեալ Քոմ քաղաքին մէջ` հակառակ այդտեղ յայտնաբերուած «Քորոնա» ժահրով վարակման 2 պարագաներուն: