Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քորոնա» Ժահրի Պատճառով Արտակարգ Դրութիւններ Եւ Առողջապահական Մեկուսացում

Մարտ 16, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխարհի վրայ նոր «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով մահացածներուն թիւը շրջանցեց 6000-ը, երբ Սպանիան յայտարարեց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին իր հողերուն վրայ ժահրին պատճառով արձանագրուած է 105 մահ, եւ 2000 վարակման նոր պարագաներ յայտնաբերուած են:

Ընդհանուր առմամբ աշխարհի վրայ վարակուած 159844 անձերէն 6036-ը մահացան: Չինաստան կը շարունակէ մնալ ամէնէն մեծաթիւ մահեր ունեցող երկիրը (3199), սակայն ժահրը սկսած է շատ արագ տարածուիլ Եւրոպայի մէջ, ուր արձանագրուած են 1907 մահեր, որոնցմէ 1441-ը` Իտալիոյ մէջ, իսկ 288-ը` Սպանիոյ մէջ:

Նշեալ երկիրները Եւրոպայի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակէն ամէնէն շատ ազդուած երկիրներն են: Զուիցերիոյ մէջ եւ մէկ օրուան ընթացքին 841 նոր վարակումներ արձանագրուեցան, այդ պատճառով ալ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 2200-ի: Մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 13-ի:

Աւստրիոյ իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ ամբողջ երկիրը կը փակեն, բացի սննդեղէնի խանութներէն: Գերմանիան փակեց Աւստրիոյ, Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ հետ իր սահմանները: Չեխիա ամբողջ երկիրը առաւ առողջապահական մեկուսացումի մէջ: Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը դիպուկ կերպով նշեց. «100 միլիոն եւրոպացիներ «Քորոնա» ժահրին պատճառով առողջապահական մեկուսացումի մէջ յայտնուած են»:

Իրաքի խորհրդարանը եւս պահանջեց երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարել:

Վատիկան երէկ յայտարարեց, որ Ս. Զատիկի կրօնական բոլոր արարողութիւնները պիտի կատարուին առանց հաւատացեալներու ներկայութեան:

Երէկ նաեւ յայտարարուեցաւ Աքսայի մզկիթի փակման մասին:

Իրանի մէջ եւս մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրէն մահացած է 113 մարդ` մահացածներուն թիւը բարձրացնելով 724-ի: Ժահրէն վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 13938-ի:

Իրանի առողջապահութեան նախարարի խորհրդական Ալի Ռեզա Վահապզատէ նշեց, որ երկրին մէջ «Քորոնա»-էն մահացածներուն թիւը առաջին անգամ ըլլալով գերազանցած է 100-ը:

Իրանցի պաշտօնատարին համաձայն, նախորդ օրուան կէսէն մինչեւ երէկ վարակման 1209 նոր դէպք արձանագրուած է, իսկ առողջացած է 4590 մարդ:

Մինչ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի կառավարութիւնը որոշեց կրակմարի դրութիւնը յաւելեալ երեք օրով երկարաձգել, Ղազախստանի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուեցաւ:

Օմանի մէջ «Քորոնա» ժահրէն վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 21-ի, Ալճերիոյ մէջ` 44-ի, Աֆղանիստանի մէջ` 16-ի, Սէուտական Արաբիոյ մէջ` 100-ի, Յորդանանի մէջ` 6-ի, Օմանի մէջ` 21-ի, Իսրայէլի մէջ` 213-ի, Իրաքի մէջ` 7-ի, Ռուսիոյ մէջ` 63-ի, Հնդկաստանի մէջ` 107-ի:

Ուզպեքիստանի, Կեդրոնական Ափրիկէի եւ Քոնկոյի մէջ արձանագրուեցան վարակման առաջին պարագաները, իսկ Հունգարիոյ մէջ` առաջին մահը:

 

Նախորդը

Իրան «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Յետաձգած Է Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Երկրորդ Փուլը

Յաջորդը

Ցուցարարներ Կը Փորձեն Արգելք Հանդիսանալ Հալէպ-Լաթաքիա Մայրուղիին Վրայ Ռուս-Թրքական Առաջին Հսկողութեան Ուժին

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?