Ռուսիոյ բնակիչներուն մեծ մասը` 64 առ հարիւրը պատրաստ է սահմանադրական բարեփոխումներուն թեր քուէարկելու: Բնակիչներուն միայն 15 առ հարիւրը դէմ պիտի քուէարկէ, իսկ 21 առ հարիւրը տակաւին չէ կողմնորոշուած: Այս մասին կը վկայեն Հանրային կարծիքի հետազօտման համառուսական կեդրոնին կողմէ կատարուած հարցախոյզին արդիւնքները:
Հարցախոյզի մասնակիցներուն 87 առ հարիւրը տեղեակ է տեղի ունենալիք քուէարկութեան մասին, իւրաքանչիւր երկրորդ քաղաքացի գիտէ քուէարկութեան ճշգրիտ օրը:
Ռուսերուն 73 առ հարիւրը նշած է, որ լսած է պետական Տումայի երեսփոխան Վալենթինա Թերեշքովայի` նախագահական նստաշրջանի ժամկէտներու զերոյացման առաջարկին մասին:
Հարցախոյզի մասնակիցներուն 69 առ հարիւրը կը պատրաստուի 22 ապրիլին այցելել ընտրական տեղամասեր:
Սահմանադրական բարեփոխումներուն թեր քուէարկողներուն թիւը 6 մարտէն ետք աւելցած է 12 առ հարիւրով, որովհետեւ նախապէս ընդհանուր ցուցանիշը 42 առ հարիւր կը կազմէր:
Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդը վաւերացուցած էր սահմանադրական բարեփոխումներու մասին օրինագիծը: Ռուսիոյ պետական Տուման երրորդ ընթերցումով որդեգրած էր սահմանադրական փոփոխութիւններու մասին նախագահական օրէնքը:
Երկրի գործող սահմանադրութիւնը չ՛արտօներ նախագահի պաշտօնավարման երկու անընդմէջ ժամկէտէն աւելի ժամկէտ, սակայն համապատասխան սահմանադրական բարեփոխում կատարելէ ետք, գործող նախագահը պիտի կարենայ դարձեալ առաջադրուիլ նախագահի պաշտօնին:



