Իրան «Քորոնա» ժահրին պատճառով երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը յետաձգած է մինչեւ սեպտեմբեր: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Իրանի սահմանադրութեան պահանման խորհուրդի բանբեր Ապպաս Ալի Քատխոտայիին:
«Նկատի ունենալով երկրին իրավիճակը, յարգելի ներքին գործոց նախարարը առաջարկած է երկրորդ փուլի կատարման թուականը 17 ապրիլէն փոխել սեպտեմբեր 2020-ին: Երկու առաջարկուած թուականներէն` 11 կամ 18 սեպտեմբեր, Սահմանադրութեան պահպանման խորհուրդը իր համաձայնութիւնը տուած է երկրորդ փուլը կատարել 11 սեպտեմբերին», յայտարարած է Քատխոտայի:
Իրանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջին փուլը տեղի ունեցած է 21 փետրուարին. ինչպէս կը սպասուէր, երեսփոխանական աթոռներուն մեծամասնութիւնը ստացած են պահպանողականները (290 աթոռներէն աւելի քան 200-ը): Երեսփոխանական աթոռներու աւելի յստակ բաշխումը տեղի պիտի ունենայ երկրորդ փուլէն ետք: