Եւրոպական յանձնաժողովի ներքին քաղաքականութեան յանձնակատար Իլվա Եոհանսըն յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը 2000 եւրօ պիտի վճարէ Յունաստանի մէջ գաղթականներու ճամբարներու մէջ գտնուող ոեւէ գաղթականի, որ կ՛ուզէ իր երկիրը վերադառնալ:
Ան նշեց, որ այդ ուղղութեամբ համաձայնութիւն գոյացած է յունական կառավարութեան հետ:
«Դրամական առաջարկը միայն մէկ ամսուան համար է եւ յատկացուած է գաղթականներուն, որոնք յունուարէն առաջ հասած են: Գոյութիւն ունին 5 հազար գաղթականներ, որոնք կրնան այս առաջարկէն օգտուիլ եւ կամովին վերադառնալ իրենց երկիրները», նշեց Եոհանսըն:
Նշենք, որ հարիւրաւոր գաղթականներ ու տեղահանուածներ Եգէական ծովուն ճամբով նաւերով հասան Թուրքիոյ մօտ գտնուող յունական կղզիներ:



