Թրամփի վարչակազմը յայտարարած է դէպի Եւրոպա եւ Եւրոպայէն Միացեալ Նահանգներ ճամբորդութիւններու սահմանափակումներու ընդլայնման մասին` Բրիտանիան եւ Իրլանտան ներառելով արգելքի տակ յայտնուած երկիրներու ցանկին վրայ:
«Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ կը սերտէ Միացեալ Նահանգներու մէջ ուղեւորութիւնները սահմանափակելու տարբերակը, սակայն մանրամասնութիւններ չէ փոխանցած:
Յիշեցնենք, որ ամերիկեան վարչակազմը նախապէս «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու նպատակով արգիլած էր եւրոպական 26 երկիրներու քաղաքացիներու մուտքը Միացեալ Նահանգներ` բացառութեամբ Բրիտանիոյ:
Նշենք, որ Թրամփ եւս ենթարկուած է «Քորոնա» ժահրի յայտնաբերման քննութեան, որուն պատասխանը բացասական եղած է: Նախապէս Թրամփ արտակարգ դրութիւն յայտարարած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ: