Ռուսիոյ պետական Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին անդրադարձած է երկրի գործող նախագահին դարձեալ վերընտրուելու կարելիութիւն տուող սահմանադրական փոփոխութիւններու նիւթին: Ան յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահը այլ պետութիւններու կողմէ կ՛ընկալուի իբրեւ խնդիրները արդիւնաւէտ կերպով լուծող մարդ, որ ունակ է զարգացնելու Ռուսիան:
«Այսօր Փութինը այլ պետութիւններու կողմէ կ՛ընդունուի իբրեւ մարդ, որ արդիւնաւէտ կերպով կը լուծէ խնդիրները եւ ունակ է մեր երկիրը աւելի ուժեղ դարձնելու: Ինչպէս կը տեսնէք, քարիւղի եւ կազի գիները կրնան անկում կրել: Մեր առաւելութիւնը Փութինն է, եւ մենք զինք պիտի պաշտպանենք», նշած է Տումայի նախագահը:
Վոլոտին ընդգծած է, որ միւս պետութիւնները չեն ուզեր Ռուսիան ուժեղ եւ հզօր տեսնել, ուստի` դէմ են Փութինի` 2024 թուականէն ետք պաշտօնավարման հաւանականութեան:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ խորհրդարանը` Տուման երրորդ ընթերցումով որդեգրած էր սահմանադրական փոփոխութիւններու մասին նախագահական օրէնքը: Երկրին գործող սահմանադրութիւնը չ՛արտօներ նախագահի պաշտօնավարման երկու անընդմէջ նստաշրջանէն աւելի նստաշրջան, սակայն համապատասխան սահմանադրական բարեփոխում կատարելէ ետք, գործող ղեկավարը պիտի կարենայ դարձեալ առաջադրուիլ նախագահի պաշտօնին:
Նշենք, որ այդ առաջարկին հեղինակն է երեսփոխան Վալենթինա Թերեշքովան, որուն դէմ ընկերային ցանցերուն մէջ քննադատութեան մեծ ալիք բարձրացած է:



