Չինաստանէն Իտալիա մեկնած է 9 հոգիէ բաղկացած բժիշկներու խումբ մը, որ պիտի օգնէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Չայնա Մոռնինկ Փոսթ»-ը:
Բժիշկները Իտալիա հասած են Շանկհայէն: Անոնք իրենց հետ տարած են անհրաժեշտ բժշկական եւ պաշտպանական նիւթեր, ընդհանուր առմամբ` 30 թոն:
Իտալիոյ մէջ Չինաստանի դեսպան Լի Ցզիւնխուան բացատրած է, որ Իտալիոյ մէջ համաճարակի դէմ պայքարի փորձառութեան պակաս գոյութիւն ունի:
Ըստ լրատուամիջոցներու, նախապէս Չինաստանէն բժիշկներ մեկնած են նաեւ Իրան եւ Իրաք:
«Սաութ Չայնա Մոռնինկ Փոսթ» նաեւ հաղորդեց, որ Չինաստանի մէջ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրով վարակման առաջին դէպքը արձանագրուած է 17 նոյեմբերին եւ ոչ թէ դեկտեմբերին, ինչպէս նախապէս կը հաղորդուէր:
Լրագրողներու ձեռքին տակ յայտնուած կառավարական փաստաթուղթերուն վրայ հիմնուելով` աղբիւրը կ՛ենթադրէ, որ հիւանդութեամբ վարակուած առաջին մարդը Հուպէյ նահանգի 55 տարեկան մէկ բնակիչն է, սակայն անոր «Քորոնա»-ով առաջին վարակուողի կարգավիճակը տակաւին չէ հաստատուած:
Չինաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 81003-ի, իսկ մահացածներունը` 3180-ի, Թայլանտի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 75-ի, արձանագրուած է առաջին զոհ մը: Իրանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 11364-ի, իսկ մահացածներունը` 514-ի:
Թուրքիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 2-ի, Թայլանտի մէջ` 75-ի, Հարաւային Քորէայի մէջ` 7575-ի, Սէուտական Արաբիոյ մէջ` 6-ի, Նորվեկիոյ մէջ` 800-ի, Իսրայէլի մէջ` 126-ի, Պաղեստինի մէջ` 35-ի, Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ` 20-ի, Մարոքի մէջ` 7-ի:
Հոնկ Քոնկի մէջ մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 4-ի, Ինտոնեզիոյ մէջ` 2-ի, իսկ Թայլանտի եւ Ղազախստանի մէջ արձանագրուեցան առաջին մահերը:
Երէկ Ղազախստանի, Եթովպիոյ, Քենիոյ, Կանայի եւ Կապոնի մէջ արձանագրուեցան վարակման առաջին պարագաները:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հրամայեց երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ փակել Ֆրանսայի մէջ դպրոցներն ու համալսարանները, իսկ Պուլկարիոյ եւ Նիւ Եորքի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուեցաւ:
Աւստրալիոյ ներքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ «Քորոնա»-ով վարակուած է, իսկ Նորվեկիոյ պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երկրին թագաւորն ու թագուհին Յորդանան այցելութենէ մը վերադառնալէ ետք, առնուած են առողջապահական մեկուսարանի մէջ, հակառակ «Քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալու ախտանիշեր չունենալնուն: